Արդէն իսկ համացանցի վրայ ընթերցողին տրամադրութեան տակ դրուած է «Դրօշակ» պարբերականի սեպտեմբերեան թիւը:
Սեպտեմբեր 2-ը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման օրն է: Արցախի անկախութեան պայքարով սկսաւ հայութեան նորօրեայ վերազարթօնքը: Համազգային նոր վերազարթօնքի եւ ազգային նոր համախմբման համար անհրաժեշտ է սկզբնաւորել նոր գաղափարական պայքար: Այս անգամ այդ հարցին նուիրուած է պաշտօնաթերթին առաջնորդողը:
Յիշարժան առիթով պաշտօնաթերթը հրապարակած է նաեւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Արարատ Յակոբեանի յօդուածը` նուիրուած 18-րդ դարու առաջին կէսին Արցախ-Սիւնիքի վարած ազգային ազատագրական պայքարին:
«Տարածաշրջանային» խորագիրին տակ կրօնական տեսանկիւնէ Ազրպէյճան-Իրան ներկայի յարաբերութիւնները կը ներկայացնէ իրանագէտ Լիանա Պետրոսեանը, իսկ իրանագէտ Ժաննա Վարդանեանը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի տարածքով ազրպէյճանական միջանցքի գաղափարին նկատմամբ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յստակօրէն արտայայտած տեսակէտին:
Այս թիւին մէջ «Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ նաեւ արեւելագէտ Արաքս Փաշայեանի հետաքրքրական յօդուածը` աշխարհաքաղաքական գործընթացներու խորապատկերին վրայ Պարսից ծոցի երկիրները, այստեղ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած հայկական համայնքները` կարեւորելով տարածաշրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնն ու առկայ ներուժը` Հայաստանի համար:
Աշխարհաքաղաքական խնդիրներու մէկ այլ «տաք» տարածաշրջանին կ՛անդրադառնայ Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը, որ այս անգամ կը վերլուծէ ամերիկեան դիրքորոշումները` Ուքրանիոյ եւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան վերաբերեալ:
«Հայ կեանք» ընդարձակ ծիրին մէջ «Դրօշակ» կ՛անդրադառնայ Անի Մելքոնեանի «Չարենցը, «Երկիր Նայիրի»-ն ու Դաշնակցութիւնը» ուսումնասիրութեան: Այս հետաքրքրքական թեմայի ներկայացումով պաշտօնաթերթի խմագրութիւնը անգամ մը եւս յարգանքի տուրք կը մատուցէ հայոց մեծ բանաստեղծի անմահ յիշատակին` ֆիզիքական բացակայութեան 85-րդ տարելիցի առթիւ: Մէկ այլ մեծ հայու` Գէորգ Չաւուշին նուիրուած է հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս Աւօ Գաթրճեանի յօդուածը: Հետաքրքրական այս ուսումնասիրութեան թեման կը յուշէ յօդուածին վերնագիրը` «Հայ ազատագրական շարժման մեծագոյն նուիրեալ Գէորգ Չաւուշին ձօնուած երգերը»:
Ազգային յիշողութեան, պատմական եւ բարոյական ժառանգութեան արհամարհման ու ոտնահարման, այլասերիչ օտարապաշտութեան մեր օրերուն «Դրօշակ» պարտականութիւն կը նկատէ անդրադառնալ հայրենի ժառանգութեան եւս մէկ կարեւոր արժէքի: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարիամ Յովսէփեանը «Մշակ» օրաթերթի 150-ամեակին առթիւ կը ներկայացնէ «Հայկական հարցը «Մշակ»-ի էջերում» յօդուածը:
Ճարտարապետ, գրող, հրապարակագիր, Քանատայի «Հորիզոն» թերթի եւ «Հորիզոն Գրական»-ի աւագ խմբագիր Վրէժ Արմէն «Ընկերական զրոյցներ»-ու շարքով այս անգամ կը քննէ հայ մամուլին առջեւ ծառացած հիմնահարցերը: Գիրի ու գրականութեան երկարամեայ մշակը այլեւայլ խնդիրներու կողքին, մտահոգութիւն կը յայտնէ յատկապէս սփիւռքի մէջ հայախօս մամուլի «պահանջարկ»-ի նուազման հարցով, ինչ որ ուղղակիօրէն կը նշանակէ արեւմտահայերէնի նահանջ ու հայախօս աշխարհի փոքրացում: Յօդուածի եզրայանգումն ալ հետեւեալն է. «Անդրադառնա՛նք, որ մեր մամուլը իր դերը խաղալու համար կարիքը ունի մեր անսակարկ հոգածութեան ու խոր գուրգուրանքին»:
«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ կան նաեւ այլ հետաքրքրական յօդուածներ:


