«Երգն իմ թեւերն է» երգը յօրինուած է պոլսահայ երգչուհի Սիպիլին համար, ան այս ստեղծագործութեան ընդմէջէն իր ժողովուրդին անցեալը, ներկան ու ապագան հայերէն երգի միջոցով աշխարհին կը ծանօթացնէ:
Վերջին տարիներուն երգչուհին յայտնի է իր թեմաթիկ երգերով, որոնք կը պատմեն մեր ազգի ցաւերն ու աղէտները: Այս անգամ երգը կը յիշեցնէ հայուն, թէ որքա՛ն կանուխ սկսած է իր երգը թեւածել աշխարհի վրայ, եւ թէ որքա՛ն հեռու կը տանին ուղիները, ուրկէ պիտի անցնի հայը:
Երգի հեղինակ` Յասմիկ Հախվերդեան
Գործիքաւորող` Վահան Նահապետեան
Հնչիւնային ղեկավար` Հմայեակ Ռոստոմեան
Տեսահոլովակի ղեկավար` Ռազմիկ Գրիգորեան
Օփէրաթէօր` Մխիթար Սերովբեան, ՀՕԳ
Բեմայարդարում` Էլիզա Պետրոսեան
Զգեստներու ձեւաւորող` Լիլիթ Մելիքեան
Համացանցի մէջ տեսահոլովակը ունի բովանդակային սեղմագիրներ`անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով: Աւելցնենք, որ երգը թրքալեզու հանրութեան հասանելի դարձնելու միտքը եւս Սիպիլինն է…
Երգը լսելու եւ տեսահոլովակը դիտելու համար կրնաք այցելել https://www.youtube.com/watch?v=n9r98JjYl2k կայքը: