Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Ընդդէմ Փաշինեանի. Լեզուակռիւ ԱՊՀ Վեհաժողովին Մէջ

October 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Անցեալ շաբաթ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ), որուն կազմին մէջ են նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, ինը ղեկավարները հանդիպում ունեցան Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզստանի, Մոլտովայի, Ռուսիոյ, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի ղեկավարները:

Այս հանդիպման ընթացքին իրենց երկիրներուն միջեւ առկայ հակամարտութեան մասին խօսելով` իրարու բախեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները միւս մասնակիցներու, յատկապէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեան:

Ալիեւի յայտարարութիւնները լեցուն էին կեղծիքներով: Ան սուտ էր, երբ ըսաւ, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստան տեղադրած է «Հայաստան արտադրուած 1400 հակահետեւակային ական… Լաչինի շրջանի սահմանին մօտակայքը, 2021-ին: Ազրպէյճանական մէկ դիրքէն միւսը տանող ճամբաները նոյնպէս ականապատուած են»: Ան պնդեց, որ «բախումները եւ անոնց գործուն փուլը տեւած են առաւելագոյնը ութ ժամ», թէեւ Ազրպէյճան մինչ օրս կը շարունակէ խախտել հրադադարի կանոնը: Ան ստեց` ըսելով, որ` «Ազրպէյճան մտադրութիւն չէ ունեցած  բռնագրաւելու Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ոմանք կրնան ենթադրել»: Ան անտեսեց այն փաստը, որ ազրպէյճանական բանակը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի սահմաններէն  ներս, իր նախորդ` 12 մայիս 2021-ի ներխուժումէն ի վեր:

Ալիեւ փորձեց հաճոյանալ Փութինին` պնդելով, որ` «Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ, կ՛ուզեմ շեշտել, որ հրադադարի առաջարկով հանդէս եկած է ռուսական կողմը: Ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է: Ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ բախումները, ինչպէս ըսի, դադրեցան»: Ալիեւ այսպիսով հակասեց այն լուրերուն, թէ Միացեալ Նահանգներն են, որ միջնորդած են հրադադարի հաստատման: Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճան «վճռականօրէն մերժած է» Եւրոպական Միութեան առաջարկը`  սահմանի ազրպէյճանական կողմը քաղաքացիական առաքելութիւն տեղադրելու: «Այդ պատճառով առաքելութիւնը կը տեղադրուի Հայաստանի տարածքին մէջ», ըսաւ ան:

Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ համակրական արտայայտութիւններ ունեցած է Հայաստանի հասցէին: Ալիեւ դժգոհեցաւ, որ Մաքրոն «վիրաւորական, անընդունելի, կեղծ եւ սադրիչ յայտարարութիւններ ըրած է… Ան մեղադրած է Ազրպէյճանը սարսափելի պատերազմ մղելու մէջ…»: Ալիեւ անգամ մը եւս փորձեց գոհացնել Փութինը` ըսելով, որ Մաքրոն «կողմնակալ յայտարարութիւններ ըրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ, թէ` «Ռուսիա խաղացած է ազրպէյճանական խաղը»: Ասոր իբրեւ հետեւանք` Ալիեւ ըսաւ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ կը մերժէ Ֆրանսայի միջնորդական հետագայ որեւէ դերակատարութիւն: Ան նաեւ դժգոհեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի «հակաազրպէյճանական յայտարարութիւններէն», Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Ղարաբաղը ճանչցող եւ «նոյեմբերի կէսերուն Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ պատրաստուող» երկրորդ բանաձեւէն: Ան այս զարգացումներուն մեղքը բարդեց «Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի» վրայ` իր ունեցած ազդեցութեան պատճառով:

Ալիեւ Հայաստանը մեղադրեց` Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուներու դէմ «սադրանքներ» կազմակերպելու մէջ: Ան կեղծելով պնդեց` «Մենք կասկած չունինք, որ ահաբեկչութիւնն ու աւերածութիւնը կազմակերպուած են Հայաստանի կողմէ: Ինչո՞ւ այս կ՛ըսեմ: Որովհետեւ 1990-ականներուն հայկական յատուկ ծառայութիւնները (Ազրպէյճանի մէջ) իրականացուցած են 32 ահաբեկչական գործողութիւն` պայթիւններ մեթրոյի, փոխադրակառքերու, լաստանաւերու եւ շոգեկառքերու մէջ: Այդ զարհուրելի ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած է աւելի քան 2000 ազրպէյճանցի»:

Այնուհետեւ Ալիեւ փորձեց ղարաբաղեան հակամարտութիւնը վերածել կրօնական պատերազմի` հայերը  մեղադրելով «ազրպէյճանական ժողովուրդի եւ ամբողջ իսլամական աշխարհի նկատմամբ ատելութեան ծայրայեղ աստիճան»-ի մէջ` մոռնալով, որ Հայաստան ու հայեր ամենաջերմ յարաբերութիւններ ունին իսլամական բազմաթիւ երկիրներու հետ:

Ալիեւ հերթական անգամ ստեց` պնդելով, որ Ազրպէյճան կատարած է «պատերազմէն ետք նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագրին բոլոր դրոյթները»: Սակայն պատերազմէն երկու տարի անց տասնեակ հայ ռազմագերիներ կը շարունակեն մնալ Պաքուի բանտերը: Ան նաեւ ստեց այն մասին, որ Հայաստան չ՛ապահովեր «Ազրպէյճանի անարգել մուտքը դէպի Նախիջեւան»: Բայց  Հայաստան բազմիցս յայտարարած է նման ճամբայ մը տրամադրելու պատրաստակամութեան մասին, մինչդեռ Ազրպէյճանն է, որ չէ արձագանգած:

Ալիեւ եզրափակեց իր ելոյթը` յայտարարելով, որ իր «համբերութիւնը անսահմանափակ չէ» եւ սպառնաց, որ եթէ չստանայ այն, ինչ որ կը պահանջէ Հայաստանէն, «մեզի այլ տարբերակ չի մնար, քան` գործել համապատասխանաբար»:

Յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Փաշինեան` հակադարձելով Ալիեւի սուտերուն: Ազրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումը կոչելով «չհրահրուած ռազմական  յարձակում  Հայաստանի դէմ»` Փաշինեան դատապարտեց ազրպէյճանցի զինուորականները ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ` Ժընեւի համաձայնութեան խախտումով հայ ռազմագերիները մահապատիժի ենթարկելով:

Փաշինեան նաեւ մեղադրեց Ազրպէյճանը «Հայաստանէն յաւելեալ տարածքներ գրաւելու» մտադրութեան համար: Ան մեղադրեց «տարածաշրջանային ապահովութեան կազմակերպութիւններու (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անբաւարար արձագանգը… որ շատ սուր հարցեր յառաջացուցած է հայ հանրութեան շրջանակէն ներս»: Ան հարցուց` արդեօք ՀԱՊԿ կը ճանչնա՞յ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն սահմանները:

Փաշինեան ըսաւ, որ Ազրպէյճան միայն հիմա կ՛ուզէ գիտնալ 1990-ականներու ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին անհետ կորսուած ազրպէյճանցի զինուորներու ճակատագրին մասին` բացայայտելով, որ այդ պատերազմէն ետք կորսուած կը նկատուին 777, իսկ 2020-ի պատերազմէն ետք 217 հայեր:

Փաշինեան քննադատեց Ազրպէյճանը` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ համաձայնեցուած ճամբան կեղծելով «միջանցք» որակելու համար: Ան ըսաւ, որ թէեւ 2020-ի յայտարարութեան մէջ «յստակ կը յիշուի» Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Ազրպէյճան կը պնդէ, որ անիկա «գոյութիւն չունի»:

Փաշինեան պատասխանեց նաեւ Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, որ Հայաստան ականապատած է ազրպէյճանական տարածքները, 2020-ի պատերազմէն ետք: Փաշինեան յայտարարեց, որ` «Նման ականապատում տեղի ունեցած է ամբողջութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին: Եւ մեր իրաւունքն է ձեռնարկել ապահովական որոշ քայլերու` պաշտպանելու համար մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Փաշինեան նաեւ հակադարձեց Ալիեւի այն կեղծ պնդումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը կրէ կրօնական բնոյթ: Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները մահմետական բազմաթիւ երկիրներու հետ:

Փաշինեան հերքեց, որ Հայաստան յարձակում կազմակերպած է Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն վրայ, օտար երկիրներու մէջ: Ո՞ւր են ապացոյցները, հարցուց ան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Փաշինեան անգամ մը եւս խօսեցաւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան իր անհիմն ակնկալիքներուն մասին` հաշուի առնելով Հայաստանի նկատմամբ անոնց շարունակական թշնամութիւնը: Կարելի չէ խաղաղութիւն ձեռք բերել մէկ կողմէ, մինչ միւս կողմը կը փորձէ սպաննել քեզ:

Թշնամին, որ անընդհատ կը յարձակի վրադ եւ ատրճանակը կ՛ուղղէ գլխուդ, չի կրնար խաղաղութեան յուսալի գործընկեր նկատուիլ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Ի Յուշ. Արեւմտահայ Ժողովրդական Երաժշտական Մշակոյթի Բանահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեան (1934-2022)

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.