Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմարներ. Յարուցեալ Արշակ Թագաւոր

Հոկտեմբեր 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուքրանիոյ քաղաքներուն վրայ տեղացող հրթիռներէն աւելի հնչեղ «ռումբ» մը պայթեցաւ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ. 45 օր առաջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Լիզ Թրաս հրաժարական տուաւ` յայտարարելով, որ անկարող է իրականացնելու այն խոստումները, որոնց հիմամբ յաջորդած է Պորիս Ճոնսընի:

Լոնտոնէն հնչած քաղաքական ռումբը բնականաբար իր վրայ կեդրոնացուց թէ՛ Բրիտանիոյ եւ թէ՛ աշխարհի մեծերուն ու փոքրերուն ուշադրութիւնը: Բրիտանիոյ քաղաքական ելեւէջներուն հետեողներ ըսին, որ պատահած է անխուսափելին, եւ բացին յաջորդի մը «ընտրութեան» սակարանը: Յաւակնորդներուն շարքին է նոյնինքն… Ճոնսըն (ինչպէս որ Թրամփը` Միացեալ Նահանգներու մէջ…):

Մեկնաբանութիւններու հեղեղն ալ վարարած գետի նման է: «Պրեքզիթ», տնտեսական-հարկային ձախորդ քաղաքականութիւն, Պահպանողական կուսակցութեան մէջ ներքին հակամարտութիւններ, այսինքն` աթոռակռիւ, Ուքրանիոյ տագնապէն տարածուող «թափօններու» կուտակում եւ… շարքը երկար է:

Պէտք չունինք մտնելու եղածին մանրամասնութիւններուն մէջ, ո՛չ ալ իտէալականացնելու պատահածը: Մէկ բան յստակ է ըստ ամենայնի: Թրասի հրաժարումը պահպանողականներուն որոշումով տեղի ունեցաւ (միայն յիշատակենք, որ վերջին շաբաթներուն, այժմ հրաժարեալ վարչապետը ի միջի այլոց կացինահարեց երէկի իր գործակիցներէն քանի մը պարագլուխներ, ասֆալթին փռեց շահատուրքերու փոփոխութեան իր ծրագիրը արգելակել-բարելաւել ուզողները եւ այլն): Բացայայտ է, որ մարդիկ տեղ մը տեսան, որ իրենց ընտրեալը սխալներու շարանով մը կը կիրարկէ վնասարար ընթացք, հետեւաբար, ընդդիմադիրներէն առաջ, իրե՛նք քայլ առին եւ մերժեցին անոր պաշտօնավարութեան շարունակումը:

Ստեղծուած տագնապներուն միակ պատասխանատուն Թրասը չէր, բնականաբար: Նախկիններն ալ` Ճոնսըն, Մէյ եւ ուրիշներ մեծ բաժին ունէին, սակայն եզրակացութիւնը այն է, որ անկախ բոլոր մեկնաբանութիւններէն եւ հակամարտութիւններու փոթորիկէն` վարչապետը նկատուեցաւ գլխաւոր պատասխանատուն, եւ ան գոնէ քաջութիւնը ունեցաւ յայտարարելու իր անկարողութիւնը, 10 Տաունինկ Սթրիթի (վարչապետարան) դուռը բացաւ եւ դուրս եկաւ: Ան ո՛չ իր երկիրը անդառնալի կործանումի տարած էր, ո՛չ հողատարածքներ կորսնցուցած էր, ո՛չ ալ յամառօրէն կառչած մնաց իր վնասարար երթին` սպասելով, որ ծափահարող «ուսապարկեր» գտնուին: «Խոստացայ, անկարող եմ խոստումս յարգելու, մնա՛ք բարով, թող գործէ հասկցողը գայ եւ շարունակէ երթը»:

Երկրորդական է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Այսինքն պահպանողականները պիտի յաջողի՞ն նոր ղեկավարի մը շուրջ համաձայնիլ, թէ՞ երկիրը պիտի իյնայ նոր խորհրդարանի մը ընտրութեան ոլորապտոյտին մէջ շատ աւելի լայն բանալով «Փանտորայի տուփ»-ին կափարիչը: Վաղը սեւ ու սպիտակ ծուխեր կրնան իրարու յաջորդել եւ նոր հաւասարակշռութիւն բերել` ԵՐԿՐԻՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ խորագիրին տակ: Այլ երկիրներ բացայայտ դարձուցած են, որ (եւ ատիկա բնական ընթացք է) Բրիտանիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կախեալ չեն վարչապետի անձէն, ո՛չ իսկ երկրին ղեկը ստանձնող կուսակցութեան գոյնէն: Յարաբերութիւնները ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ կը շարունակուին անփոփոխ ընթացքով, մի՛շտ եւ միշտ հասարակաց շահերու հաշուարկով ու անոնց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութեամբ (իսկ երբ տեղ մը շահերը խաչաձեւուին, կ՛ունենանք, օրինակի համար, Ուքրանիա…):

***

Լոնտոնն ու Ուքրանիան ձգենք արեւմտեան կողմն աշխարհի եւ պահ մը դիտենք մեր «փոքր ածու»-ի նորագոյն իրադարձութիւնները:

Նորագոյն, եւ` համեմատաբար դրական, զարգացումը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի Հայաստան այցելութիւնն էր, որ յանգեցաւ Կապանի մէջ (կանխորոշուած) իրանեան հիւպատոսարանի բացման: Նկատի ունենալով Հայաստանի հարաւային գօտիին եւ անոր սահմանամերձ շրջանին մէջ վերջին շաբաթներու ուշագրաւ զարգացումները, ապա նաեւ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ Իրանի կեցուածքին մէջ արձանագրուած նորութիւնները (որոնք յամենայն դէպս նորութիւն չեն, սակայն հակադրութիւնները աւելի յստակ բառերով եւ գործքով արտայայտուեցան), Ապտոլլահեանի այցելութիւնը հարցում ստեղծեց, թէ արդեօք Հայաստանի վարիչները ի վերջոյ սկսա՞ծ են մօտենալ իրականութիւնները պարզ աչքով տեսնելու վիճակին: Պոլթընի այցելութենէն ետք, ու ամերիկեան իրերայաջորդ պատուիրակութեանց այցելութիւններու առիթով, ապա նաեւ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի հետ արեւմտեան հովանոցի տակ երեւանցիներուն աշխուժացուցած բանակցութիւններուն լոյսին տակ (այլ մանրամասնութիւններ զեղչենք պահ մը) Իրան բացայայտ մտահոգութեամբ հետեւած էր երեւանցիներուն շարժումներուն: Նորագոյն մտահոգութիւնը արձանագրուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ եւրոպացի դէտեր Հայաստան հասան: Երեւանի մէջ Ապտոլլահեանի յայտարարութիւնները ցոլացումն էին այդ մտահոգութիւններուն, մանաւանդ` զինք Հայաստանէն խզելու արեւմտեան (ներառեալ Իսրայէլի) ճիգերուն ստեղծած մտավախութեանց:

Բնական է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ ինքզինք հարկադրուած զգայ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ Իրանի (կամ որեւէ այլ երկրի) քմահաճոյքներուն, սակայն կայ այլ իրականութիւն մը. պէտք է որդեգրել յարաբերութիւններու հաւասարակշռեալ ուղի մը, որմէ առաւելագոյնս (եւ ըստ կարելւոյն) օգտուի Հայաստանը, սկսելու համար` ետդարձ կատարել կորստաբեր հեռացումներէ: Մինչդեռ վերջին ամիսներուն (եթէ ո՛չ` աւելի երկար ժամանակէ ի վեր) Հայաստան բացայատօրէն իր նաւուն առագաստները աւելի լայն բացած է Արեւմուտքէն փչող հովերու դիմաց: Պրիւքսելեան բանակցութիւններ, եւրոպացի դէտերու հիւրընկալում` առանց ապահով ըլլալու, որ այդ խմբակը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ապահովութիւն պիտի բերէ մեր հայրենիքին: (Պորել մը յստակ պատգամ տուաւ. կը բաւականանանք Ազրպէյճանի չարագործութիւնները դատապարտելով, սակայն գործակցութիւնը պիտի չխզենք ձեր սեւ աչքերուն սիրոյն): Անդին, փորձեր ընել` ՀԱՊԿ-ին հետ թուլացած կապերը որոշ չափով վերաշխուժացնելու եւ յայտարարել, որ արեւելեան զինակցութենէն ալ կարելի է դէտեր հիւրընկալել սահմանին վրայ (անոնց խաթրին ալ չդպնանք)… Այս բոլորը եթէ պահ մը կարելի է իբրեւ «վարպետի հարուած» դիտել, միւս կողմէ` կարելի չէ լիովին փարատած տեսնել Հայաստանի շուրջբոլորը «ծաղկող» միջազգային փոթորիկը, որ ահա պատճառ է գլխապտոյտին (եթէ ոչ հետեւանք` գլխապտոյտի մատնուածներու վարմունքին): Այո՛, Իրան չի յայտարարեր, որ յաւակնութիւններ ունի Հայաստանի հողերուն նկատմամբ, բայց վստահաբար տեղ մը արթուն կը մնայ այն յուշը, որ 1828-էն առաջ Երեւանն ու այլ շրջաններ խանութիւններ էին, այսինքն` իրանեան ազդեցութեան գօտի պէտք է մնան… բարեկամաբար, չվերածուին Իրանի դէմ իսրայէլեան, թրքական եւ արեւմտեան կապանքներու յենարանի:

***

Գլխապտոյտի վիճակին մէկ այլ դրսեւորումն ալ Հայաստանի վարիչներուն հակասական կեցուածքներն ու յայտարարութիւններն են: Մէկ կողմէ Ազրպէյճանը արդարօրէ՛ն եւ իրաւացիօրէ՛ն կը դատապարտեն իբրեւ նախայարձակ, խաղաղութեան ճիգերը խափանող, իբրեւ անընդունելի` առաւելագոյնը պահանջող կողմ, իսկ միւս կողմէ` յամառօրէն կը պնդեն, որ վաղը-միւս օր բանակցութիւնները պիտի շարունակեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ:

Պարզ խօսքով, ստեղծուած է պատկեր մը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ կը յիշեցնէ… Արշակ թագաւորը: (Վստահ ենք, որ ո՛չ ոք մոռցած է Շապուհի արքունիքին մէջ, հայկական եւ պարսկական հողի վրայ կոխելու պահուն Արշակ թագաւորի կեցուածքի փոփոխութեան դրուագը): Հիմա, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ Արշակ թագաւորներ ունինք Երեւանի իշխանական խմբակին մէջ… Եւ նոյն Արշակ թագաւորները վերջերս կը կարծեն նոր գիւտ մը ըրած ըլլալ. հակադրութիւններ տեսնել (եւ քաջալերել) Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, մոռնալով, որ Ազրպէյճանը ո՛չ միայն լիարժէքօրէն կլանուած է Թուրքիոյ կողմէ, այլ անոր հետ գործակցութեան նորանոր քայլեր կ՛առնէ ամէն օր. Ապտոլլահեանի Երեւան այցելութեան զուգահեռ, Էրտողան եւ Ալիեւ Արցախէն խլուած հողի վրայ նոր օդակայան մը կը բանային…

***

Ճիշդ է` շատեր մտահոգ են, որ Հայաստանը հետզհետէ աւելի՛ խորը կը մխրճուի միջազգային մրցակցութիւններու տիղմին մէջ, ամէն օր կը շեշտուի, որ Հայաստան պէտք է իր եղունգները սրէ եւ նախ իր գլուխը քերէ իր ձեռքով (յիշենք Խրիմեան Հայրիկը), յետոյ նաեւ այդ գործիքը ի սպաս դնէ իր շուրջ սաստկացող փոթորիկին հոսանքները քիչ թէ շատ մեր շահերուն պաշտպանութեան լծելու (եւ սա քաղաքական ու դիւանագիտական հասունութիւն կ՛ենթադրէ), սորվի կարդալ տեսանելի եւ անտեսանելի պատգամները:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր կը կրկնեն, որ Հայաստանէն առնելիքներ ունին, տալիք չունին, Հայաստանը կ՛ամբաստանեն իբրեւ յարձակապաշտ, համաձայնութիւններէն ետդարձ ընող, մինչդեռ կրակողն ու ռմբակոծղողը միշտ ալ Ազրպէյճանն է (տեսնենք` վաղը դէտերը որքա՞ն արդար պիտի ըլլան), իսկ Երեւան ընդհանրապէս կրաւորականութեամբ կ՛արձագանգէ, չի մտածեր իսկ իսկական վարպետի խաղ մը խաղալ եւ յայտարարել, որ կրնայ բանակցութիւնները դադրեցնել, եթէ թշնամանքն ու (այլապէս անարդար) համաձայնութեան կէտերուն անտեսումը շարունակուին:

Փոխարէնը` կը թմբկահարուի ընթացք, որ իրողապէս կը նուիրականացնէ Ազրպէյճանի բոլոր անիրաւութիւնները, սահմանազատման սեղանի պատրաստութիւնը կը շարունակուի այն տրամաբանութեամբ, որ Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ վերջնականապէս ու պաշտօնապէս պիտի ընդունուին իբրեւ Ազրպէյճանի (ըսել է նաեւ` Թուրքիոյ) հող, եւ փորձ կը կատարուի այս բոլորը ծախելու իբրեւ Հայաստանը փրկելու քայլ, Հայաստան մը, որ (կ՛ըսեն: «Երանի թէ ունենայ») 29 800 քառ. քմ տարածք, պարզ խօսքով, նուիրականացնել ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները, այլ նաեւ` Հայաստանին պարտադրուող (այս փուլին) սահմանները: Եւ տակաւին, կը խոստովանին, որ Ազրպէյճանի ախորժակները կրնան հոն կանգ չառնել, որովհետեւ կայ… համաթուրանական ծրագիրը: Կրկնելով կը կրկնեն, որ Հայաստան այլեւս ընելիք չունի Արցախի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար, ատիկա ռուսերուն գործն է (ինչպէս որ Հայ դատի հետապնդումը սփիւռքի պարտականութիւնն է, հոն ալ ձեռքերը լուալու խաղ եղաւ…):

***

Հայաստան-Արցախն ու սփիւռքը կը տուայտին Արշակ թագաւորներու վարմունքին ստեղծած թմբիրին մէջ: Կան «իմաստուններ», որոնք (ընդդիմադիրները ձաղկելու կոյր մոլուցքով) քմծիծաղով հարց կու տան, թէ` «Լաոն ե՞րբ պիտի արթննայ», մոռնալով, որ լաոն նստած է իւրաքանչիւր հայու էութեան մէջ, եւ թէ` ԲՈԼՈՐ ԼԱՈՆԵՐՆ են, որ պիտի գտնեն հանելուկին պատասխանը` առաջին հերթին փակելով նորօրեայ Արշակ թագաւորներուն «դարաշրջանը»:

20 հոկտեմբեր 2022

Նախորդը

Պայքար Այբուբենական

Յաջորդը

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու Եւ Դպրեվանքերու Միութեան Առցանց Ժողովին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?