Եկո՛ւր, Գաւաթ Մը Սուրճ Խմենք…
ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Այս առաւօտ, սուրճի տաքուկ գաւաթը ձեռքիս, պատուհանին մօտ նստած էի: Գոլորշին դանդաղ կը բարձրանար, իսկ անոր բոյրը կարծես զիս տարիներ ետ կը տանէր` դէպի հանդիպումներ, զրոյցներ, յիշատակներ ու դէպքեր, զորս ժամանակը չէր կրցած մաշեցնել: Այդ պահուն մտածեցի, թէ որքա՛ն մեծ խորհուրդ կրնայ ունենալ այս փոքրիկ գաւաթը: Ան պարզ ըմպելիք մը չէ. ան կեանքի լուռ ուղեկիցն է, որ...




















