Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արամ Ա. Վեհափառի Տեսլականն Ու Վկայութիւնը (Գահակալութեան 31-Ամեակին Առիթով)

July 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Այս տարի կը լրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը: Երեսունմէկ տարիներ շարունակ ան իր անձին, խօսքին, տեսլականին եւ հաւատքին ուժով եղած է ոչ միայն մեր Եկեղեցւոյ հովիւը, այլ նաեւ` գաղափարի, արժէքի, ազգային պատասխանատուութեան եւ դիմադրող ոգիի դրօշակիրը:

Թէեւ այս յօդուածը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով հրատարակուած է 2017-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ բացման արարողութեան եւ վեհափառին հովուապետական այցելութեան առիթով, սակայն անոր մէջ ամփոփուած դիտարկումները եւ զգացումները այսօր եւս կը պահեն իրենց թարմութիւնը, արդիականութիւնն ու խորքէն եկող ճշմարտութիւնը: Այստեղ գրուած տողերը կը շարունակեն արտայայտել նոյն հիացմունքն ու յարգանքը, որոնցմով կը դիտուի Արամ Ա. կաթողիկոսը` իբրեւ հաւատքի, իմաստութեան, նորարար մտածողութեան եւ բարենորոգման կենդանի խորհրդանիշ:

Անցնող տարիներուն եւս վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր ծառայութիւնը նոյն եռանդով ու տեսլականով` նոր նախաձեռնութիւններով հարստացնելով եկեղեցական ու ազգային կեանքը, բարձրաձայեց հայ ժողովուրդի իրաւունքները, պաշտպանեց միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքը: Ան հետապնդեց արդարութիւնը, նպաստեց երկխօսութեան, մշակոյթին եւ նոր սերունդներուն փոխանցեց հաւատքի ու ծառայութեան արժէքներ:

Այս յօդուածը, որ գրուած էր ինը տարի առաջ, այսօր կը վերահրատարակուի Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 31-ամեակին առիթով` որպէս երախտագիտութեան, գնահատանքի եւ յարգանքի համեստ արտայայտութիւն մը` նուիրուած այն հոգեւոր առաջնորդին, որ շարունակաբար կը ներշնչէ իր ժողովուրդը հաւատքով, յոյսով եւ պատասխանատու ծառայութեամբ:

Երբ 2017-ին գրեցի այս տողերը, նպատակս էր արաբ ընթերցողին ներկայացնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի մտածողութեան, տեսլականին եւ վերանորոգչական ոգիին որոշ երեսակները: Այսօր` ինը տարիներ անց, եւ կաթողիկոսին գահակալութեան 31-ամեակին առիթով, պարտք կը զգամ քանի մը նոր դիտարկումներ աւելցնել:

Անցնող տարիները հայ ժողովուրդին համար եղան փորձութիւններով, անորոշութիւններով եւ ճակատագրական զարգացումներով լի ժամանակաշրջան: Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց դիմաց Արամ Ա. կաթողիկոս շարունակեց իր հաւասարակշռուած, սկզբունքային եւ հեռատես առաջնորդութիւնը: Ան ոչ միայն հետեւեցաւ իր ժողովուրդի ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, այլ նաեւ բազմիցս բարձրաձայնեց արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միաժամանակ ան շարունակեց իր ծառայութիւնը համաքրիստոնէական եւ միջկրօնական ոլորտներուն մէջ` կամուրջներ կառուցելով եկեղեցիներու, կրօնական համայնքներու եւ մշակոյթներու միջեւ:

Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ ան մնաց Հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի եւ ընդհանրապէս մարդկային արժէքներու վստահելի ներկայացուցիչը:

Այս տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս շարունակեց իր վերանորոգման ընթացքը` կրթական, մշակութային, երիտասարդական, ընկերային եւ հոգեւոր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով: Այս բոլորը կը վկայեն, որ «վերանորոգում»-ը վեհափառ հայրապետին համար բնաբան կամ կարգախօս մը չէ միայն, այլ` կեանքի եւ ծառայութեան մնայուն ընթացք:

Այս իսկ պատճառով տարիներ առաջ գրուած սոյն տողերուն վերահրատարակութիւնը կը նկատուի ոչ թէ անցեալի սովորական յիշատակ մը, այլ` ներկայ հիացիկ իրականութեան հաստատումը: Այն ակնածանքը, յարգանքն ու բարձր գնահատանքը, զորս արտայայտած էի այդ օրերուն, այսօր եւս կը մնան նոյնքան անկեղծ ու հիմնաւոր: Անոնց կենդանի վկայութիւնն ու խորախորհուրդ արձագանգը հանդիսացաւ 26 յունիս 2026-ին  Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցած հանդիսաւոր աղօթքը: Արդարեւ, սրբազան այս տաճարին մէջ մեծ շուքով կարդացուեցաւ վեհափառ հօր նուիրուած հայրապետական մաղթանքը: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան համար հոգեկան անսահման բերկրանք եւ բարեփաստիկ առիթ էր մասնակից դառնալ այս հոգեպարար արարողութեան, որուն միակ նպատակն էր ջերմեռանդ աղօթք եւ հայց վերառաքել առ Բարձրեալն Աստուած` վեհափառ հօր բարօրութեան, արեւշատութեան եւ անսասան առողջութեան համար:

Այս սրբազան տօնախմբութեան առիթով, արդար երախտագիտութեան եւ բարձր գովասանքի յատուկ խօսքի արժանի են Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արժանապատիւ հոգեւորական դասն ու շնորհալի դպրաց դասը: Անոնք իրենց աղօթաշատ, ներդաշնակ ու հոգեպարար, շարականներու հարազատ երգեցողութեամբ եւ անթերի կազմակերպուածութեամբ, վեհաշուք ու աստուածահաճոյ մթնոլորտ մը պարգեւեցին սոյն արարողութեան` իւրաքանչիւր հայորդիի հոգին լեցնելով սրբազան երկիւղածութեամբ եւ հոգեւոր զարթօնքով:

Կը շնորհաւորենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակը` մաղթելով, որ Աստուած շարունակէ զօրացնել անոր առաքելութիւնը եւ առաջնորդէ զայն նորանոր յաջողութիւններու` ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան:

 Քուէյթ

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Լիբանանի Մէջ Հրադադարը Տակաւին Չի Նշանակեր Յարձակումներու Դադար»

Յաջորդը

«Տունս Քաղցր Ա» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը` Յիշողութիւն Արցախի Մասին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.