Անսահման սիրով, անգին նուիրումով եւ քաղցր յիշատակներով ամբողջ կեանք մը ձգեցիր ետիդ եւ մեկնեցար անվերադարձ:
Գացիր եւ ո՛վ գիտէ ինչպէ՛ս, ինչպիսի՜ ջերմ կարօտով միացար քու սիրեցեալ հօրդ, մօրդ, եղբայրներուդ եւ յաւիտեան ննջած միւս հարազատներուդ:
Կեանքով, ուժականութեամբ եւ նախաձեռնելու ոգիով ու կամքով օժտուած էիր: Տակաւին միասին իրագործելի շատ բաներ ունէինք, մտքիդ մէջ կային շատ ծրագիրներ, որոնց մասին միշտ կ՛արտայայտուէիր:
Անհունօրէն բարի հայրս, խոր սիրով կապուած էիր ընտանիքիդ: Շատ կը սիրէիր մանաւանդ ընտանեկան հաւաքոյթները: Քեզի համար պապենական աւանդ եւ սկզբունք էր յատկապէս ամէն կիրակի եւ տօնական օրերուն զաւակներով, թոռներով շրջապատուած սեղան նստիլ: Ատիկա քեզի համար սովորական կերուխում չէր, այլ հոգեկան վայելքի մթնոլորտ: Կը սիրէիր շէնութիւնը, ուրախութիւնը, ընտանեկան ջերմ եւ հարազատ միջավայրը:
Մեր մտքին եւ զգացումներուն մէջ ներկայ ես միշտ, շուքդ տունէն անպակաս է:
Բերնէդ ելած «Անուշս» խօսքը միշտ սրտիս եւ ականջներուս մէջ կ՛արձագանգէ եւ պիտի արձագանգէ յաւիտեան:
Նուիրեալ եւ անշահախնդիր հա՛յրս,
Դուն մեզ դաստիարակեցիր մարդկային, մարդկայնական եւ բարոյական վեհ սկզբունքներով եւ ազգային առողջ ոգիով: Կեանքովդ ու գործովդ օրինակ ծառայեցիր մեզի:
Հայրենասէր եւ բարեսէր հա՛յրս,
Ամբողջ կեանքիդ ընթացքին հետեւեցար հօրդ օրինակին եւ պատգամին` անշահախնդիր մօտեցումով ծառայել ազգին եւ հայրենիքին: Հայրդ տասնամեակներ շարունակ իբրեւ դաստիարակ ծառայեց եւ սերունդներ կրթեց: Դուն ծառայեցիր անընդհատ տալով, օգնութեան ձեռք երկարելով բոլորին: Մեզ եւս մղեցիր ծառայելու ազգին, միշտ քաջալերեցիր, որ չթերանանք հասարակական ծառայութեան մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ակումբի կողքին գտնուող տանդ դուռը եւ սեղանը գիշեր ցերեկ բաց էր պահակ տղոց առջեւ:
Քաջասիրտ հա՛յրս,
Կը հաւատայիր, որ քաջ մարդուն համար ընկրկում, պարտութիւն, յուսահատութիւն չկայ: Համոզուած էիր, որ վիշտ ու տառապանք աւելի կը զօրացնեն կամքը քաջ մարդուն: Անողոք հիւանդութիւնը քեզ անկողին ձգեց եւ անշարժութեան դատապարտեց: Բայց յուսահատութիւնը անյարիր էր քու բնաւորութեանդ: Ժպիտով, եռանդով, լաւատեսութեամբ դիմագրաւեցիր ամէն ցաւ ու մինչեւ վերջին շունչ հաւատացիր, որ ոտքի պիտի կանգնիս եւ սիրելիներով, հարազատներով շրջապատուած պիտի շարունակես կեանքդ:
Զգացականօրէն խոր սիրով կապուած էիր ծննդավայրիդ, ազգականներուդ եւ հայրենակիցներուդ: Քեսապը քեզի համար հայրենի սուրբ օրրան, ինքնութիւն եւ հոգեկան ապրում էր: Ամէն տարի անհամբեր կը սպասէիր ամրան գալուստին, Քեսապ երթալու եւ հաղորդուելու աննման բնութեամբ ու վերակենդանանալու նուիրական յիշատակներով:
Սիրեցեալ հա՛յրս,
Խոր յուզումով եւ արցունքոտ աչքերով քառասուն օրեր առաջ առյաւէտ ճամբեցինք քեզ, այլեւս զիրար չտեսնելու ահաւոր զգացումով:
Յիշատակդ անթառամ թող մնայ, ննջէ խաղաղութեամբ:
ՍԳԱԿԻՐ ԴՈՒՍՏՐԴ`
ՇՈՂԵՐ ՆՇԱՆ ԱՇԸԳԵԱՆ



