Հայութեան ապրած բախտորոշ ու խառնակ իրավիճակներուն մէջ եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ ընտրական օրակարգի առկայութեան, այլեւս ինքզինք մաշեցնող յանկերգի վերածուած է Դաշնակցութեան ու դաշնակցական շրջանակին ուղղուած հայրենասիրութեան կեղծ յորդորները:
Հայ քաղաքական միտքը մի՛շտ ալ անտեսած է այլեւս զաւեշտի կարգ անցած եւ իւրաքանչիւր անգամ հին ու նոր դերակատարներով առաջնորդուող նման անիմաստ ու աղմկարար շինծու պատգամախօսական եւ հռետորաբանական անբովանդակ երեւոյթներ: Հայրենասիրութեան այս յորդորներն ու Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած մեղադրանքները, սակայն, ունին պատմական անցեալ ու նշանակութիւն, եւ բոլոր ժամանակներու մունետիկները փորձած են ու կը փորձեն տակաւին յերիւրածոյ եւ անհիմն մեկնաբանութիւններով չափագրել դար մը եւ 36 տարի պատմութիւն կերտած կուսակցութեան հայրենասիրական երթն ու ամրագրած գաղափարախօսութիւնը:
Համայնավարութեան շրջանին ինքնակոչ հայրենասէրներու սնանկացած այդ վոհմակը եւ իրերայաջորդ հակադաշնակցական դերասանական խումբեր իրենց ներուժը կեդրոնացուցած էին Դաշնակցութիւնը հակադրելով հայրենասիրութեան վեհ եւ վսեմ գաղափարներուն ու իտէալներուն հետ: Անոնք չէին վարանած նոյնի՛սկ Դաշնակցութիւնը որակելու հակահայաստանեան, նաեւ` հայութեան ու Հայաստանի թիւ մէկ թշնամի: Աւելի՛ն. այս անհեթեթի թատրոնը աւելի հետաքրքրական ու գեղարուեստական դարձնելու նկատառումով անոնք յաճախ կազմակերպեցին Դաշնակցութեան պաշտօնական թաղումը, սակայն իրականութեան հայելին միշտ ալ ուրիշ բան շարունակեց արտացոլացնել, եւ փաստօրէն յուղարկաւորողները իրենք դատապարտուեցան մղուիլ պատմութեան լուսանցքէն անդին ու մոռացութեան տիղմին մէջ մխրճուիլ:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք շարունակուեցաւ այս վարքագիծը եւ օժտուեցաւ նոր դերակատարներով եւ, ի՜նչ հեգնանք, «Դէպի Երկիր» կարգախօսը բանիւ ու գործով որդեգրած կուսակցութիւնը դարձեալ անոնց կողմէ արժանացաւ հակահայրենասիրական դափնեպսակին ու փշածածկ թագին:
Շարքը կարելի է երկարել, սակայն մէկ բան ակներեւ է, որ ներկայ ժամանակներուն այս վարքագիծը ստացած է այլ ընդգրկուածութիւն` համալրուած ֆէյսպուքեան ինքնակոչ հակադաշնակցական ասպետներով, սնանկացած ու վարձկան մամուլի ձախողած ներկայացուցիչներով, եւ, անշո՛ւշտ, քաղաքական երդուեալ հակադաշնակցական գործիչներու նոր հոյլով եւ օժտուած` արդիական գործիքակազմերով: Աւելցած են նաեւ յորդորին փոխանցման ամպիոնները` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Բեմահարթակին վրայ նորելուկները զիրար կը հրմշտկեն եւ յորդորը տարբեր բառերով գունազարդուած ու կեղծիքներով շղարշուած` կը ներկայացնեն հանրութեան:
Այս անհեթեթի թատրոնի բեմադրիչները տակաւին չեն անդրադառնար սակայն, որ խաղարկութիւնը ուշագրաւ ու հետաքրքրական դարձնելու համար դերասաններու թիւի աճը կը մնայ անիմաստ, որովհետեւ նոյն կեղծ յորդորը այլեւս այնքան հնամաշ դարձած է, որ կատարելագործուած բեմականացումներն անգամ չեն յաջողիր հայ կեանքին մէջ հակադաշնակցական այս մոլուցքը ապրեցնելու տարածք ապահովել:
Զարմանալի է, որ մարդիկ տակաւին չանդրադարձան այս խաղի ինքնանպատակ ու անհեթեթ կացութեան: Անոնց ստեղծած կանոնները պարզապէս իրենց իսկ սնանկութիւնը եւ ապիկարութիւնը բացայայտեցին: Անոնք չգիտակցեցան տակաւին, որ Դաշնակցութիւնը իր կերտած պատմութեամբ, անցած ուղիով, մաքառումներով, հերոսական սխրանքներով, կազմակերպչական կուռ կառոյցով եւ հայ կեանքին վրայ դրած դրոշմով այդ բոլոր կեղծ յորդորները նկատած է խղճալի ու պարզապէս ժպիտ յառաջացնող:
Յայտնենք նաեւ, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր Դաշնակցութեան դաւանած գաղափարական հարստութիւնն ու նաեւ դաւանանքը կապկելով` այդ յորդորներուն բովանդակութեան տրուած է նաեւ այլ արտայայտչական իմաստ ու փորձուած` Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցականները զիրար հակադրող երազապաշտ, բայց շինծու էջեր լեցնել ու հանրային այլանդակ կարծիք ձեւաւորել: Փորձուած է ու կը փորձուի դարձեալ Դաշնակցութեան անցեալն ու ներկան հրմշտկելով` այստեղէն յայտարարութեան մը, իսկ այնտեղէն բանաձեւում մը խեղաթիւրուած ձեւով վերծանելով, խնդրոյ առարկայ դարձնել կուսակցութեան հայրենասիրութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան ամբողջ հանգանակը:
Այս բոլորին վրայ նաեւ աւելցած է շփոթ յառաջացնելու նոր ճիգ մը, երբ հանրային կարծիքին վրայ տրամաբանութեամբ աղքատ դերակատարներ կը փորձեն Հայաստանի եւ սփիւռքի դաշնակցական կառոյցներու ու նաեւ դաշնակցականներու միջեւ տարբերակումներ լուսարձակի տակ դնել ու 136 տարեկան կուսակցութեան համահայկական ու համազգային դիմագիծը աղճատել:
Փաստը եւ իրականութիւնը կը մնան անհերքելի, եւ դաշնակցականներուն ու Դաշնակցութենէն նոյնիսկ պարագաներու եւ պատճառներու բերումով հեռացած ու հեռացուած անհատներուն համար անգամ այս յորդորը աժան լուտանքի համազօր արտայայտութիւն կը շարունակէ մնալ: Կը շարունակէ հակադաշնակցական պայքարի միջոց ծառայել եւ Դաշնակցութեան ներքին կազմակերպական ամրութիւնը հարուածել փորձող անիմաստ, անարդիւնաւէտ ու ձախող ճիգ մը հանդիսանալ ու, վերջապէս, ազգային գաղափարական երթի դիմաց պարզապէս ապակեայ պատնէշ ու թումբ կանգնեցնել: Այդ ապակեայ ու շինծու անցարգելը փշրուած ու խորտակուած է Դաշնակցութեան կողմէ նուազագոյն եւ նոյնի՛սկ լոկ պատանեկան շարքերու ճիգով:
Դաշնակցականի երդումին յուշարարը իր կուսակցութեան անցած հարուստ ուղին է, անոր կերտած նուաճումները, անոր նահատակներու ու նուիրեալներու կանգնեցուցած անխորտակ փարոսը:
Հայրենասիրութեան յորդոր բաշխող դերակատարներու դիմակները միշտ ալ վար առնուած են ո՛չ թէ Դաշնակցութեան, այլ հայ ժողովուրդի կողմէ եւ այսօր ալ նոյն ճակատագրին ենթակայ կը մնան:
Մինչ այդ «Եթէ հարկ ըլլայ նոյնիսկ կեանքիս գնով…» գաղափարական համոզումը կը շարունակէ ոռոգել Դաշնակցութեան հայրենասիրութեան յորդարար ակօսները:
Ուշքի եկէք ու դադրեցուցէ՛ք…



