ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Չորս տարին անգամ մը, երբ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները սկիզբ կ՛առնեն, Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք Մոնտիալի «երկրաշարժ» մը. եւ ամէն անգամ ալ բնականաբար կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսքան ցնցում, խանդավառութիւն եւ նախանձախնդրութիւն տեսնել երկրի մը մէջ, որ մոնտիալի մասնակից չէ, բայց Մոնտիալը գերազանցօրէն կ՛ապրի, անով կը շնչէ եւ զայն իր կեանքին առանցքը եւ առաջնահերթութիւններուն գլուխին կը դասէ: Եւ այսպէս, սրճարանները կը լեցուին, ընտանիքներ կը համախմբուին պաստառներու շուրջ, առօրեան կը դասաւորուի խաղերուն ժամերուն հիմամբ. մարդիկ կը վիճաբանին, կը տօնեն, յուսախաբութիւն կ՛ապրին եւ կ՛ունենան զգացական այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք ակնկալելի եւ հասկնալի պիտի ըլլային հաւանաբար միայն ա՛յն պարագային, երբ իրենց ազգային խումբը խաղադաշտին վրայ գտնուէր:
Առաջին հայեացքով, այս երեւոյթը կրնայ բնական թուիլ: Ի վերջոյ, ֆութպոլը աշխարհի ամէնէն տարածուած մարզաձեւն է: Սակայն լիբանանեան պարագան ունի իր առանձնայատկութիւնը: Այստեղ հարցը միայն խաղին նկատմամբ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը չէ: Շատեր ոչ միայն կը հետեւին մրցումներուն, այլ նաեւ «կ՛որդեգրեն» խումբեր, կը պաշտպանեն զանոնք իբրեւ իրենց սեփականը, օտար երկիրներու դրօշակներով կը զարդարեն իրենց բնակարանները, ինքնաշարժներն ու պատշգամները, նոյնիսկ իրենց նիւթական նեղ միջոցները կը տրամադրեն մոնտիալի պատրաստութիւններուն, կը կորսնցնեն իրենց քունը, կը մտնեն բուռն քննարկումներու մէջ եւ նոյնիսկ վիրաւորանքներ կը տեղացնեն «թշնամի» խումբին ծանօթ թէ անծանօթ համակիրներուն վրայ. երբեմն ալ խաղին արդիւնքը կը վերածեն անձնական ուրախութեան կամ տխրութեան աղբիւրի, եւ այդ արդիւնքէն կախեալ կ՛ըլլայ շատ բան…
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս պատկերը: Չունիմ յաւակնութիւնը այս երեւոյթին ընկերաբանական, հոգեբանական, նոյնիսկ տնտեսական կամ քաղաքական ամբողջական վերլուծումը կատարելու. ի վերջոյ այդ մէկը կը պահանջէ ուսումնասիրական երկարատեւ ընթացք ու համապատասխան գիտական մեթոտներ եւ աղբիւրներ: Բայց եթէ պահ մը փորձենք մեր պարզ դիտարկումներուն մասին աւելի խորքը մտածել, թերեւս կարենանք տուեալ երեւոյթը ենթարկել քննական մօտեցումի, հիմնաւորուած ենթադրութիւններու վերլուծումի եւ մեր հաւաքական փորձառութիւնը կարելի եղածին չափով առարկայականօրէն քննելու փորձի մը:
Վերոնշեալ հարցումին պատասխանը հաւանաբար միայն ֆութպոլին եւ անոր վայելած ժողովրդականութեան մէջ չէ: Անիկա աւելի խոր կապ ունի ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ հաւաքական փորձառութեան հետ:
Սկսելու համար, պէտք է անդրադառնալ, որ Լիբանանը բազմաշերտ ինքնութիւններու երկիր է: Անհատը միաժամանակ կը պատկանի տարբեր շրջանակներու` տեղական, համայնքային, կրօնական, լեզուական, մշակութային եւ երբեմն նաեւ` սփիւռքեան: Այս բազմապատկանելիութիւնը լիբանանցիները, որոնց շարքին` նաեւ լիբանանահայերը, դարձուցած է տարբեր ինքնութիւններու հետ կապ հաստատելու ընդունակ տարր, բայց նաեւ` այս թոհուփոհին զոհ:
Աւելի խոր մակարդակի վրայ, Մոնտիալը կը բաւարարէ մարդուն պատկանելիութեան հիմնական պահանջը: Պահանջ մը, որ տարբեր փորձառութիւններու եւ տագնապներու պատճառով, օր մը օրանց կարելի չեղաւ լիովին գոհացնել լիբանանցիին, սփիւռքեան փորձառութեամբ ապրող եւ իր ինքնութեան ամբողջականութեան մէջ յարատեւօրէն խոցուող լիբանանահայուն համար: Աւելի՛ն. ժամանակակից աշխարհին հասարակութիւններուն նման, Լիբանանի մէջ շատեր կը զգան, որ իրենց կապերը` իրենց համայնքին, հաստատութիւններուն կամ հանրային կեանքին հետ ընդհանրապէս թուլցած են: Եթէ կեդրոնանանք լիբանանահայութեան վրայ, հաւանաբար կարենանք հակառակը եւս վկայել. այս առումով պէտք է խոստովանիլ, որ տակաւին մեծ է թիւը անոնց, որոնց կապերը հաւաքականութեան հետ պարբերաբար կ՛ամրանան եւ ուժեղօրէն կը պրկուին գաղութային նախաձեռնութիւններու, հայկական միութիւններու ձեռնարկներու եւ մարզական մրցումներու ընթացքին: Թիւը մեծ կրնայ թուիլ, բայց ընդհանուր պատկերը չի կրնար գոհացուցիչ նկատուիլ, քանի որ ներգրաւուածութեան այս շրջանակը հետզհետէ կը նեղնայ եւ աստիճանական նուազումի կ՛ենթարկուի:
Այս բոլորով հանդերձ, այն, ինչ որ կը տեսնենք Մոնտիալի ընթացքին, կը շարունակէ մնալ անբացատրելի. թերեւս հոն անհատը կը գտնէ պարզ եւ անմիջական պատկանելիութիւն մը` առանց ծանր իրավիճակներու, առանց սպառեցնող եւ պարտաւորեցնող պահանջներու եւ ինքնութեան սպառնացող հարցերու: Մոնտիալի ընթացքին պատկանելիութիւնը խորհրդանշական բնոյթ ունի եւ ինքնութեան խստօրէն լուրջ հանգամանք չի ներկայացներ: Անհատը խումբ մը կ՛ընտրէ, անոր հետ կը յաղթէ, կը պարտուի եւ կը զգայ, թէ ինք մաս կը կազմէ աւելի մեծ ամբողջութեան մը, ուր հարցերը կը փոքրանան եւ կը նուազին, երբեմն ալ կը կորսուին` հարցին «տէր»-երուն մեծաթիւ ըլլալուն մէջ:
Միւս կողմէ` Մոնտիալը նաեւ հաւաքական ծէս մըն է: Պատմութեան ընթացքին մարդիկ միշտ ունեցած են հաւաքական փորձառութիւններու կարիք` կրօնական տօներ, ազգային հանդիսութիւններ, հասարակական արարողութիւններ: Ժամանակակից կեանքին մէջ նման պահեր աւելի սակաւ դարձած են, իսկ գոյութեան պարագային` անոնք երբեմն աւելի բաժանարար են, քան միացնող: Մոնտիալը կը ստեղծէ հազուադէպ առիթ մը, ուր միլիոնաւոր մարդիկ միեւնոյն ժամանակ կը դիտեն, կը սպասեն, կը քննարկեն եւ կը յուզուին: Հետեւաբար այս ուժը միայն խաղին մէջ չէ, այլ նաեւ` հաւաքական փորձառութեան եւ անոր մասնակից դառնալու երջանիկ առանձնաշնորհումին մէջ, որ, այլ պարագաներու, ազգային մակարդակի վրայ, յաճախ կը յանգի ներքին հակադրութիւններու, բաժանումներու կամ տեւական լարուածութիւններու:
Լիբանանի պարագային, այս բոլորին կը միանայ նաեւ այլ գործօն մը: Քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային երկարատեւ ճգնաժամերէ ետք, մարդիկ կը փնտռեն այնպիսի տարածքներ, ուր կարելի է ապրիլ յոյսի, ոգեւորութեան եւ յաղթանակի զգացումներ: Ըստ երեւոյթին, մարդիկ այս բոլորը կը գտնեն Մոնտիալին մէջ:
Վերոնշեալ բոլոր դիտարկումներէն ետք, կարեւոր հարցումներ կը ծնին եւ կը մնան լուրջ վերլուծումի կարօտ: Ի մասնաւորի` լիբանանահայ գաղութէն ներս, ինչպէ՞ս կը պատահի, որ մարդիկ երբեմն աւելի մեծ զգացական ներդրում կ՛ունենան հեռաւոր երկիրներու խումբերուն իրենց առնչուածութեան մէջ, քան` իրենց անմիջական համայնքներուն, հաստատութիւններուն կամ հասարակական կեանքին ոլորտներէն ներս: Ինչո՞ւ աշխարհի առաջնութեան շուրջ ստեղծուող այս հաւաքական ապրումը երբեմն աւելի խոր ներգրաւուածութիւն կը յառաջացնէ, քան` մեր համայնքային կեանքին մէջ առօրեայ դրութեամբ, ի գին մեծ զոհողութիւններու կերտուող ձեռքբերումները:
Այս հարցումներուն դիմաց դիւրին պատասխաններ չկան: Սակայն սխալ եւ անարդար պիտի ըլլար եզրակացնել, որ խնդիրը պարզապէս մարդոց անտարբերութիւնն է: Իրականութեան մէջ Մոնտիալը կը բացայայտէ ճիշդ հակառակը: Անիկա ցոյց կու տայ, որ մարդիկ պատրաստ են ներգրաւուելու, հետեւելու, ժամանակ տրամադրելու եւ զգացական ներդրում կատարելու, երբ կը գտնեն նպատակ մը, հպարտալի առիթ մը եւ պատկանելիութեան խթան մը, որոնք իրենց համար իմաստ կը ստեղծեն եւ իրենց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը կ՛արժեւորեն: Ուստի խնդիրը ոչ թէ անտարբերութիւնն է, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս կը յաջողինք այդ նոյն ներուժը արթնցնել, կամ առնուազն արթուն պահել, եւ զայն ուղղել դէպի մե՛ր հաւաքական կեանքը եւ մե՛զ միաւորող առաջադրանքները: Այս իմաստով ամէնէն կարեւոր հարցադրումը այն չէ, թէ Լիբանանի մէջ ինչո՛ւ մարդիկ այսքան կը սիրեն Մոնտիալը: Աւելի կարեւոր հարցը հետեւեալն է` թէ ի՞նչ կրնան սորվիլ մեր համայնքները, կրթական հաստատութիւնները, մշակութային կազմակերպութիւնները, երիտասարդական եւ մարզական միութիւններն ու հանրային կառոյցները այս երեւոյթէն:
Մոնտիալը կը յաջողի, որովհետեւ անիկա կը ստեղծէ պատկանելիութիւն: Անիկա ունի պատմութիւններ, խորհրդանիշներ, հերոսներ, հետեւողականութիւն, մրցակցութիւն, հաւաքական յոյզ եւ մասնակցութեան զգացում: Յաճախ մեր համայնքային եւ հասարակական կեանքը չի յաջողիր նոյն ուժգնութեամբ փորձառութիւններ ստեղծել. իսկ երբեմն գոյութիւն ունեցածն ալ սխալ կառավարումի պատճառով կը բանայ յուսախաբութեան, պառակտումի եւ կրաւորականութեան դռները: Հետեւաբար խնդիրը միայն մարդոց ներգրաւուածութեան պակասը չէ: Խնդիրը նաեւ այն է, թէ մեր հաստատութիւնները եւ հասարակական կառոյցները որքանո՛վ կը յաջողին մարդոց տալ իմաստալից մասնակցութեան եւ հպարտալի պատկանելիութեան դրսեւորումի առիթներ, որովհետեւ եթէ մարդիկ պատրաստ են այս աստիճանի նուիրուածութիւն եւ կապուածութիւն ցուցաբերել աշխարհին միւս կողմը գտնուող խումբերու նկատմամբ, ապա ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք, որ կարենանք ստեղծել այնպիսի ներառող գործելաոճ եւ հաւաքական ծրագիրներ, որոնց նկատմամբ մեր գաղութի զաւակները նոյնքան խոր պատկանելիութիւն եւ պատասխանատուութիւն զգան եւ գործուն ձեւով ներկայ ըլլան ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն առիթի:
Բայց մինչեւ այն ատեն` բարի վայելում Մոնտիալի աշխուժ հետեւորդներուն:


