Անդրադարձ

Ճանապարհ Դէպի Ինքնամաքրում (Սահակ Էքշիեանի Հետ)

Ճանապարհ Դէպի Ինքնամաքրում (Սահակ Էքշիեանի Հետ)

ՍԱՀԱԿԱՆՈՒՇ ՏԱՃԱՏԻ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Բանասէր, թարգմանիչ, շարժապատկերի արտադրիչ Կայ մի առաքինութիւն, որ չի պարծենում. անունն է համեստութիւն: Կայ եւս մի առաքինութիւն, որ դարձեալ չի պարծենում. անունն է բարեգործութիւն: Երկուսը` մէկում, ստիպեց  հարցնել` ո՞վ է նա... «Լոսանճելըսեան հայ համայնքի խիղճը»` սեղմ ու հակիրճ բնութագիր` երաշխաւորագիր նրա ընկերների կողմից: Արմատները Կիլիկիայի Պէյլան գիւղաքաղաքից են, որի բնակիչները բացառապէս հայեր էին մինչեւ 1915 թ.: Նախնիները...

Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից

Հայաստանի Մէջ Ընդդիմութեան Դէմ Քրէական Հետապնդումներուն Հիմքը Կազմող «Օրինաչափութիւնը»

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ (Քաղաքական, Քաղաքացիական Եւ Կրօնական Գործիչներու Ձերբակալութիւններու, Կալանաւորումներու, Ուժի Կիրարկման Եւ Քրէական Հետապնդումներու Վերլուծութիւն․Մայիս 2025 – Յուլիս 2026) 2025 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստանը ականատես եղած է ձերբակալութիւններու, քրէական հետապնդումներու, անձեռնմխելիութեան վերացման, ճամբորդութեան արգելքներու եւ գոյքի բռնագրաւումներու շարունակական ալիքի մը, որ ուղղուած եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, ընդդիմադիր ղեկավարներու, գործարարներու, լրագրողներու եւ ընտրական թեկնածուներու դէմ։ Եթէ իւրաքանչիւր...

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Տեսակէտ. Մինչեւ Ե՞րբ… Առանց Ինքնաքննադատութեան. Անդրադարձ` Մկրտիչ Մկրտիչեանի «Մինչեւ Ե՞րբ Այսպէս» Յօդուածին

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մասին մեր յօդուածագիրները կը շարունակեն յղել իրենց վերլուծումները: Անհրաժեշտութիւն կը զգանք ընդգծել, որ վերլուծական այս փորձերուն մէջ միշտ հարցականի տակ պէտք է առնուին արդիւնքներուն` ժողովուրդին հարազատ կամքի արտայայտութիւնը ըլլալը: Նաեւ, ընդդիմութեան պարագային, ընտրացանկերուն թարմացումը նոր դէմքերով, երիտասարդ մարդուժով: ԽՄԲ. Օրեր առաջ, Հայաստանի 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին իմ յօդուածիս մէջ փորձած էի բացատրել, թէ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ռէալփոլիթիքի Գործօնը Իր Իսկական Դիմագիծով

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Վարչապետ Նեթանիահուի կառավարութեան անակնկալ նախաձեռնութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում տալու, բնականաբար ընթացք պիտի տար թեր ու դէմ գնահատականներու եւ տուաւ: Իսրայէլեան քաղաքականութեան քառակուսի անիւը այս հարցի կապակցութեամբ յանկարծ որոշած էր դառնալ եւ բերել նոր օր իսրայէլեան իրականութեան… Նոր օ՞ր: Իսկապէ՞ս: Իրականութիւնը առայժմ այն է, որ Քնեսեթի մակարդակով առայժմ դեռ  ճանաչման գործընթացի որեւէ յստակ տեղաշարժ գոյութիւն չունի: Յստակ չէ նաեւ,...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Չինաստանի Եւ Ռուսիոյ Աճող Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ. Աշխարհաքաղաքական Վերադասաւորումներ` Բազմաբեւեռ Աշխարհակարգի Դարաշրջանին

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Միջին Արեւելքը պատմականօրէն համաշխարհային աշխարհաքաղաքականութեան առանցքային տարածքներէն մէկը եղած է` շնորհիւ իր ռազմավարական աշխարհագրական դիրքին, բնական հարստութիւններուն, կրօնական նշանակութեան եւ Ասիան, Եւրոպան ու Ափրիկէն իրարու կապող հանգոյցի դերակատարութեան: Տասնամեակներ շարունակ շրջանը գտնուած է արտաքին մեծ ուժերու մրցակցութեան կիզակէտին մէջ, իսկ Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք Միացեալ Նահանգները վերածուեցան շրջանի գերիշխող արտաքին դերակատարի` ձեւաւորելով անվտանգային ճարտարապետութիւնը, ռազմավարական դաշինքները եւ տարածաշրջանային...

Ես Եւ Ինքս

Թուային Հարթակներու Մանկական Բովանդակութիւնը Եւ Ի՞նչ Կը Դիտեն Մեր Մանուկները

ԼԵՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Խոհանոցէն մայր մը բարձրաձայն կը բարկանայ իր զաւակներուն` նեղուած անոնց ուշ տուն վերադառնալէն: Ինչպէս բազմաթիւ մայրեր, ան կը կարծէ, թէ տունէն դուրս մեծ է վտանգը եւ որքան ուշ, այսինքն` գիշերուան ժամերուն մօտ ըլլայ տունդարձի ժամը, այդքան վտանգը կը բազմապատկուի: Այսպէս, շատ մը ծնողներու ձայնը կը լսուի, երբ անոնք յաճախ կը բարկանան` ըսելով. «Հոս տո՞ւն է, թէ՞ օթել», կամ`...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երախտագիտութեան, Գնահատանքի Եւ Հաւատքի Խօսք

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Երբ տարիներ առաջ գրեցի երախտագիտական առաջին տողերս` նուիրուած «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին, ան դեռ իր եռանդուն եւ խանդավառ ընթացքի փուլերուն մէջ էր: Այդ օրերուն արդէն կարելի էր զգալ, որ ծնունդ առած է նախաձեռնութիւն մը, որ գիտութեան բարիքներէն օգտուելով` իր ժամանակը պիտի գերազանցէ եւ հայ մտաւոր ու ազգային կեանքին մէջ մնայուն արժէք մը դրոշմէ: Այսօր, երբ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանը կը...

Սթափելու Ժամանակը

Պատնէշել Գահավիժումը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգրիտ գործադրութեամբ արդար որոշում կը կայացնէ: Առնուազն կը վերահաստատէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ստացած բովանդակ ձայները եւ անոր վերադարձնէ Ազգային ժողովի հինգ պատգամաւորի իրաւունքը: Պատրանքը չիրականացաւ. Սահմանադրական դատարանը լակոնական որոշումով մը վերահաստատեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բաշխումը: Իններորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կ՛ունենայ 64 պատգամաւոր, «Ուժեղ Հայաստան»-ը 29, եւ...

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Դիմադրողականութեան արխիւացումը Ծննդավայրերու յիշողութիւնը պահպանելը եւ անոնց պատմութեան փաստագրումը կենսական գոյաբանական հարց մըն էր, որ ահազանգեց օսմանեան վերջին սերունդին` 1920-ականներէն սկսեալ տարբեր շրջաններու եւ ցամաքամասերու մէջ ցրուած հայերուն: Թրքական պետութեան աճող ժխտողականութեան դիմաց, բազմաթիւ հայեր ձեռնարկեցին իրենց ծննդավայրերը անմահացնելու աշխատանքին` յուշամատեաններու միջոցով: Անոնք յաճախ կը հրատարակէին յետօսմանեան աշխարհագրութեան մէջ բազմացող հայրենակցական միութիւններու հովանիին տակ եւ ֆինանսական աջակցութեամբ: Այս...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Գողացուած Ընտրութիւններ, Չաւարտուած Գործընթացներ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Գողացուած Ընտրութիւններ, Չաւարտուած Գործընթացներ

Հայաստանի 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները շատերն էին բնորոշում որպէս երկրի ապագայի համար ճակատագրական: Իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը մարմնաւորող Նիկոլ Փաշինեանի համար նոյնպէս գործընթացը ճակատագրական էր, բայց ոչ թէ ժողովրդի ու պետութեան հեռանկարի, այլ` իր անձի համար: Բոլորին ակնյայտ էր, որ իշխանութեան ընձեռած անպատժելիութեան դիմադրողականութիւնը կորցնելու պարագայում Նիկոլ Փաշինեանն անխուսափելիօրէն յայտնուելու է պատասխանատուութեան առջեւ` Արցախի, Հայաստանի եւ հայութեան դէմ կատարած իր...

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Վեցերորդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Վեցերորդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան վեցերորդ թիւը: Յունիս 2026-ը Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի նախընտրական գործընթացներու եզրափակման եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ամիս էր: Այս գործընթացները իրենց անդրադարձը ունեցան «Դրօշակ»-ի մէջ հրապարակուած նիւթերուն վրայ: Օրուան քաղաքական զգայուն հիմնահարցերէն մեկնելով` քաղաքական վերլուծաբան Արամ Շահնազարեան կ՛անդրադառնայ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» բնաբանին: Յօդուածի հեղինակը խորութեամբ եւ համակողմանիօրէն կը մեկնաբանէ խնդիրը` ներկայացնելով, թէ զաւթողական...

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Սիւզի Ուայլզ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ոչ ընտրեալ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն է Սիւզի Ուայլզը: 2016-ին եւ 2020-ին Տանըլտ Թրամփի Ֆլորիտայի գործերը յաջողութեամբ ղեկավարելով` ան ստանձնեց անոր քաղաքական ձեռնարկութիւնը եւ զայն Սպիտակ տուն վերադարձուց: Այժմ` իբրեւ նախագահ Թրամփի աշխատակազմի ղեկավար, Ուայլզ կը տիրապետէ այնպիսի հեղինակութեան, որ կարգապահութիւն կը պարտադրէ խմբակային ներքին պայքարը շրջանցելու եւ հաւատարմութեամբ շարքերը խտացնելու: Ան յաճախ...

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան Նախկին օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքի գլխաւոր հաստատութիւնը: Մինչեւ 1920-ականները ան կը պահէր հսկայական արխիւ մը, ուր կը գտնուէին` դիմումներ, տեղեկագիրներ, նամակագրութիւններ եւ բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին օսմանահայ կեանքին` սկսեալ տասնհինգերորդ դարէն, որ ընդունուած է իբրեւ պատրիարքութեան հիմնադրութեան թուական: Այսօր պատրիարքարանի գրադարանը սահմանափակ չափով հասանելի է...

Լիբանան

Բացական

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ Կու գայ պահը Եւ աչքերուդ մէջ բացական կը մնամ ես միմիայն։ Անծանօթի քունքերն ի վար կաթող անձրեւն անընդհատ զիս կը փակէ Դուռներու արտասովոր լռութեամբ, ինչպէս քայլե՛րդ խոնաւ՝ նոյեմբերի վերջերուն, Ինչպէս ծիծա՛ղը դէմքիդ՝ օտարի ցուրտ այտերուն։ Մէկը երկչոտ կը հակի էջերուն վրայ շրթներուդ՝ վերջալոյսի շշուկներն ընթեռնելու։ Կը շիկնի քար մը յանկարծ, մեր մթագնող մենութեանց տարածքները ցոյց տալու... Բոլոր գոյներն...

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը վերջին տարիներուն ձեռնարկած էր «Ազդակ»-ի թերթօն-մատենաշարի հաւաքածոն համալրելու աշխատանքին: Մեր ընթերցողներուն ուղղուած կոչերուն  ընդառաջ, ուրախ ենք յայտնելու, որ հաւաքածոյի նկատառելի թիւ մը (ներկայացուած ստորեւ) տեղ գտան «Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ: Հետաքրքրական է, որ յատկապէս թերթօններու պարագային, օրուան ընթերցողները հաւաքած են զանոնք օրը օրին եւ կազմած իբրեւ առանձին հատոր: «Ազդակ»-ի մատենաշարի ընդհանուր ներկայացումը` թեմաներ, հեղինակներ, բովանդակութիւն, կու տանք մեր էջերով:...

Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ` Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ

Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ` Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը օրէ օր կը սաստկացնէ ճնշումը Փաշինեանի վրայ` Հայաստանէն նորանոր զիջումներ խլելու համար: Փաշինեանն ու Ալիեւը տարբեր դրդապատճառներով յառաջ կը մղեն, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան ծրագիր»-ը: Փաշինեանի նպատակն էր յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ապահովել հայ ընտրողներու քուէները եւ պահպանել իշխանութիւնը` մոլորեցնելով զանոնք` իբր թէ խաղաղութիւն հաստատած է: Միւս կողմէ` Ալիեւ բոլորովին այլ նպատակ կը հետապնդէ: Ան չի...

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Այս գրութիւնը մասամբ հիմնուած է Վարագ Գեթսեմանեանի եւ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի համահեղինակած « Ո՛չ կայսերական, ո՛չ ալ ազգայի՞ն. (յետ)օսմանեան հայերու արխիւային հետքերն ու ժառանգութիւնները»  «Neither imperial nor national? The archival trails and legacies of (post)Ottoman-Armenians») յօդուածին վրայ` հրատարակուած օգոստոս 2025-ին «Archival Science» գիտական հանդէսի 25-րդ հատորի 41-րդ թիւին մէջ, ինչպէս նաեւ հեղինակին` Պոլսոյ Եսայեան միութեան սրահին մէջ տեղի...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Ճշմարտութիւնը Չի Լռեր

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ազգերու պատմութեան մէջ կան պահեր, երբ  պետական որոշում մը կը գերազանցէ դիւանագիտական իրադարձութեան սահմանները եւ կը վերածուի բարոյական վկայութեան: Այդպիսի պահ մըն է, երբ պետութիւն մը կը համարձակի խոնարհիլ պատմական ճշմարտութեան առջեւ` հակառակ քաղաքական հաշիւներուն, ճնշումներուն կամ ժամանակաւոր շահերուն: Եթէ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ամբողջութեամբ իրագործուի, անիկա պիտի արձանագրուի ոչ միայն իբրեւ քաղաքական քայլ, այլ...

Օր Վերանայումի

Օր Վերանայումի

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք ընդդիմութենէն եւ  մեր կուսակցութենէն ակնկալուած յօդուածագիրին մտածումներուն տեղ կու տանք` ազատ կարծիքի սկզբունքէն մեկնած, կարեւոր ընդգծում աւելցնելով: Նախընտրական, ընտրական եւ յետընտրական իրավիճակներուն գնահատականի որեւէ փորձ անպայման պէտք է նկատի ունենայ` իշխանութիւններուն օգտագործած անպատշաճ հռետորաբանութիւնը, սպառնալիքները, բռնաճնշումները, կալանաւորումներն ու ընդհանրապէս ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ կիրարկուած հալածանքն ու վարչական լծակներու համատարած եւ համակարգային օգտագործումը: Նաեւ`...

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը` Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը` Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 25-28 յունիս  2026-ին կիպրացի ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր`յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Կիպրոս ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութին եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր` արժեւորելով վարժարանին դերը անոր ծաւալած ազգային-կրթական մեծ առաքելութեան ընդմէջէն` պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին: Մեծ «Պրաւօ՛» մը կիպրահայ գաղութին,...

Page 18 of 808 1 … 17 18 19 … 808

Արխիւներ