Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Շրջանաւարտները

July 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթներուն ականատես եղանք մեր հայկական վարժարաններու տարեվերջի հանդէսներուն:

Հոգեպարար եւ գօտեպնդող երեւոյթ մը ըլլալէ անդին` դարձեալ մեծ ակնկալութիւններ ունինք մեր շրջանաւարտներէն:

Լիբանանահայ վարժարաններու շրջանաւարտ աշակերտները արդէն կ՛անցնին համալսարանական կեանքի դժուար փուլ: Բնականաբար ծնողք, աշակերտ, դպրոց եռեակը մեծ խնամքով կը յանձնեն իրենց զաւակները համալսարանական կեանքին:

Մաս մը արդէն նախօրօք դուրս երթալու, աւելի ճիշդ` ուսումը դուրսը շարունակելու որոշում տուած է արդէն…

Այս առիթով` վարձքը կատա՛ր բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք ի գին ամէն դժուարութեան կրցան տարեշրջանը ամբողջացնել: Վարձքը կատա՛ր ծնողներուն, որոնք հաւատացին հայ դպրոցին առաքելութեան եւ մեծ զոհողութիւններով ձեռք բերուած գոհունակութիւնը ապրեցան եւ աւարտական հանդէսը վայելեցին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր շրջանաւարտներուն, անոնք երկու մասի կը բաժնուին: Անոնք, որոնք ընտանիքին մէջ համալսարան գացող առաջիններն են, ուստի անոնք բնականաբար աւելի դժուար փուլ մը պիտի դիմագրաւեն` միջավայր, մթնոլորտ, յոգնութիւն, նիւթի ընտրութեան խարխափում: Կան նաեւ ուրիշներ, որոնց ընտանիքներուն մէջ համալսարան յաճախելու փորձառութիւն ունեցած են արդէն նախապէս այլ անդամներ, անոնց համար բնականաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ համակերպիլ եւ նախորդներուն փորձառութիւններէն օգտուելու յարմարիլը:

Կարեւորագոյնը սակայն այն է, որ բոլոր շրջանաւարտները հաւատարիմ մնան իրենց ազգային, միութենական, կրօնական, բարեսիրական, մարզական ու մշակութային միութիւններուն: Բոլորին պէտք ունինք: Բոլորն ալ կարեւոր են մեզի համար: Հեռու պէտք չէ մնանք մեր կառոյցներէն, որքան ալ խոցելի, թերի եւ պակասաւոր երեւոյթներ գոյութիւն ունենան, հարցեր ծագին, որովհետեւ այս գաղութը պահողն ու պահպանողը մեր միութիւններն են, որոնք նաեւ նոր ներուժի պատրաստութեան հիմնական քուրաներն են:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,

Հաւատք ունեցէք եւ երաշխաւորեցէք շարունակականութիւնը մեր կառոյցներուն, գործակցեցէք ու ձեր մասնակցութիւնը բերէք որեւէ բնագաւառի մէջ, որեւէ միութեան մէջ: Հաւատացէք, որ լիբանանահայութեան արժէքը եւ ուժը այս կեանքին մէջ է եւ այս կեանքով է:

Կանաչ ճամբայ ձեր բոլորին:

 

 

Նախորդը

250 Տարեկան Ամերիկան, Եւ Մենք` Հայերս

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Կը Շարունակէ Ծիծաղիլ…

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.