ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ «ՀԲԸ Միութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)» հատորը: Հեղինակ` Յովիկ Էօրտէքեան:
Էօրտէքեան կ՛ըսէ, որ ՀԲԸ Միութիւնը աշխարհի այն ոչ շահաւէտ հայկական կազմակերպութիւններէն է, որ նուիրուած է հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման` կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական յայտագիրներու միջոցով:
Գիրքին մէջ կը նշուի, որ ՀԲԸ Միութիւնը իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք սկսած է նպաստներ տրամադրել եւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ իր կարճատեւ գործունէութեան ընթացքին լծուած է նաեւ դպրոցաշինութեան:
Հայաստանի 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներուն եւ մայր հայրենիքին վերաշինութեան ՀԲԸՄ 50 հազար տոլար յատկացուցած է:
Երկրաշարժէն քանի մը ամիս ետք` 1989-ին, ՀԲԸՄ-ի ջանքերով Գիւմրիի մէջ սառնարան կառուցուած է:
Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան յաջորդող փուլերուն անդրադառնալով` հեղինակը կ՛ըսէ, որ Լուիզ Մանուկեան Սիմոն 1989-ին ՀԲԸՄ-ի նախագահ ընտրուեցաւ, որմէ ետք, 1990-ին Հայաստանի մէջ միութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակ բացուեցաւ:
1990-ական տարիներուն, միացեալ հայկական հիմնադրամի դէպի Հայաստան թռիչքներուն, ՀԲԸՄ միլիոնաւոր տոլարներ օժանդակութիւն ուղարկեց Հայաստան:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը հիմնուեցաւ 1991-ին, ՀԲԸՄ-ի ջանքերով: Միութեան ջանքերով հիմնուեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը:
Երեւանի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի կառուցումին բարերարութիւնը ստանձնեցին Լուիզ Մանուկեան Սիմոն եւ Ռիչըրտ Մանուկեան:
ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային հիմնադրամը 1994-1995-ին Հայաստանի մէջ մատենաշար մը հիմնեց:
Էօրտէքեան կը շեշտէ, որ ՀԲԸՄ եկեղեցանպաստ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է Հայաստանի մէջ:
Հեղինակը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ Արցախեան պատերազմի, ողբերգութիւններու, զրկանքներու, բայց նաեւ յաղթանակներու եւ վերակառուցումի ոգեւորութեան տարիներուն ՀԲԸ Միութիւնը միշտ Արցախի կողքին գտնուած է:
Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի առողջապահական ամէնէն յատկանշական նախաձեռնութիւններէն մէկը «Սուրբ Ներսէս Մեծ» հիւանդանոցին ձեռքբերումը եղաւ: ՀԲԸՄ-ի «Հայ կին» շարժումին նախաձեռնութեամբ, յղի կանանց աջակցութեան կեդրոններ բացուեցան Հայաստանի մէջ:
ՀԲԸՄ-ի հայրենական սկաուտական շարժումը սկիզբ առաւ 2007-ին:
Յովիկ Էօրտէքեան կը նշէ, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք, 2011-ին, ՀԲԸՄ անմիջապէս լծուեցաւ հայ համայնքին օգնութիւն փութացնելու գործին: Հայաստան ապաստանած հազարաւոր սուրիահայերու օգնութեան ուղղութեամբ աշխատանքները կեդրոնացան կրթական, առողջապահական, մարդասիրական եւ գիւղատնտեսական ծրագիրներու վրայ:
ՀԲԸՄ կրթական անվճար ծրագիրներու «Թումօ» կեդրոններ բացաւ Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի մէջ:
Հեղինակը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Արցախեան երկրորդ կամ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, 2020-ին, ՀԲԸՄ օգնութեան փութաց զոհուած, վիրաւորուած եւ տուն-տեղ կորսնցուցած արցախցիներուն:
Հատորի վերջաւորութեան տրուած են ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուած, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ իրականացած ծրագիրներու ամբողջական ցանկերը:


