Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աստուած Իմ, Գոհարեղէ՜նս»

July 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Յաճախ թերթերու կտրօններ մէկ կողմ կը դնեմ առիթով մը անդրադառնալու համար անոնց: Գրասեղանիս տարբեր անկիւնները կը դիզուին անոնք` կարգի սպասելով: Կը մոռցուին ալ: Այս մէկն ալ անոնցմէ մէկն էր, որ յանկարծ վերյիշեցի ուրիշ բան որոնած ատենս:

Վերեւի նոյն այդ վերնագիրով Ժան-Ֆրանսուա Նատօ կը գրէր Փարիզի Լուվրի թանգարանէն անցեալ տարի գոհարեղէնի կողոպուտին յարուցած աղմուկին մասին: Ճիշդ է, կ՛ըսէր ան, ուշագրաւ արարք մըն էր, եւ հասկնալի էր միջազգային մամուլի լայն անդրադարձը: Ի վերջոյ ամէն օր չի պատահիր կարճ պահու մը ընթացքին նման (նուազագոյնը 100 միլիոն տոլարի) գողութիւն, Լուվրի պէս կարեւոր հաստատութենէ մը:

Սակայն, կը յարէր ան իր յօդուածի առաջին իսկ պարբերութեան մէջ, որքա՜ն համեստ կը թուի այդ պոռթկացող միջադէպը այն աւարին բաղդատմամբ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ տասը մարդիկը կ՛ունենան` իրենց հարստութիւնը բազմացնելով վայրկեանը մէկ միլիոն տոլարով(1): Նպատակս չէ այստեղ ներկայացնել յօդուածին բովանդակութիւնը, այլ խորհրդածել է` անկէ մեկնելով, սակայն կ՛արժէ ցոյց տալ վերնագրին առնչութիւնը: Ան քաղուած է մեծ երգիծանկարիչ Հերժէի վերջին հատորէն` իր գլուխ գործոցէն(2), ուր անուանի երգչուհին այդպէս կը ճչայ, երբ ելեկտրականութիւնը կը կտրուի ու մութին մէջ կը մնայ դղեակը, իսկ ինք իրար կ՛անցնի` կասկածելով, թէ իր գոհարեղէնները պիտի գողցուին:

Այո՛, լրատուական միջոցներուն համար Լուվրի կողոպուտին նման յանդուգն քայլ մը իրապէս արծարծուելիք նիւթ էր, սակայն աշխարհ ամէն օր որքա՜ն աւելի մեծ կորուստներու կ՛ենթարկուի, ու լրատուները կը մնան մունջ կամ հազիւ մրմունջ մը կը հանեն: Ասիկա անհերքելի իրողութիւն է թէ՛ մեզի համար, թէ՛ ալ համայն մարդկութեան: Միայն այս անցնող տարիներուն որքա՛ն նման ու բազմապատիկ աւելի ծանրակշիռ ոճիրներ գործուեցան, բայց չարժանացան, գրեթէ՛ չարժանացան այն հակազդեցութեան, որ գոհարեղէնի գողութիւնը յառաջացուց:

Մէկ մարդ անհատի կեանքը որքա՜ն աւելի կ՛արժէ, քան` «երգչուհիին ոսկիները», բայց ամէն տեղ ոճրագործներ ոչ թէ մէկ, ոչ թէ քանի մը, այլ հազարաւոր մահեր կը պատճառեն ու կը մնան անպատիժ: Պատերազմներ չեն դադրիր մրոտելէ մարդկութեան տարեգրութիւնը, մինչ ամբողջ հաւաքականութիւններ նուազագոյն ուսման կարելիութիւններէ կը զրկուին, տեսակաւոր հիւանդութիւններու զոհ կ՛երթան, սովի կը մատնուին, զանգուածաբար կը տարագրուին ու կը սրածուին` ցեղային մաքրագործումի ենթարկուելով, գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ հիմնայատակ կը դառնան, մինչդեռ այդ պատերազմներու նախապատրաստութեան համար իսկ ծախսուած նիւթականի մէկ տոկոսովն անգամ որքա՛ն կեանքեր կրնային փրկուիլ, որքան զրկանքներ ջնջուիլ: Բայց զինամթերքի ու զինական բոլոր միջոցներու արտադրութիւնը կը հարստացնէ մարդկութեան ամէնէն ունեւոր չնչինին չնչին փոքրամասնութինը:

Սեփական շահու հետապնդումը կանգ չ՛առներ ո՛չ բնութեան ապականման ու քանդումին առջեւ, ո՛չ մշակութային համամարդկային ժառանգութեան ոչնչացման առջեւ: Այդ կորսուող հարստութենէն մէկ մատեան, մէկ կոթող կրնայ  քանի մը անգամ աւելի արժէք ունենալ, քան` Լուվրի գոհարեղէնները: Ընդվզողը ո՞ւր է, բողոքողը ո՜վ է, բողոքը լսո՜ղը…

Կը շարունակուին ցեղասպանութիւնները: Ժողովուրդներ կը զրկուին իրենց հազարամեայ տարածքներէն, իրենց քաղաքակրթութեան ժառանգութենէն:

Մենք ականատեսը հանդիսացանք հայութեա՛ն իսկ հասցուած հարուածներուն, ջարդերուն, տեղահանութիւններուն, մեր պատմական յուշարձաններու քանդումներուն` աշխարհի անտարբեր հայեացքին ներքեւ:

Հազարաւոր զոհեր տուինք Սումկայիթի եղեռնին, Արցախի պաշտպանութեան մարտերուն, ապա ամբողջ հայկական տարածք մը դատարկուեցաւ: Բայց աշխարհ ուրի՜շ հարցերով զբաղած է: Կամ զբաղա՞ծ է, թէ՞ պարզապէս հանդիսատես է:

Այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ կրնանք ընել:

Թերեւս հարցումը շրջուած դրուելու է. ի՞նչ չենք կրնար չընել:

Ահա մեր մարտահրաւէրը, որ մերը չէ միայն:

Չենք կրնար լռել:

Չենք կրնար անտարբեր լսել այդ բոլորը, տեսնել այդ բոլորը, անցնիլ այդ բոլորին քովէն ու հեռանալ:

Չենք կրնար յուսահատիլ ու մեկուսանալ հաւաքական կեանքէն:

Չենք կրնար պարզապէս մենք մեր անհատական հարցերը հետապնդել, մեր սեփական հաճոյքները վայելել եւ անտեսել հաւաքական հարցերը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հաւաքական «հաճոյքները», «շահերը»` պահանջնե՛րը:

Մեր ազգի ապագան մեզմէ կախում ունի: Մարդկութեան ապագան` նոյնպէս:

  1. Jean-François Nadeau, Ciel, mes bijoux! Le Devoir, 2026-10-27
  2. Hergé, Les aventures de Tintin, Les bijoux de la Castafiore

«Դրօշակ» թիւ 6, 2026

 

Նախորդը

Մեր Թաղի Լուտֆիկը

Յաջորդը

Կեանքիս Դպրոցներէն Մէկը` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղը*

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.