ՀՕՄ-ի Գլխաւոր Օրակարգն Է Արցախահայութեան Օժանդակելու Հիմնահարցը
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 9-13 յունուար 2024-ին իր գրասենեակին մէջ (Պոսթըն, Միացեալ Նահանգներ) գումարեց իր 3-րդ լիագումար նիստը, որուն ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան միութեան քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական, հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները: Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական...



















