Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ինչո՞ւ Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հարկ է վերադառնալ ու փորձել վերապրիլ 1890-ական տարիներու Թիֆլիսի պայմանները, ուր հայերը քաղաքին մեծամասնութիւնն էին ու տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ կշիռը ունէին: Ռուս-պարսկական պատերազմին` 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով, Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, ապա` 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութիւնը:

Միխայիլ Վլատիկին 1885-ին գրած է. «1803-ին կը համարուէր, որ Թիֆլիսի մէջ կային շուրջ 2700 տուներ, որոնց աւելի քան 2500 տուներ հայերուն կը պատկանէին: Այսպիսով, մայրաքաղաքը դարձած էր հայերուն սեփականութիւնը» (1): Մինչեւ 1900-ական տարիները հայերը Թիֆլիսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին, մինչ վրացի եւ ռուս բնակչութիւնը գրեթէ իրար հաւասար թիւով կը գրաւէին երկրորդ տեղը:

Կ՛արժէ նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 1919-1920 վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանը, նախապէս` 1910-1917, եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետը:


1. ՀՅԴ հիմնադիր «Երրորդութիւնը», ձախէն աջ` Ստեփան Զօրեան, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սիմոն Զաւարեան: 
2.  Թիֆլիս քաղաքը 1890-ական թուականներուն

Ի՞նչ էր պատճառը: Արեւելահայաստանն ու Կովկասը ցարական Ռուսիոյ շուրջ 20 տոկոս իշխանական տոհմերուն, աւատապետական տիրապետութեան տակ կը գտնուէին, մնացեալ ժողովուրդը` ռուս կամ այլազգի, ընդհանրապէս ցարական գիւղացիներ, կամ ճորտեր` ստրուկներ կը նկատուէին: Թէեւ պէտք է նշել, որ հայ աւատապետական ընտանիքներէն ոմանք նաեւ իշխանութեան մաս կազմած են, օրինակ` բարեկարգող ցար Ալեքսանդր Բ.-ի օրօք, գլխաւոր նախարար (վարչապետ) նշանակուած էր հայազգի կոմս Միքայէլ Լորիս-Մելիքով 1824-1888 (միջնադարեան Լոռիի իշխող աւատապետական ընտանիքի շառաւիղներէն), որ սակայն յաջորդող` ծայրայեղ ազգայնական Ալեքսանդր Գ. ցարի օրօք պաշտօնազրկուեցաւ 4 մայիս 1881-ին, իբրեւ ազատամիտ եւ ո՛չ ռուս ու ո՛չ ազգայնական, որմէ ետք նաեւ բոլոր ոչ ռուս բնակիչները հալածանքի ենթարկուեցան:

Միւս կողմէ, հայ ժողովուրդին երկրորդ հատուածը` Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդը, 500 տարիէ աւելի, թուրք, օսման բարբարոս ու վայրագ, խուժան այլ ցեղախումբերու լուծին տակ ապրելով` նոյնպէս ստրուկի վերածուած էր: Հայը իր հողին վրայ պիտի աշխատէր, տքնէր ու մշակէր, որպէսզի ծոյլ-ծոյլ նստած, գող-աւազակ թուրք փաշան, կուսակալը, ոստիկանապետը, քիւրտ աղան եւ այլն, իբրեւ տուրք, խլէին իր բերքը, կաթնտու եւ մսացու անասուններուն մեծ մասը` թշուառութեան մատնելով հայը: Աւելի՛ն. թուրք եւ քիւրտ աղաներ, մեծաւորներ ու զինեալներ հայ աղջիկներ ու կիներ կը բռնաբարէին ու կ՛առեւանգէին իրենց հարեմներուն համար:

Ահա այս պայմաններուն մէջ, այլեւս բա՛ւ ստրկութեան կարգախօսով, հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը վերականգնելու վրիժառու անմիջական ծրագիրով եւ ազատ անկախ ու միացեալ Հայաստանը վերականգնելու վերջնական նպատակով հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Շնորհիւ Դաշնակցութեան` հայ ժողովուրդը իբրեւ մարդ արժանապատիւ ապրելու զգացումը վերականգնեց` վերացնելով ստրկութիւնը, ստրկամտութիւնը եւ պատժելով ու վանելով թշնամիին ծառայող դաւաճանները: Դաշնակցութիւնը դարձաւ սեփական ուժին վստահելու եւ զինեալ պայքարի առաջնորդի տիպար օրինակը` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» համոզումով: Իսկ հիմնադիր սերունդը հայ ժողովուրդին անձնուրաց ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր համեստ ծառայողներն էին:

Այս մասին Ռուբէն Դարբինեանին կը վկայեն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծառայած երկու գերմանացի միսիոնարներ` Եոհաննէս Էհմանն եւ Եոհան Սոմմըր (2). «… Ամէն տեղ պատեհութիւն ունեցանք ծանօթանալու նաեւ ձեր յեղափոխական ընկերներուն: Թէեւ շատ ուշագրաւ եւ տպաւորիչ բազում բաներ տեսանք, բայց ամէնէն աւելի խորունկ կերպով տպաւորուեցանք մա՛նաւանդ ձեր ղեկավար ընկերներէն, անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգիէն, անոնց պարզ, նահապետական կենցաղէն, անոնց անհաւատալի այլասիրութենէն եւ ինքնամոռացումէն…»:

Լուռ ծառայող, համայն հայ ժողովուրդին բազում հոգերն ու տառապանքը մեղմացնելու, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայող ու աւելի բարենպաստ ապագային համար տքնող, ամուր կառոյցով եւ ազգային բիւրեղ ու անխախտ գաղափարականով տոգորուած կազմակերպութիւնն է, որ կը բոլորէ իր 133-րդ տարին:

Փա՛ռք ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի մղիչ ուժին ու ղեկավարութեան եւ բիւր յարգանք` հազարաւոր դաշնակցական եւ այլ նահատակներուն, որոնք քանդեցին ստրկութեան շղթաները, որոնց շնորհիւ եւ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ, զէնքի ուժով վերականգնեցին հայկական պետականութիւնը` 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդին իղձերն ու ձգտումները իրականացնելու լծուած հզօր կազմակերպութիւնը:

19 յունուար 2024

———

(1).- «Ուղեցոյց եւ զրուցակից Կովկասի ճամբորդութեան մէջ», Միխայիլ Վլատիկին, 1885, էջ 300:

(2).- https://www.aztagdaily.com/archives/531704

Նախորդը

Առանց Յուսահատելու

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Վերահաս Վտանգին Դիմաց Պարտի Վերանայիլ Իր Ռազմավարութիւնը Եւ Առաջնահերթ Դարձնել Հայրենիքի Փրկութեան Գործը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.