Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անյետաձգելի Պարտադրանք… (ՀՅԴ 133-Ամեակ) – Ե.

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Գիտակցուած կեցուածքներով է միայն, ամբողջական ինքնանուիրումով, կուսակցութեան որոշումներու գործադրութեան համար ամէն ջանք թափելով է միայն, որ մենք կրնանք կուսակցականօրէն աւելի ուժեղ կառոյցով եւ շարքերով մեր պարտաւորութեանց տէր կանգնիլ:

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բժիշկ, վաստակաւոր դաշնակցական գործիչ, անուանի հրապարակախօս, գրող ու մտաւորական Բաբգէն Փափազեանի մտածումները հեղ մը ընթերցելէ ետք, ներքին մղումով մը կը վերադառնաս նոյն տողերուն, կ՛ուզես աւելի թափանցել ու խորապէս հասկնալ արտայայտուած միտքերը, պարզ այն պատճառով, որ եզակի հոգեկերտուածք ու նկարագիր ունեցող դաշնակցական ղեկավարին խօսքերը կը բխին Դաշնակցութեան ուրոյն գաղափարայնութենէն, Ծրագիրէն, Կանոնագիրէն:

Փաստօրէն, վերոնշեալ տողերը ապացոյց են այն ճշմարտութեան, որ համեստ շարքայինէն մինչեւ յաւելեալ պարտաւորութիւն ունեցող ղեկավար ընկեր, եթէ երբեք պիտի ուզէ իր դրոշմը դնել դաշնակցականի իր կեանքին եւ վարք ու բարքին վրայ, ապա անյետաձգելի պարտադրանք(ներու) դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք:

Սա կը նշանակէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան իմացումը, հզօր նկարագիրի ու կամքի տէր դաշնակցական սերունդներու ծանօթացումը, հայրենիքին ու ազատութեան համար մարտնչած հերոսներու ցուցաբերած արիութիւնը, աւելի՛ն. սրբազան նահատակներու պատգամը ամէնօրեայ ապրումի պէտք է վերածուին` յանուն դաշնակցական արժէքներու, հաւատամքի ու աւանդի պաշտպանութեան:

Հոսկէ կը ծագի այն երկուութիւնը, շփոթն ու մտածումներու բախումը. արդեօք 133 տարիներու հեռաւորութեամբ իսկ կարելի՞ է նման հաստատագրում ընել եւ մնալ պատնէշի վրայ, ինչպէս կատարած են երէց սերունդներ թէ վեթերան ընկերներ:

Այլ խօսքով` մարդկային տկարութիւն ու դժխեմ հոգեկերտուածք ունեցող ոեւէ անհատ դժուար թէ կարենայ նախ ըմբռնել, ապա` գործադրել յանձնառութիւն մը, որ դաշնակցականին կը փոխանցուի իր տուած երդումի պահուն իսկ:

Անկեղծ ըսած, հրաշքի համազօր բառ մը կրնայ թուիլ խորագիրը, որովհետեւ ժամանակակից կեանքի խժալուր առօրեան, արհեստագիտութեան սրընթաց ու արտասովոր թաւալքը, ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական ոլորտներու անարգել ոստումները, շատ անգամ բարոյահոգեբանական ընկրկումները, անձի թէ հաւաքական կեանքի գլխապտոյտ պատճառող սայթաքումները, նիւթի ահռելի տիրապետութիւնը, գաղափարական աշխարհի նահանջը, մարդ արարածի եսակեդրոն մղումները, յառաջադէմ ցանկութիւններն ու սանձազերծ ապրելակերպը, 21-րդ դարու ստեղծած թոհուբոհին ընդառաջ, դժուար թէ կարենանք հասկցուիլ նախ մենք մեզի, ապա` նորահաս սերունդի թէ ամբողջ շրջապատի մը հետ:

Արդ, այս օրերուն ամէն քայլափոխի հարց կու տայ դաշնակցական երդուեալ ընկերը` ի՞նչ ժառանգել յետնորդ սերունդներու, երբ մարդկութիւնը արդէն կը գտնուի գահավէժ ընթացքին մէջ, ըլլայ կենսակերպի, մտածելաձեւի, կեանքը հունաւորելու մօտեցումներու թէ ընդհանրապէս ազգային ըմբռնումներու տեսակէտէ:

Ըսուած է, չէ՞, որ ամեակները նաեւ ծերութեան, հոգելլկումի նշաններ են:

Հետեւաբար, ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարկադրուած է ընդունիլ գոյութիւն ունեցող ճշմարտութիւններ, որոնց անտեսումով մեր կազմակերպութիւնը կրնայ դիմագրաւել, դէմ յանդիման գտնուիլ հսկայ մարտահրաւէրներու, ինչպիսին է այսօրուան մեր պատկերը, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի:

Ուրեմն, անյետաձգելի պարտաւորութեանց շարքին է նաեւ ներքին կեանքի բարեկարգումը: Բարեկարգում` դաստիարակչական ձեւի, ոճի, մօտեցումի եւ արդի ըմբռնումի: ՀՅ Դաշնակցութեան անփոխարինելի յենարաններէն` պատանեկանի, երիտասարդականի թէ ուսանողականի միութիւնները անհրաժեշտ է, որ հոգեպէս ու մտովին աշտարակուին գաղափարական աշխարհի վերաձեւաւորումով, այլապէս շարքերուն մատուցուի գործելաձեւի այնպիսի հնչեղութիւն ու հմայք, որ զերծ են ընդարմացած, դասական, հնաբոյր, ինքնագոհ ու եսակեդրոն վարքագիծէ:

Նաեւ, բարեկարգում` կազմակերպական կեանքի, ժողովուրդ-կուսակցութիւն փոխյարաբերութեան: Շարքերու վերաթարմացման, ի հարկին` հեռացուածներու, յետ քննութեամբ, վերամիացման պատեհ առիթի ընծայման:

Մեր ժամանակներու ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն յաջողութիւնը պիտի ըլլայ վերազրահաւորումը 133-ամեայ մեր հաւատամքին, տաճարին, հնոցին, բերդին:

Չէ՞ որ նաեւ այս օրերուն կարգ մը մարդիկ, շրջանակներ «կը ցանկան» ՀՅԴ-ի մահը խօսելով ու գրելով ՀՅ Դաշնակցութեան «անելիք» չունենալու մասին եւ այլն:

Անոնք թող իրենց «երազով» հարբենան:

Մենք պարտաւոր ենք իմաստաւորել կուսակցականի մեր կեանքը եւ լծուիլ դաշնակցականավայել բարեկարգչութեան:

 

 

 

Նախորդը

Միշտ Վահանով, Երբե՛ք Առանց Վահանի (ՀՅԴ-ի 133-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Ե. Եւ Վերջ). 21-րդ Դարու Ոգիին Հետ Քայլ Պահող Ազգային, Յեղափոխական Եւ Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.