ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
10) Հայաշէնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցի
Պատմական ակնարկ

Բազմաթիւ սրտցաւ ազգայիններու բարերարութեամբ եկեղեցւոյ կառուցումը կ՛աւարտի 1935-ին: Իսկ 31 մայիս 1937-ին տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ օծումը` Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Եղիշէ արք. Կարոյեանի ձեռամբ:
Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները
– Հոգեւոր հովիւը` Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեան (2013 թուականէն):
– Եկեղեցին ունի մօտաւորապէս 25 հոգինոց դպրաց դասի կամաւորներ:
– 2021 թուականէն եկեղեցւոյ դպրապետն է Արշակ սրկ. Նալպանտեանը:
– Երգեհոնահարը` Յարութ Պուտուրեան:
– Դպրաց դասի 14 դպիր եւ 11 դպրուհիները արհեստաւորներ, տնային տնտեսուհիներ կամ համալսարանաւարտ կամաւորներ են: Կայ 1 հիւանդապահ:
– Երաժշտութիւն ուսանածներ` 3 հոգի: Տարիքային համեմատութեամբ, հաւանաբար ամենափոքր տարիք ունեցող դպրաց դասն է (8 անդամներ փոքր պատանիներ են):
– Ճիշդ է, որ այժմ Հայաշէն թաղը «ծերացած» տեսք ունի, հայութենէ գրեթէ պարպուած, սակայն մօտիկ անցեալին դպրապետներ, սարկաւագներ եւ մեներգող դպիրներ հասցուցած է չորսէ աւելի եկեղեցիներու:
– Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ օրս կը ծառայէ Լիբանանի Հայ առաքելական եկեղեցիներու ամենատարեց դպիրը` եկեղեցիներու «Առաքեալ», շարականագէտ եւ նախկին դպրապետ, 90-ամեայ Պետրոս Գասպարեանը:
– Եկեղեցւոյ նախկին դպրապետերն են` Շանթ Գարակէօզեան, Յարութ Չափարեան, Խաժակ Պոյաճեան, Կարօ Քէլէշեան, Յակոբ Մենեշեան, Արէն Միհրանեան, Պետրոս Գասպարեան, Գրիգոր Դաւիթեան, Գրիգոր Ահարոնեան, Կարապետ Գասպարեան, Պօղոս Թաշճեան, Դաւիթ Տօնիկեան:
Դպրաց դասին անուանացանկը
Արշակ սրկ. Նալպանտեան (դպրապետ)
Զաւէն սրկ. Եումուշաճիքեան
Մուրատ սրկ. Գալֆայեան
Անժելօ Պուտուրեան
Գէորգ Տեմիրճեան
Գօգօ Գալֆայեան
Եղիկ Օհանեան
Թոնի Անթուն
Իվան Օհանեան
Կեպի Օտապաշեան
Մանօ Գալֆայեան
Յարութ Պուտուրեան
Պարոյր Նալպանտեան
Րաֆֆի Համբարձումեան
Ալեակ Գալֆայեան
Արազ Նալպանտեան
Բալիկ Տեմիրճեան
Կալի Քէօշկերեան
Մարիա Պէրպէրեան
Մարալ Ադամեան
Պէաթրիս Օտապաշեան
Ռիթա Թաշճեան
Սապրինա Օտապաշեան
Սոնա Գարաքիւլահեան
Ցոլեր Պէրպէրեան
(Շար. 5)