Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան» Աւանդը Կ՛ապրի

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամէն տարի, երբ կը տօնենք ՀՅ Դաշնակցութեան ծննդեան տարեդարձը, առաւելաբար կանգ կ՛առնենք ու կը յիշատակենք ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ` իր մարտական-ֆետայական ու քաղաքական-մտաւորական թեւերով, կը խոնարհինք անոնց վաստակին ու զոհաբերութեան, գերագոյնը զոհաբերած ըլլալու փաստին, եւ ամէնէն կարեւորը` անոնց թողած վաստակին ու ժառանգութեան առջեւ: Տօնակատարութիւնը նաեւ առիթ է վերանորոգելու ԳՈՐԾ-ը շարունակող յետնորդներուն ուխտը` իր բազմապիսի երեսներով ու խորքերով:

Մեր այս սիւնակին նպատակն է պահ մը լուսարձակի տակ բերել, եւ ըստ կարելւոյն լուսարձակի տակ պահել, այն պայմաններն ու դէպքերու հոլովոյթը, որ ծնունդ տուաւ ո՛չ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլ` նոյնինքն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ, որովհետեւ դժբախտաբար, անցեալին եւ այսօր, յաճախ այդ իրականութիւնները կը դիտուին կրճատուած ակնոցներով ու պատճառ կ՛ըլլան անիմաստ եւ անհիմն խօսքի աճուրդներու: Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը ինքնաբոյս, մեկուսի շարժում չէր, այլ համագումարը` երկարաշունչ եւ ազգը միաւորելու ձգտող ԳՈՐԾ-ի:

Ինչ որ պիտի արձանագրենք այս սիւնակին մէջ, նորութիւններ չեն, սակայն ստեղծուած են պատճառներ, կացութիւններ, որոնք լուսանցքայնացումի, մինչեւ իսկ մոռացումի կը տանին այդ բոլորը, իսկ երբ այդ մոռացութիւնը ունի այլ գործօններ եւս, ինչպէս` ազգային պատմութեան ու արժէքներու նսեմացման ճիգերը, մտահոգութիւնները կը բազմապատկուին:

Հայկական Յեղափոխութեան «Մայրը»

19-րդ դարու վերջին տասնամեակները ընդունուած են իբրեւ հայկական ազգային կուսակցութեանց ծննդեան ժամանակաշրջան` սկսելով Արմենականէն (1885):

Կուսակցութիւնները չծնան մէկ օրուան կամ մէկ քանի տարուան մէջ, այլ անոնք թագադրումն էին երկարաշունչ հոլովոյթի մը:

Պէտք չունինք երթալու մինչեւ այն ժամանակները, երբ հայութեան աւագանիէն ծնած դաւաճաններու մեղսակցութեամբ Անին կործանեցաւ, եւ պատմական Հայաստանի հողին վրայ վերջ գտաւ ինքնիշխան պետութիւնը: Ճիշդ է, որ Կիլիկիան կարճ ատեն մը ետք բարձրացուց անկախութեան ջահը, սակայն հոն ալ ինքնիշխան պետութիւնը հազիւ երեք դարու կեանք ունեցաւ: Անկէ ետք Հայաստան ու իր բնիկները` հա՛յը, դարեր շարունակ մնացին օտար տիրապետութիւններու տակ, նախ` բաժանուած պարսկական ու օսմանեան, իսկ աւելի ուշ` օսմանեան եւ ցարական Ռուսիոյ կայսրութեանց միջեւ:

Օսմանեան կայսրութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ անկումէն կարճ ատեն ետք, բազմազգ տարածքը հակակշիռի տակ պահելու համար դիմեց վարչական դրութեան մը, որ նախերգանքն էր բաժնելով տիրելու կայսերական տրամաբանութեան կիրարկման: Ստեղծուեցաւ համայնքային դրութիւն` իբր թէ իւրաքանչիւր համայնքի իրաւունքները ապահովելու դիտաւորութեամբ: Այդ դրութիւնը խորքին մէջ ենթահողը կազմեց խտրական այն վարքագիծին, որ բնորոշեց, այսպէս կոչուած, իսլամական կայսրութիւնը: Ու երբ պատմութեան անիւին թաւալումին հետ կը հասնինք 18-19-րդ դարերը, շատ աւելի յստակ կը տեսնենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը աճող դաժանութեամբ շրջանցեց խտրականութիւնը եւ վերածուեցաւ մահասփիւռ իշխանապետութեան մը: Պարսկական լուծն ու աւելի ուշ` ռուսական մականը ունէին իրենց դաժան եւ խտրական վարքագիծները, սակայն թուրքին եաթաղանեան դաժանութիւնը մնաց անգերազանցելի: Այս քաղաքականութեան կիրարկման համար յաջորդական դարերու ծնունդ առին ենիչերիական բանակներն ու քրտական համիտիէները, որոնց վստահուեցաւ եաթաղանը: Այսօր եաթաղանի փոխարէն` կան թնդանօթները, մահասփիւռ օդանաւերն ու անօդաչու սաւառնակները, իսկ ենիչերիներուն ու համիտիէներուն տեղ` կրօնամոլ վարձկանները:

Հայ ժողովուրդը այնքա՛ն մը ստրկացուած էր, ուսում ու գիտելիք` նսեմացուած, անոր ազգային գիտակցութիւնը` հնադարեան ազգի մը ժառանգորդը ըլլալու գիտակցութիւնը այնքա՛ն մը բթացած, որ ստրկական վիճակը ընդունուած էր իբրեւ կեանքի բնական ձեւ: Հայկական աւաններու եւ գիւղերու մէջ ծնողն ու հասակ առնողը «կը դաստիարակուէին» այնպիսի մտայնութեամբ, որ թուրքը ստեղծուած է հայը (եւ ուրիշներ) հալածելու, կեղեքելու, ըստ կամս սպաննելու եւ զայն անստացուածք ձգելու «երկնատուր» իրաւունքով: Թուրքը ունէր ԱՄԷՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ, հայուն զլացուած էր ԱՄԷՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ: Մինչեւ իսկ կը քարոզէին, որ հայուն բազում մեղքերուն համար էր, որ Աստուած ստեղծած էր թուրք-պատիժը, ձեռք մը, որ կտրելու մասին մտածելն իսկ անբնական էր, այլ պէտք էր համբուրել զայն, լիակատար ստրկութիւն ընդունիլ:

Որքան ալ երկար ըլլան մութ գիշերները, արեւածագ մը կը հասնի անպայման: Եթէ տիեզերքի դրութեամբ, արեւը կը ծագի բնական ձեւով` երկրագունդին ինքն իր վրայ թաւալումին շնորհիւ, մարդկային հաւաքականութեանց մէջ արեւածագերը ինքնեկ չեն ըլլար, այլ կ՛ունենան լուսաւորող գործօններ: Առաջին եւ ճամբայ բացող գործօնը, անշուշտ, գիտութիւն-գիտելիքներն են, ու` անոնցմէ բխող ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, որոնց վրայ յետոյ կ՛աւելնան ԳՈՐԾԸ, ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ եւ, ի վերջոյ, ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՇԱՐԺՈՒՄ մը, որ ճամբայ կ՛ելլէ տաժանելի վիճակները փոփոխելու, բարեփոխելու եւ ԶԼԱՑՈՒԱԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ մղումով:

Հիմա, պահ մը կեդրոնանանք Հայկական Յեղափոխութիւնը կանխած` մօտաւորապէս մէկ դարու ժամանակաշրջանին վրայ, աչքի առջեւ ունենալով օսմանեան Թուրքիան եւ անոր ապրած վերիվայրումները: Այս «կէսը» նկատի առնենք այն պատճառով, որ մեր յեղափոխական շարժումին մեկնակէտն ու գլխաւոր կիզակէտը Արեւմտեան Հայաստանի, այսինքն թրքական տիրապետութեան տակ ապրող հայութեան ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ հետամտութիւնն էր (քիչ ետք հպանցիկ կը խօսինք Ռուսական կայսրութեան ենթակայ հատուածին մասին եւս):

19-րդ դարը Օսմանեան կայսրութեան համար մեծ վերիվայրումներու դարաշրջան էր: Թուրք-պարսկական հակամարտութեան յաջորդած էին ռուս-թրքական ճակատումները: Հայութեան աչքերը աւելի կանուխ ուղղուած էին դէպի հիւսիս (դարեր առաջ ալ` Արեւմուտք), եւ հիմա այդ «հիւսիս»-ը եկած-հասած էր մեր դուռերը, ունէր խոստումներ եւ այլն:

Զուգահեռաբար, կրիայի քայլերով սկսած էր յառաջ ընթանալ ուսման եւ գիտութեան ջահը, երբ գիր-գրականութիւն եւ տեղական ուսումնարաններ մտան մեր հաւաքական կեանքին մէջ, հոգ չէ` նախ սկզբնապէս «տէր թոթիկեան» դրութեամբ: Վանքերը հիմա իրենց կողքին ունէին հատ ու կենտ մոմեր: Թափը արագացաւ, երբ հայութեան երկու թեւերուն մէջ իրերայաջորդ սերունդներ բախեցին եւրոպական եւ ռուսական ուսումնարաններու դռները, մարդկային ընկերութիւններուն ապրած բարեկարգչական եւ բարեփոխումներու ծիծեռնակներուն դիմաց բացին նա՛եւ Հայաստանի ճամբաները: Նախ եւրոպական հզօր երկիրներու մէջ, աւելի ուշ` նաեւ ցարական Ռուսիոյ, բռնատիրական դրութեանց դէմ պայքարի ջահերը սկսան բոցավառիլ, տարածուիլ եւ, ամէնէն կարեւորը, ՊԱՅՔԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒԻԼ: Այս իմաստով ամէնէն ուշագրաւներն էին Ֆրանսական յեղափոխութիւնները (այո՛, մէկ աւելի յեղափոխութիւններ, թէեւ ընդհանրապէս կը յիշուի 1789-ի յեղափոխութիւնը), որոնցմէ տարածուած կայծերը պիտի բոցավառէին եւրոպական այլ երկիրներ, պիտի հասնէին Հայաստան: Զուգահեռաբար, Ռուսիան ալ պիտի ապրէր ի՛ր յեղափոխական պատմութիւնը:

Վերադառնալով օսմանեան Թուրքիոյ ոլորտ` մեր աչքին առջեւ կը պարզուին բազում պատկերներ, որոնց ընդհանուր խորագիրներն են հետեւեալնեը. տեղւոյն` գետնին վրայ, կար կեղեքուած, հալածական եւ անասելի բռնադատութիւններու ենթակայ ազգութիւն մը` հայութիւնը, արտաքին հոսանքները կը բերէին ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ, ամէնէն տարրական իրաւունքները ունենալու գիտակցութիւնը եւ զայն ձեռք բերելու համար, ի վերջոյ, ԲԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ-ու ինքնեկ մղումը: Այս բոլորին խորապատկերին անշուշտ կար սուլթաններուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անկէ շահեր ապահովելու հզօրներուն մրցավազքը, սակայն ատիկա կը մնար «բարձր դիւանագիտութեան» սենեակներուն մէջ: Հայուն համար այլեւս իր տաժանելի վիճակն ու տառապանքներուն աղբիւրները գաղտնիք չէին, վերջ գտած է բռնադատողին «երկնատուր իրաւունք»-ի պարտադրանքը:

Նոյն ժամանակաշրջանին, եւ առաւելաբար` դուրսէն փչող հովերու ազդեցութեան տակ (չենք արհամարհեր ներքին գործօնները), օսմանեան պետութիւնը քանի մը հանգրուանով նուագեց ներքին բարեկարգումներու լարերուն վրայ (Թանզիմաթ), մաս մը ցանկալով, մեծ մասը` իբրեւ ժողովուրդն ու դուրսէն ճնշողները խաբելու դիտաւորութեամբ: Հայութիւնն ալ որոշ օգուտներ քաղեց այդ մանր ալիքներէն, սակայն օրերն ու տարիները, տասնամեակները եկան ցոյց տալու, որ օսմանեան պետութիւնը կրնայ միայն ստեւներու եղանակային փոփոխութիւն ապրիլ, սակայն յօշոտողը գազանը ամուր նստած է անոր էութեան, պետական մտածողութեան մէջ:

Բարեշրջական ճիգերը նա՛եւ հայութեան մէջ ստեղծեցին երկու գլխաւոր հոսանքներ: Կային «Ինչ որ ալ ըլլայ, պետութեան պէտք է վստահինք»-ին հաւատացողներ, մինչդեռ հակադիր զօրակայանին մէջ ծնաւ ու արմատաւորուեցաւ իրաւազրկող իշխանութեան վրայ յոյս չդնելու մտածողութիւնը: Այս գիծին վրայ էր, որ զարգացաւ, ի վերջոյ, «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» մտածողութիւնը, ուրկէ եւ ծնաւ նոյնինքն ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ, եւ իր կարգին ծնունդ տուաւ կուսակցութեանց:

Կարեւոր է կէտ մը. Հայ յեղափոխութիւնը «ներածուած ապրանք» չէր, ինչպէս Թուրքիա փորձած է ներկայացնել զայն` անցեալին ու այսօր, ու հայութեան մէջ ալ կան նման անհեթեթութիւններ տարածողներ: Հայ յեղափոխութիւնը ծնունդն էր այն դաժան պայմաններուն, որոնք թուրք պետութինը ստեղծած էր իր հպատակներուն համար: Չմոռնանք, որ եթէ հայերն ու ճակատագրակիցներ ամէնէն ծանր հետեւանքները կը կրէին, թուրք եւ քիւրտ զանգուածներ բոլորովին անմասն չէին սուլթաններու «բարեխնամութենէն»:

Եւ ահա այս ու նմանօրինակ պայմաններու եւ գործօններու ազդեցութեան տակ էր, որ սկսան խմորուիլ գաղտնի, յեղափոխական կազմակերպութիւններ` Հայաստանի հողին վրայ: (Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր կուսակցութեանց կազմութիւնը ունի իր պատմութիւնը): Խրիմեան Հայրիկի պերլինեան փորձառութիւնը եւ անկէ բխած` «Երկաթէ շերեփ»-ի տեսութիւնը, ուրեմն, մէկ օրէն միւսը չստեղծուեցան, այլ հետեւանք էին դարաւոր անարդարութեան, իրաւազրկումի, հալածանքի եւ լուռ ու բացայայտ սպանդներու: Եւ նոյն պայմաններուն մէջ էր, որ բանաձեւուեցաւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ հասկացողութիւնը, որ իր զարգացումը ապրելով` ստացաւ ՀԱՅ ԴԱՏ տարազաւորումը: (Պատմութեան եւ այժմու որոշ իրականութիւններու անհաղորդներ երբեմն մատի փաթթոց կ՛ընեն «հայդատական մօտեցումն ու մտածողութիւնը»):

«Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» Եւ…

Վերի տողերը շատ հպանցիկ եւ կիսկատար ակնարկ մը եղան այն իրականութիւններուն վրայ, որոնց մէջ ծնաւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ: Սկզբնական շրջանին, 19-րդ դարու կէսերէն ետք, Վանի, Կարնոյ եւ այլ` համեմատաբար լուսաւորեալ օճախներու մէջ մէկը միւսին ետեւէ կազմուեցան գաղտնի խմբակներ եւ միութիւններ: Սա կուսակցութեանց խմորումի տասնամեակներն էին: Թրքական իշխանութիւնները անկդէտ կը հետեւէին այդ միութիւններուն եւ անոնց ջահակիրներու քայլերուն` օգտագործելով իրենց հետ գործակցող մատնիչներ, կը կազմաքանդէին զանոնք եթէ կարենային: Պէտք է արձանագրել, որ ալիքը միայն քաղաքական գաղտնի խմորումներու ծիրին մէջ չմնաց, որովհետեւ եղան նաեւ պայթումներ` Զէյթունէն մինչեւ Սասուն եւ այլուր: Պոլիսը, որ այդ շրջանին Արեւմտեան Հայաստանի դիտանկիւնէն փարոս մըն էր (դպրոցներ, մամուլ, ազգային կեանքի կազմակերպում եւ այլն), ունէր առաւելաբար պահպանողական դիմագիծ: Պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ հոն կեանքը համեմատաբար աւելի հանդուրժելի էր (Երկիրէն եկող պանդուխտներուն վիճակը առաւելաբար տեղ կը գտնէր գրականութեան մէջ, սակայն ընդհանուրը այդքան ալ աղերսակից չէր: Իսկ Արցախէն բռնագաղթուածները այսօր ի՞նչ սրտակցութեամբ կը դիտուին Երեւանի մէջ…): Խրիմեանի «Երկաթէ շերեփ»-ը, աւելի ուշ նաեւ Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը եւ այլ պոռթկումներ հազիւ թէ թափանցած էին Պոլսոյ հաւաքական կեանքէն ներս, ուր պետութեան բարեխնամութեան վստահելու մտածողութիւնը ըստ բաւականի տիրապետող մնաց մինչեւ… Ցեղասպանութիւն, կտրելէ ետք 1908-ի յեղափոխութեան «խոստմնալից» փուլը:

Եթէ յեղափոխական միութիւններու եւ խմբակցութիւններու, ապա նաեւ ֆետայական առաջին խմբաւորումներուն գլխաւոր դաշտը Արեւմտեան Հայաստանն էր, այսինք` ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԸ, պէտք է յիշատակել նաեւ, որ արեւելեան կողմն աշխարհի անմասն չէր բարեշրջական եւ յեղափոխական հովերէն: Ռուսական տիրապետութեան ենթակայ շրջաններ` Հայաստան ու Թիֆլիս, նաեւ` Պաքու, իրենց աչքերը պիտի դարձնէին դէպի «Թրքահայաստան» եւ պիտի փութային օգնութեան ձեռք երկարելու «Երկիր»-ին:

Ցարական Ռուսիան ալ արիւնոտ թաթ մը ունէր ո՛չ միայն հայերուս, այլ նաեւ ի՛ր իսկ ժողովուրդին եւ առհասարակ Ռուսիան բաղկացնող խճանկարի մասնիկներուն վրայ: Եւ ինչպէս որեւէ բռնատիրութեան, ռուսական տարբերակին մէջ ալ, բազում գործօններու կուտակումով, ստեղծուած էին ընդդիմադիր, յեղափոխական խմբակներ ու կազմակերպութիւններ: Հոն ալ ներքին խլրտումներու եւ պայքարներու շնորհիւ` տեղի ունեցած էին բարեկարգչական անատամ փորձեր (Պոլոժենիա եւ այլ): Բարձրագոյն ուսմանց կեդրոնները կարեւոր դեր ունէին այդ խմորումներուն բիւրեղացման մէջ. հայ ուսանողներ, որոնք կը գտնուէին ռուսական համալսարանական եւ բարձրագոյն ուսմանց կեդրոններու մէջ, բնականաբար պիտի ներգրաւուէին այդ ալիքներուն մէջ: Նոյնը եղած էր Եւրոպայի մէջ: Հոն ալ կային զանազան հոսանքներ: Մաս մը հակամէտ էր համընդհանուր շարժումի մը` ձեւով մը համաշխարհային յեղափոխութիւն մը իրականացնելու, իսկ ուրիշներ շեշտը կը դնէին ԱԶԳԱՅԻՆ գիծին վրայ, նկատելով, որ ուշ կամ կանուխ ազգային շահերն ու ծրագիրները իրենց ազդու դերը պիտի ունենային շարժումին մէջ, որքան ալ անհրաժեշտ ըլլար ու հրապուրիչ` համաշխարհային յեղափոխութեան մը տեսլականը:

Երբ աշխարհը կը թեւակոխէր 19-րդ դարու վերջին տասնամեակը, եւ երբ հայկական կեանքին մէջ արդէն գործօն դարձած էին բազմաթիւ յեշափոխաշունչ կազմակերպութիւններ, նաեւ աւելի կազմակերպ կուսակցութիւններ` Արմենականներն ու Հնչակեանները, աստիճանաբար բիւրեղացաւ նոր մտածողութիւն մը, թէ` միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները կրնան լաւ աշխատանք տանիլ առանձնաբար, սակայն շատ աւելի արդիւնաւոր ու ազդու ձեւ է ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄԸ: Զուգահեռաբար, ազգայինին վրայ աւելի՛ շեշտ դնելու գաղափարը մակընթացութիւն կ՛արձանագրէր, ընդդէմ միջազգայնականին:

Նշեցինք արդէն, որ հայութեան թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արեւմտեան գօտիներուն, նաեւ եւրոպական ոստաններու մէջ կազմաւորուած միաւորներուն հիմնական կիզակէտը Արեւմտեան Հայաստանի անտանելի վիճակին դարմաններ գտնելն էր: Հրապարակի վրայ գործող միաւորները բնականաբար ունէին գաղափարական եւ ծրագրային մեծ ու փոքր տարբերութիւններ, սակայն բոլորը միացնող յայտարար մը կար, եւ անոր շուրջ վէճ չկար: ՊԱՅՔԱՐԻԼ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ, ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՄԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ: Յեղափոխականներուն համար շատ աւելի յստակ էր «Երկաթէ շերեփ»-ին պատգամին միտք բանին: Եթէ պահանջատիրական շարժումի առաջին փուլերուն, ընկերային հարցերու նժարն էր աւելի ծանրը, ժամանակն ու կեանքի իրականութիւնները ապացուցեցին, որ քաղաքականը` իրաւունքի եւ հողի՛ պահանջներն ալ կարեւոր են ու շուտով պիտի ստանան գերակշիռ տարողութիւն, բանալին են բոլոր դժուարութիւններու դարմանումին:

Այսպէ՛ս էր, որ ծնունդ առաւ Հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ Դաշնակցութիւնը, որուն մէջ ներգրաւուեցան գետնի վրայ գործող գրեթէ բոլոր միաւորները: Անիկա ծնունդ չառաւ իբրեւ նոր կուսակցութիւն կամ միաւոր, այլ ինքն իրեն տուաւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՅՔԱՐՈՂ, ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲԱՅ ԵԼԱԾ կուսակցութիւններն ու միութիւնները, հատ ու կենտ կազմակերպութիւնները մէկ հովանոցի տակ համխմբելու, ուժերն ու միջոցները լաւագոյն ձեւով յանձանձելու եւ օգտագործելու առաքելութիւնը:

Այս կէտէն անդին` պատմութինը ծանօթ է: Համախմբումը երկար կեանք չունեցաւ այլազան պատճառներով (որոնց մանրամասնութեանց մտնելու դիտաւորութիւն չունինք, թէեւ բոլորն ալ ուսանելի են մեր կեանքի այժմու փուլին իրականութիւններուն նկատառումով): Արձանագրենք միայն, որ համախմբումին երկար կեանք չունենալուն պատճառներուն շարքին էին գաղափարական, գործելաձեւի (կեդրոնացեալ, ապակեդրոն), Հայաստանի անկախութեան կամ ինքնավարութեան հասնելու ծրագիրներ եւ այլն: Միացնող տարրը` Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, մէկ խօսքով` այդ բոլորը իբրեւ ՄԷԿ ԴԱՏԻ ենթամասերը նկատելը վէճի նիւթ չէին:

…Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

«Յեղափոխականների դաշնակցութիւն»-ը պատմութեան չանցաւ վերջնականապէս, այլ միացեալ աշխատանքի մէջ մնալու գաղափարին համակիրները քայլ մը անդին գացին եւ հիմնեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, երրորդ ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւնը, որ, վերոյիշեալ հանգամանքներուն բերումով իսկ շուտով դարձաւ ամէնէն ծաւալունն ու ներգրաւողը, մանաւանդ որ անիկա հրապարակ եկաւ իբրեւ ԳՈՐԾԻ, համատարած պայքար ծաւալելու ձգտող միաւոր: Չենք արհամարհեր այն, որ այլ կուսակցութիւններ եւ միութիւններ եւս իրենց առաքելութեան ծիրին մէջ ԳՈՐԾ կ՛ընէին, սակայն Դաշնակցութեան ներգրաւող ու տարածուն դաշտն էր, որ ի վերջոյ համախմբեց ֆետայիներուն եւ յեղափոխական գործիչներուն մեծագոյն փաղանգը: Պատահական չէր, որ այլ կուսակցութեանց անդամ սքանչելի ֆետայիներ ու գործիչներ միացան Դաշնակցութեան:

1890-ին ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարճ ատեն ետք հրապարակ եկաւ իր ծրագիրով ու գաղափարական տեսլականներով, որոնք իրենց զարգացումը ապրեցան յաջորդ տասնամեակներուն ու առանց էութենէն շեղելու` նաեւ պատշաճեցումներ կրեցին զարգացող աշխարհի, նա՛եւ հայ աշխարհին հետ: Դաշնակցութիւնը իր Գործը եւ Գաղափարը տարածեց Հայաստանի երկու գօտիներուն մէջ, նաեւ` Պոլիս, Թիֆլիս, Պաքու ու եւրոպական ոստաններ, ստեղծեց իր մամուլը, որ քայլ առ քայլ ծաւալեցաւ, թափանցեց նոր գրականութեան մէջ:

Դաշնակցութիւնը գործեց երկու գլխաւոր գիծերու վրայ` գաղափարական-քաղաքական եւ զինուորական: Պատմութիւնը ծանօթ է, հարկ չենք զգար այստեղ կրկնութիւններ ընելու: Եթէ զինուորական գետնի վրայ իրականացաւ ֆետայական խումբերու ըստ կարելւոյն միաւորումն ու կազմակերպումը, թշնամիներու պատուհասումը (ներառեալ քիւրտ հրոսակներն ու աւելի ուշ` Ցեղասպանութեան հեղինակները), քաղաքական-գաղափարական գիծին վրայ վիթխարի աշխատանք տարուեցաւ նախ եւրոպական պետական եւ մամուլի շրջանակներուն մէջ հայութեան Դատը ծանօթացնելու եւ զօրակիցներ գտնելու, ապա նաեւ` նոյնինքն Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կերտումին ու մինչեւ այսօր գոյատեւող պետականութեան հաստատման իմաստով:

Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կորուստէն ետք մեծ եղաւ Դաշնակցութեան դերը` սփիւռքի վերակերտումին եւ պահպանման մէջ: Հոն արդէն կան նորագոյն պատմութեան այլ էջերը, որոնք մեզ կը հասցնեն մինչեւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումն ու արցախեան պայքար: Համայնավարներուն կողմէ արգիլեալ պտուղ հռչակուած Դաշնակցութիւնը ըստ էութեան, որ գործին եւ շօշափելի աւանդներուն շնորհիւ, ապրեցաւ հայրենի հողին այդ մասին վրայ: Արցախեան շարժումին մէջ հիմնական դեր ունեցաւ անդրանիկ հանրապետութեան օրով բիւրեղացած` ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ի ժառանգութիւնը, որուն իրականացումը որոշ չափով իրականացման ճամբու մէջ մտաւ արցախեան հողերուն ազատագրումով ու իրողապէս Հայաստանին վերամիացումով…

Ըլլա՛յ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, ըլլա՛յ սփիւռքեան գործի դաշտերուն մէջ Դաշնակցութիւնը չգործեց միայնակ, ո՛չ մէկ ատեն յայտարարած է, որ իրմէ դուրս գործողներ չեն եղած, չկան: Այսօր ալ տարբեր չէ: Արցախի վերջնական կորուստէն առաջ ու ետք Դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ հայութեան բոլոր ձեռքերը միացեալ տեսնելու եւ ազգի ու հայրենիքի շահերը պահպանել ցանկացողներուն ԳՈՐԾ-ին մէջ միաւորուած տեսնելու դրօշակիրը: Այդ չէ՞ր «Յեղափոխականների դաշնակցութեան» հիմնական նպատակը:

Ինչպէս ոեւէ ազգի-ժողովուրդի, նոյնպէս ալ հայութեան կեանքին մէջ եղած են ու պիտի ըլլան կուսակցական մրցակցութիւններ, որոնք ստեղծած են նաեւ անհաճոյ փուլեր (ընդհանրապէս` ո՛չ ազգային գործօններու ներգործութեամբ), սակայն Դաշնակցութիւնը, կրկնենք, մի՛շտ ալ, առաւել կամ նուազ չափով, հաւատարիմ եղած է իրեն ծնունդ տուող «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան» այն աւանդին, որ ազգի բոլոր ուժերն ու կարողականութիւնները պէտք է միացնել, մասնաւորաբար` օրհասական պահերու: Եթէ այստեղ ուզենք արձանագրել պատմական օրինակներ, անպայման պէտք է յիշատակենք նախ Սարդարապատին, իսկ աւելի մօտիկ անցեալին` Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի տարիներուն (նաեւ անկէ ետք) ազգային կուսակցութեանց գործակցութեան եւ արդիւնաւորման փաստը:

Պայքարի Թիրախներ

Դաշնակցութեան պայքարը ունեցած է բազմաթիւ թիրախներ: Հիմնականը, ինչպէս բազմիցս շեշտեցինք արդէն, Թուրքիոյ պետութեան դէմ պայքարի, ամէնէն լայն բովանդակութեամբ իրաւատիրութեա՛ն պայքարի մարզն է: Դաշնակցութեան համար ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ միշտ ալ նախամեծար եղած է` ընդդէմ համայնավարական ու համայնավարամիտ մտածողութեան, որուն տարբերակներն ու «ձագուկները» հրապարակ եկած են այսօր` մերթ համաշխարհայնացման (քաղաքական իմաստով), ազատականութեան, կեղծ խաղաղասիրութեան եւ նման այլասերող մտածողութիւններով, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` ազգային շահերու պահպանման դէմ մեղրով օծուած թունաւոր դեղահատեր: (Անմիջապէս նշենք, որ ոեւէ բանական էակ չի կրնար խաղաղասէր չըլլալ, սակայն երբ թշնամիդ կրկին ու կրկին փաստած է իր ոճրային դիտաւորութիւնները, միակողմանիօրէն խաղաղասիրութեան կառչիլը գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ):

Ճիշդ է` աւելի քան 130 տարի անցած է այն օրերէն, երբ ծնունդ առաւ «Յեղափոխականների դաշնակցութիւնը» եւ ապա` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, աշխարհի պայմաններն ու տագնապները հսկայական փոփոխութիւններ ապրած են, վաղն ալ այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի: Սակայն, ինչպէս առաջին օրերուն, այսօր ալ կան կէտեր, որոնք անփոփոխ են ու անփոփոխ պիտի մնան Դաշնակցութեան ու անոր ծնունդ տուող Հայաստանի ու հայութեան համար: Այդ անփոփոխելի կէտերէն են այն, որ թուրքն ու անոր լծակից ոճրածինները կը մնան հայութեան գլխաւոր թշնամիները, կարելի չէ տարուիլ ասկէ-անկէ հրապարակ նետուող այն քարոզներով, որ «Գորշ գայլ»-ը կրնայ իր էութիւնը փոխել, դառնալ Հայաստանի ու հայութեան բարեկամ-գործակիցը: Ինչպէս Ցեղասպանութենէն առաջ, նոյնպէս ալ այսօր մեր գլխաւոր թշնամիին վախճանական նպատակն է ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ իրականացումը, ուրեմն` Հայաստանի եւ հայութեան ջնջումը:

Դաշնակցութեան պայքարի այլ դաշտերն են, մեր ազգային-հողային իրաւունքներուն տիրութեան կողքին, ընկերային արդարութեան իրականացումը, որ ամրագրուած է իր անդրանիկ ծրագիրին մէջ, կը կազմէ իր գաղափարաբանութեան կորիզը: Ազատ ու ամբողջական հայրենիքին մէջ ընկերային արդարութեան կենսագործումը օդ ու ջուր են ազգին համար:

Դաշնակցութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ մեր մշակոյթին հասնող որեւէ հարուածի, սպառնալիքի նկատմամբ, անիկա ըլլայ թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած հողերուն վրայ հայութեան հետքերու փոշիացման թէ ազգային արժէքներու նոյնինքն Հայաստանի մէջ ոտնահարման ձեւերուն տակ:

Լծակից դաշտ մըն է մեր ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ-ին պահպանումն ու կենսագործման հետապնդումը, այսինքն` Արարատն ու Վասպուրականը, Կարսն ու Նախիջեւանը, նոյնինքն Կիլիկիան մեր քաղաքական ծրագիրներու քարտէսին վրայ պահպանումը: Քաղաքական խաղեր կամ հաշուարկներ կրնան այս կամ այն փուլային մարտավարութիւնը հարկադրել հայութեան, սակայն գոնէ մենք` հայերս, ԱՄԲՈՂՋ ԱԶԳԸ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, չենք կրնար այդ մարտավարութեան վախճանական զոհը դարձնել մենք մեզ եւ յայտարարել, որ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն, Արարատը հայկական չէ: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԳՐՈՒՄԸ  չի կրնար դուրս դրուիլ մեր օրակարգէն, Ցեղասպանութեան դիմաց ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ մեր պահանջները չեն կրնար գորգին տակ հրուիլ իբրեւ փոշի: Ա՛յդ է, որ կը պահանջէ մեր թշնամին` «Գորշ գայլ»-ը այսօր, եւ կ՛աշխատի ատիկա իրականացնել Երեւանի իշխանաւորներուն ձեռքով, մէկ` «Նեմեսիս»-ի, Ծիծիռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշակոթողները արցախեան ու նախիջեւանեան ժառանգութեանց ճակատագիրին մատնելու, հիմա նաեւ` «նոր սահմանադրութեան մը պէտք ունինք»-ի թութակումով…

Միացնող Գործօն

Ազգի ուժերուն, բոլոր հայենասէրներուն ու հայրենապաշտպաններուն ձեռքերուն միացումը այսօր ալ գերադաս հրամայական է Դաշնակցութեան համար, ինչպէս որ էր 1890-ին: Ահա թէ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք, կանգնած է յառաջապահ դիրքերուն վրայ բոլոր անոնց հետ, որոնք Հայաստանը, ամբողջական Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիտեն իբրեւ գերագոյն արժէք, կ՛աշխատին միաւորել հայրենիք եւ ազգ պահպանելու ձգտող բոլոր միաւորները` կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ-միութիւններ, պայքար մղելով բոլոր կեղծ խաղաղասէրներուն եւ անոնց միջոցով այլոց շահերը հետապնդողներուն դէմ: Դաշնակցութիւնը գիտէ, որ ազնիւ մրցակցութիւնները կենսական են, սակայն չի կրնար ընդունիլ (եւ, կրկնենք, առանձին չէ), որ բաժանուածութեան ու պառակտումի սերմանումը շարունակուի, հինի-նորի, մերինները-ձերինները, սեւեր-սպիտակներ մաշած յանկերգը վերջնականապէս լռէ:

Դաշնակցութեան ծնունդի օրերուն անկախ պետականութեան մը անմիջական ծրագիրը չկար: Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով նախնական ծրագիրը կարեւոր յաւելում, աճ արձանագրեց: Այսօր ճիգ կ՛ըլլայ Հայաստանն ու հայութիւնը վերադարձնելու Թուրքիոյ գերիշխանութեան (իրողական թէ իրական) տակ` ստրկութեան դարաշրջան: Այդ փորձերուն ցանկագրումը պիտի չընենք այստեղ, այլ բաւականանանք նշելու գլխաւոր մարզերը սկսելով տնտեսական-շուկայականէն եւ հասնելով մինչեւ հողերու յանձնում եւ հայկական էութենէն հրաժարում:

Ազգի պահպանման եւ արդար Դատին ի խնդիր պայքարը դարձեա՛լ պիտի միացնէ բոլորիս ձեռքերը, որքան ալ որ անբարեյոյս թուին Հայաստանի ու ազգի երկնակամարը մթագնող ամպերը: Դաշնակցութեան եւ այլ կուսակցութեանց ծնունդէն շատ առաջ հնչած են Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մենք»-ին ու Ռափայէլ Պատկանեանի «Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին, Հայ ազգ ի մի գումարուէր (…) Հայե՛ր, երբեք չերկմտենք,

Կը կատարուի այդ ամէն, եթէ իսպառ մենք հանենք փոքրոգութիւն մեր սրտէն» (կրնանք աւելցնել` ստրկամտութիւնը) ու նման երգեր, որոնք լայն արձագանգներ գտան յաջորդ տասնամեակներուն, մեր անմահ բանաստեղծներուն եւ գրողներուն էջերուն, նոյնինքն Դաշնակցութեան եւ ազգային կուսակցութեանց գործին մէջ: Պիտի վերագտնենք այն ուժն ու կամքը, որ փոթորկայոյզ աշխարհին մէջ, գերհզօր թշնամիներուն դիմաց, մենք բոլորովին անզօր ու անօգնական չենք, եթէ վերականգնենք ճի՛շդ կշռադատելու եւ ճիշդ գործելու ունակութիւնը:

Յունուար 2024

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Վերահաս Վտանգին Դիմաց Պարտի Վերանայիլ Իր Ռազմավարութիւնը Եւ Առաջնահերթ Դարձնել Հայրենիքի Փրկութեան Գործը

Յաջորդը

Խմբագրական. Յանուն Մեր Պահանջատիրութեան Սահմանադրականութեան (ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.