Տանըլտ Թրամփը, ի վերջո՜յ, իր «մուրազ»-ին հասաւ եւ եղաւ 47-րդ նախագահը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն:
Դիւրին եղաւ թէ դժուար, հարցը այդ չէ, այլ` իր փառամոլութիւնը եւ վճռակամութիւնը. յամառութիւնը եւ անտեղիտալիութիւնը, որոնք երբեք դադար եւ ընդհատում չունեցան անցնող չորս տարիներուն, երբ երկրորդ շրջանի մը համար իր ընտրութիւնը ձախողեցաւ:
Ահաւասիկ ներկայիս ան նուաճած է Սպիտակ տան… ոսկեայ աթոռը, նախ` իր համակիրներուն ու հետեւորդներուն հաստատելու, որ ինք կը մնայ ամէնէն ուժականն ու արժանաւորը, ապա` իր հակառակորդներուն փաստելու, թէ ինք անժամանցելի եւ անփոխարինելի է:
Իրաւունք ունի թէ ոչ, ատիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի, քանի իրեն հետաքրքրողը «բարձունք»-ին վրայ թառիլն ու թռչիլն է, այլեւ` հոն մնալն ու յամենալը, անկէ դիտելու ու վայելելու աշխարհը, հոնկէ գնահատելու ու խոր չափելու մարդկութիւնը, չէ՞ որ ան ինքզինք կը նկատէ ամենազօրը, ամէնէն մեծը, ամէնէն հեղինակաւորը, ամենակարողը:
Միւս կողմէ, սակայն, արդեօք կը կարծէ կամ համոզուա՞ծ է ան, որ ինք պիտի կարենայ լուծումի կամ դարմանումի եզրեր գտնել աշխարհի տարածքին կուտակուած ու տարածուած քաղաքական-ապահովական-տնտեսական հանգոյցներուն, որոնք կը վխտան ու կը խլրտան ամէնուրեք:
Աւելի՛ն. ներամերիկեան տագնապները իրենց բազմազան օրակարգերով ու բազմաբնոյթ թղթածրարներով սկսած են հասնիլ մտահոգիչ սահմաններու, մեծապէս ահազանգային դարձնելով ժողովուրդի մեծ մասին վիճակը. արդեօք, այս պարագային, ան պիտի կարենա՞յ համահունչ ու խորաշունչ փրկութեան հնարքներ գտնել` հանգստացնելու ամերիկեան հասարակութիւնը:
Անշուշտ Թրամփը միշտ լաւատեսութեամբ ու գոհունակութեամբ կը շարժի ու կ’ուզէ հաւատացնել ժողովուրդը, թէ ամէն ինչ բնականոն ընթացք մը պիտի ստանայ, որովհետեւ, ըստ իրեն, իր մտածումներուն ու հեռանկարներուն մէջ այլընտրանք չկայ եւ չի տեսներ ուրիշ ելք:
Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, Թրամփ իր յաջողութեան մէջ ոչ մէկ կասկած ունեցած է` ի յառաջագունէ նախապատրաստած ըլլալով իր պետական-քաղաքական, կառավարական-ժողովրդական ծրագիրները եւ ուղեգիծները, եւ արդէն իսկ ինքզինք կը համարէ(ր) կազմ ու պատրաստ իշխող հզօրութիւն մը:
***
Այդուհանդերձ, երբ լայն եւ անմիջական խորապատկերի վրայ կը դիտենք Թրամփի ընտրութիւնը` անոր դիմագրաւելի մարտահրաւէրներով եւ ստանձնելի պարտաւորութիւններով, ներքին թէ արտաքին պայմանագրութիւններով, պահ մը կը ստիպուինք տարակուսիլ, տատանիլ եւ երկմտիլ, թէ ան ինչպէ՞ս պիտի տնօրինէ, կարգադրէ կամ կազմակերպէ երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքական կարգավիճակները եւ որքա՞ն ժամանակամիջոցի մը տեւողութեամբ:
Չէ՞ որ իր նախորդները, իւրաքանչիւրը` իր հայեցողութեամբ, տեսանելիութեամբ կամ դատողութեամբ, աւեր մը, ձախաւերութիւն մը, ձախողութիւն մը արձանագրած են ու զանոնք, կուտակած ու ժառանգած` իրենց յաջորդին, իսկ այդ բոլորը այսօր «հանգրուանած» են Թրամփի ծոցատետրին ու ձեռնապայուսակին մէջ:
Իսկ ատոնք այնքան ծանր կը կշռեն, որ աներեւակայելի ըլլալու չափ մեծկակ են` իրենց բովանդակութեամբ, տարողութեամբ, սրութեամբ, կարեւորութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, առանց մոռնալու կամ անտեսելու, որ այս հրատապութիւններն ու հրամայականութիւնները առաջնորդելու համար դէպի ապահով ու բարւոք ափեր կարիքը ունին գերբնական ճիգերու, ջանադրութիւներու, հետեւողութիւններու եւ գործադրութիւններու:
***
Վստահաբար մեզ եւ ընդհանրապէս ընթերցողը ամէնէն աւելի կը հետաքրքրեն, թէ պրն. Թրամփը եւ իր վարչակարգը, որոնք խոստումներ բաշխած են, յանձնառութիւններ կատարած` օգնելու այս կամ այն կողմին, զօրավիգ կանգնելու ասոր կամ անոր սուր ճգնաժամին, փրկելու անոնք, որոնք կը կարօտին հզօր ուժի մը օժանդակութեան, այսօր բազմագոյն երկընտրանքներու մէջ կը գտնուին:
Նման իրավիճակներու մէջ գտնուողները շատ շա՛տ են, որոնց գլխաւորները կը հանդիսանան` Կովկասը, Ուքրանիան, Միջին Արեւելքը (Պաղեստին եւ Լիբանան), իսկ այս տագնապներու ետին կայ (պէտք չէ զարմանալ) Ամերիկան` իր նուաճողական, յարձակողական ու կողմնակալական մոլուցքներով:
Նոյնիսկ եթէ անոր դերակատարութիւնները, ազդեցութիւնները եւ յարաբերութիւնները, այս կամ այն ձեւով կամ եղանակով, բացայայտ ու տեսանելի չեն, ատոնք տակաւին ո՛չ արդարացումներ են, ո՛չ ալ չքմեղանքներ, որովհետեւ բոլոր նախանշանները եւ տուեալները կան, որ Ուաշինկթընը իր «թունաւոր մատ»-ը ունի ու «ցնցող թաթ»-ը` այդ անկայունութիւններուն եւ անապահովութիւններուն մէջ, որոնք տեղի կ’ունենան նման մարզերու մէջ, իսկ ատոնք ո՛չ քիչ են, ո՛չ նուազ, ո՛չ ալ արհեստական, այլ` ընդհակառակը, ատոնք զգալիօրէն ու կարծրօրէն կը կիրարկուին:
Պահ մը մեր հայեացքը կեդրոնացնենք Հարաւային Կովկասի վրայ, ուր կան Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւնները, որոնք, ճիշդ է, իւրաքանչիւրը ունի իր պատմական ու տարածքային սահմանները, բայց ունի նաեւ իր մշտանորոգ խախտողները, որովհետեւ զանոնք գրգռողներ ու մղողներ կան, «ռուսական գօտի»-էն ձերբազատուելու կամ թօթափելու անոր ներկայութիւնը, իսկ նման նախափորձութիւն մը բացառուած է պատմականօրէն, այդ տարածքը դարերէ ի վեր գտնուելով ռուսական կայսրութեան գօտիին մէջ, ինչ որ Ամերիկայի համար անընդունելի վարկած մըն է, զայն պահելու համար, մեղմ ըսած, իր հովանիին տակ:
Ասկէ` տիրող ապակայունութիւնները եւ անորոշութիւնները այդ շրջագիծին մէջ, որուն «զոհ»-երէն մէկն ալ նոյնինքն Հայաստանն է` մերթ այս, մերթ այն հորիզոնականներուն վրայ ճօճուելով, առանց յստակ ու համոզիչ քաղաքական ուղեգիծի մը:
Պրն. Թրամփը, որ իր «պրիսմակ»-ին տակ կ՛ուզէ առնել (կամ պահել) այս գոյավիճակը, հաւանաբար, միջին եզր մը գտնելու ճիգով, արդեօք ի՞նչ հիմունքներով ու սկզբունքներով պիտի կարենայ ձիւնհալի մը հասնիլ, երբ «ռուսական արջ»-ը հոն բազմած է:
Երկրորդ` Ուքրանիոյ ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ, հոն բարօրական ի՞նչ դեր կրնայ վերցնել պրն. Թրամփը, երբ անփառունակ վիճակին հասցնողը նոյնինքն Ամերիկան է` մէկ կողմէ հրահրելով ու զինելով Ուքրանիան, միւս կողմէ` նոր, հակառուս բեւեռ մը սնուցանելով հոն, մանաւանդ որ իր նախորդը խիստ տխուր դերակատարութիւններ ունեցաւ պաշտպանելով ու զինելով Քիեւը` ընդդէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան:
Երրորդը` պաղեստինեան-լիբանանեան ճակատն է, որ նորութիւն չէ, աւելի քան բազմամեայ տարիներու պատմութիւն ունի իր տաք ու պաղ ջերմաստիճաններով, քաղաքական վերիվայրումներով ու տարածքային թափանցումներով, որոնք միշտ ալ դամոկլեան սուրի ահագնութեամբ սպառնացած են շրջանի խաղաղութեան, որուն մէջ դարձեալ Ամերիկան անբաղձալի եւ անհաշտ ոտնձգութիւններով հանդէս եկած է` ոչ անպայմանօրէն կողմ դառնալով, այլ գլխաւորապէս (եւ ատիկա աւելի քան վտանգաւոր է) բռնկող ու բորբոքող մթնոլորտներ ստեղծելով, յետոյ ալ խաղաղարարի դեր վերցնելով: Այնքան ատեն որ Ուաշինկթըն իր հրեայ վարչակարգի յաջորդական կազմերով եւ անձնաւորութիւններով տիրող ու խայթող ներկայութիւն մըն է, ի՞նչ կ’ակնկալուի նման մեծապետակա՜ն քաղաքակիրթներէ, բացի այն խաւարամարութիւններէն, խոշտանգութիւններէն ու լլկութիւններէն, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին ու կը գործադրուին:
Սակայն ամէնէն աւելի տագնապեցնողն ու մտատանջողը Հայաստա՛նն է` ազրպէյճանական նախայարձակումներով, ու Լիբանանը` իսրայէլեան միջամտութիւններով, երկուքն ալ մնալով ծայր աստիճան հակառակորդներ ու բռնագրաւողներ, որոնց դէմ ո՛չ ՄԱԿ-ը, ո՛չ ալ ազդեցիկ պետութիւններ անխստաբարոյ եւ անտարբեր վարքագիծներ որդեգրած են, թերեւս ալ աւելին` երկու բռնազաւթիչներու նկատմամբ կը տածեն հանդուրժողական ու համաձայնական վերաբերմունքներ, բնական է` իրենց ՇԻԼ հաշիւներէն մեկնելով:
Ամերիկայի ընտրեալ նախագահը, գէթ այս երկու հրատապութիւններուն, նաեւ` Ուքրանիոյ պարագային, ինքզինք այնպէս ներկայացուցած ու ձեւացուցած է, թէ յաջողութիւն արձանագրելուն պէս` իր գլխաւոր գործերէն պիտի ըլլան նման տագնապներու եւ առճակատումներու գծով զբաղիլ` առնուազն մեղմացնելով հակամարտութիւնները, հասնելով հասարակաց յայտարարներու:
Անիկա չնշեց կամ չանդրադարձաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան իր վարչակարգին կեցուածքները, եւ ինչպէ՞ս դրական կամ ընդունելի արդիւնքներ կրնայ ձեռք ձգել, անգամ մը եւս, խնդրոյ առարկայ կողմերը (յատկապէս` իրաւատէրերը եւ արդարապահանջները) չմատնելու համար անորոշութեան եւ տատամսութեան, որովհետեւ` բոլոր պարագաներուն ալ (իմա` Լիբանան, Պաղեստին, Հայաստան) ան չի կրնար անտեսել Իսրայէլը եւ Ազրպէյճանը, որոնք եթէ ոչ դաշնակից, գէթ բարեկամներ են, հետեւաբար ան չի կրնար հրաժարիլ անոնցմէ, յանուն Հայաստանի մը կամ Լիբանանի մը:
Չենք գիտեր, թէ լիբանանցիներն ու հայաստանցիները ինչպէ՞ս ընդունեցին Թրամփի «փափկանկատ» արտայայտութիւնները, որքա՞ն հաւատացին անոր եւ իրենց քուէները ինչպէ՞ս զետեղեցին, բայց մեկնելով ամերիկեան ԲԱԶՄԱԼԱՐԵԱՆ աւանդութիւններէն` ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ «բան մը» կրնայ փոխուած ըլլալ, կամ Թրամփը ի վիճակի կ’ըլլայ ամերիկեան թմբիրէն դուրս թռչելով` նոր եւ ուշագրաւ աշխարհաքաղաքականութեան ուղի մը հարթել:
Թրամփի մերձեցումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հեռաձայնային ջերմ հաղորդակցութեան մը ընդմէջէն, անտարակոյս բարացուցական է, երբ կ’ողջունէր ամերիկահայութեան շինիչ դերը եւ առհասարակ` սփիւռքահայութեան, իր համակրանքը ցոյց տալով անոնց, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսը, առիթը պատեհ գտնելով, յիշեցումներ կը կատարէր հայ ժողովուրդի բռնագրաւեալ հողերուն մասին` դիտել տալով, որ անոնք պէտք է վերանայուին ու նոր հունաւորումով զարգանան յաչս արդարութեան եւ ճշմարտութեան:
Իսկ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այն ակնարկութեամբ, ուղղուած` Թրամփին, թէ Միշիկընի (Միացեալ Նահանգներ) լիբանանցիներուն մեծ մասը շիի է եւ ի նպաստ իրեն քուէարկած է, անուղղակի ձեւով իր մտերմական դիրքորոշումը փոխանցած է անոր եւ առ որ անկ է:
Այս երկու վկայութիւնները բաւարա՞ր են, գոհացնո՞ղ յուսալու ու հաւատալու, որ Թրամփէն կարելի է… «հրաշք» մը ակնկալել, թէ՞ այս ալ իր նախորդներուն կրկնութեան կը վերածուի` ձայն բառբարոյ յանապատի տրամաբանութեամբ:
Բաց աստի, հետաքրքրական պիտի չըլլա՞ր, որ հրապարակուի, մօտաւոր կամ մասնակի տուեալներով, թէ ամերիկահայութիւնը ի՞նչ դիրք բռնած էր նախագահական ընտրութեանց ընթացքին. կա՞ր միասնական թեկնածուի մը շուրջ համախմբուելու հաւանականութիւնը, թէ՞ ձայները, առաւել կամ նուազ արդիւնքներով, բաժնուած էին:
Յամենայն դէպս ժամանակն ու պայմանները ցոյց պիտի տան, թէ ամերիկեան վարչակարգը ի՛նչ դիրք պիտի բռնէ այս (կամ այլ) հիմնահարցերու շուրջ, որոնք շահագրգռող կողմերու համար կենսական ու ճակատագրական կրնան ըլլալ:
Այդուհանդերձ, մետալին ո՞ր երեսով ու կողմով պէտք է նայիլ այս նորօրեայ եւ հետագայ իրադարձութեանց թաւալքին, որովհետեւ հիասթափութիւնը եւ յուսախաբութիւնը միշտ ալ աքցանած են ազատութիւնները եւ ժողովրդավարութիւնները, իսկ անարդարութիւններն ու կողմնակալութիւնները միշտ… «յաղթանակած» են:
(Պէյրութ)