2025-ի Մեր Յոբելեարները
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Վարը նշուած բոլոր անունները, իրենց յոբելենական թուարկումներով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն իրենց մտքով եւ հոգիով` պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Այս բոլոր անունները կ'ապրին այսօր ու պէտք է, որ ապրին` իբրեւ մէկական ընտրեալներ մեր ազգին, որոնց խօսքն ու գործը կը փայլին ժամանակին հետ: Իւրաքանչիւր անուն որ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի...


















