Պոլսահայ բանաստեղծ, բանասէր եւ բժիշկ Իգնա Սարըասլան Ս. Ծնունդի խթման երեկոյին մասին ունի գեղեցիկ խորհրդածութիւն մը, ուր կ՛ըսէ.
«Խթման գիշեր
Եւ գիշերուան մթութեան մէջ մենք
Լապտեր մը մեր ձեռքին
Տուներու զանգակը կը զարնէինք
Վար կ՛իջնէին- դուռը կը բանային
Դրան սեմին կամ մուտքին
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» կ՛երգէինք
Քանի՞ տան դուռը կը բախէինք չեմ յիշեր
Մենք առանձին կամ տնեցիներուն հետ միատեղ
Միշտ նոյնքան խանդավառ եւ լիահագագ
Քանի՞ տան սեմին վրայ կ՛երգէինք չեմ գիտեր
Երբ կը յիշեմ այդ օրերը
Կը տարուիմ խորհելու, թէ
«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»-ն
Մեր երգած շարակա՞նն էր
Թէ ոչ մեր ապրած օրերը»:
Այս խորհրդածութիւնը ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ թուղթին յանձնուած է, չենք գիտեր: Սակայն գիտենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մանկութեան ապրած է գրագէտին նշած մեծ եւ սքանչելի այդ խորհուրդը:
Կար ժամանակ, երբ Ս. Ծնունդի տօնին դպրաց դասեր կը շրջէին հայահոծ թաղամասերը եւ կ՛այցելէին ազգայիններու տուները` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» աւետելով բոլորին: Սովորաբար անոնց կ՛ընկերակցէր աքորտէոնիստ մը կամ ծնծղայ նուագող մը: Այդ օր, այդ գիշեր, դուռ-դրացի, ազգական-բարեկամ կը հաւաքուէին իրարու մօտ` միասնաբար ողջունելու համար Փրկիչին ծնունդը: Մարդիկ գոհունակութեամբ կը դիմաւորէին Ս. Ծնունդի շարականներ երգող դպիրները եւ յատուկ նուէրներով կը գնահատէին զանոնք:
Խթման երեկոն կրօնական երկիւղածութեան, յարգանքի եւ բարեպաշտութեան առիթ մըն էր, զոր մարդիկը կը մղէր խորհրդածելու սիրոյ, հաւատքի եւ խաղաղութեան արժէքներուն մասին, որոնց պատգամաբերը պիտի ըլլար այդ օր Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնող մանուկը:
Իր միսթիք մթնոլորտով խթման երեկոն նաեւ ընտանեկան շրջանակներ քով-քովի բերելու միջոց մըն էր: Իւրաքանչիւր գերդաստան Աւետիս անունը կրող մը ունէր անպայման, եւ խթման երեկոյեան Աւետիսին տունը հաւաքուիլն ու անուանակոչութիւնը տօնելը հաճելի սովորութիւն էր:
Պարզութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ընտանեկան ջերմութիւնը տիրապետող երեւոյթներ էին այդ օրերուն: Կեանքը տարբեր էր: Օրերը ուրիշ էին:
Յետոյ կեանքը սկսաւ փոխուիլ: Աւելի ճիշդ` մարդի՛կ սկսան փոխուիլ եւ խթման երեկոն հետզհետէ պարպուեցաւ կրօնական իր իմաստէն, քրիստոնէական-մարդկայնական իր արժէքներէն եւ շատերու համար վերածուեցաւ տուներէն դուրս կազմակերպուող խրախճանքի եւ կերուխումի առիթի: Անուանակոչութիւնը կամաց-կամաց մոռցուելու սկսաւ, մանաւանդ որ Աւետիս անունը կրողներուն թիւն ալ նուազեցաւ: Աւոն, Աւտիսը կամ Աւետիսը փոխարինուեցան օտարահունչ այլ անուններով:
Օրերու հետ Ս. Ծնունդի խրախճանքները մեծցան, բազմացան եւ այսօրուան փարթամ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն վերածուեցան:
Անշուշտ ո՛չ ոք կրնայ դէմ ըլլալ պարահանդէսի եւ ուրախութեան գաղափարին, պայմանաւ որ, սակայն, ան չըլլայ ի հեճուկս օրուան խորհուրդին, որ Աստուածորդիին ծնունդն է` մարդկային կեանքի ամէնէն պարզ, դժուար ու աղքատ պայմաններուն մէջ: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել այս խորհուրդը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր կատարուող ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն հետ: Կ՛արժէ մտածել անպայման:
Կ՛արժէ մտածել նաեւ, թէ մարդիկ ի՛նչ վիճակով կրնան ներկայ ըլլալ Ս. Ծնունդի յաջորդ առաւօտեան պատարագին: Իսկ արդեօ՞ք կրնան ներկայ ըլլալ… անքուն եւ կէս հարբած վիճակով:
Բայց ի՞նչն է, որ մարդոց կ՛արգիլէ Ս. Ծնունդի պարահանդէսները յունուար 6-ի երեկոյեան կատարելը, տրուած ըլլալով, որ յաջորդ օր մեռելոց է, եւ մարդիկ կրնան որեւէ ժամու գերեզմանատան իրենց այցելութիւնը կատարել: Ո՛չ մէկ բան կ՛արգիլէ:
Ու տարօրինակ չէ՞, որ նոյն սովորութիւնը Զատկուան պարագային ընդհանրացած չէ, գէթ՛ մինչեւ օրս: Մարդիկ Զատկուան խթման գիշերը տունը կը մնան եւ տունէն կ՛ողջունեն Փրկիչին յարութիւնը` ի տարբերութիւն Ս. Ծնունդին, երբ նոյն Փրկիչին աշխարհ գալուստը կը դիմաւորեն ճաշարանային երգ ու պարով:
Հետեւաբար արդար ակնկալութիւն է, որ միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անհատ ազգայիններ Ս. Ծնունդի իրենց պարահանդէսները կազմակերպեն ո՛չ թէ յունուար 5-ի երեկոյեան, այլ` յունուար 6-ի գիշերը, երբ մարդիկ ազգային-եկեղեցական իրենց պարտաւորութիւնները աւարտած կ՛ըլլան` իրենց մասնակցութիւնը բերելով այդ առթիւ կատարուած կրօնական զանազան արարողութիւններուն:
Ակնկալութեան հիմքը կրօնասիրութիւնը չէ անպայման: Հաւատքը անհատական խղճի հարց է: Ակնկալութեան մեկնակէտը ազգային է, հայկակա՛ն է, որովհետեւ Ս. Ծնունդի տօնը, ինչպէս` եկեղեցական տարբեր տօները, ազգային մեր ինքնութիւնը ամրապնդող կարեւոր առիթ է:
Ազգային տօներն են, որոնք մեր սեփական դիմագիծն ու ինքնութիւնը կը կերտեն եւ մեզ ուրիշներէն կը զանազանեն: Ուրիշներէն տարբեր ըլլալը ինքնանպատակ չէ այս պարագային, այլ սեփական ու հարազատ էութիւնը պահպանելու միջոց է:
Չի՞ բաւեր արտաքին հոսանքներ որքան բան կը խաթարեն հայեցի մեր դիմագիծէն եւ էութենէն: Մենք, մեր կարգին, օտարին ջաղացքին ջուր չլեցնենք եւ մեր ձեռքով չկատարենք այն, ինչ որ ուրիշներ պիտի չյաջողէին կատարել:
Օտարներ մեզ կը յարգեն մեր ինքնուրոյնութեամբ, մեր ազգային աւանդական արժէքներով: Ս. Ծնունդը այդ ինքնուրոյնութեան արտայայտութիւններէն մէկն է, ուզենք կամ չուզենք: Չմոռնանք, որ Խաղաղութեան Իշխանին երկրպագող ու հետեւող աշխարհի առաջին պետութիւնը եղած ենք: Մեր երկիրը լայն բացած ենք անոր դիմաց: Ապրած ենք «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»` ի հարկին քալելով «իմացեալ մահուան» ճամբէն: Մեզի համար հայ ըլլալը երբեք անհատական ընտրութեան հարց չէ եղած, այլ` արեան, հողին, մշակոյթին, եկեղեցւոյ եւ պատմութեան պատկանելիութիւն:
Այս տրամաբանութեամբ ալ յունուար 6-ը մեզի համար երբեք սովորական «Քրիսմըս» չէ եղած ու պէտք չէ չըլլայ: Մեզի համար յունուար 6-ը Հայկական Սուրբ Ծնունդն է, զոր համոզումով եւ սովորութեամբ պէտք է պահենք հայկական, տօնենք զայն հայկական շունչով եւ ամէն տարի արժեւորենք հայկական խորքով ու ձեւով:



