ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Արի՜, Նո՛ր տարի,
Բայց… այնպէ՛ս արի,
Որ աւելանայ աշխարհի բարին,
Եւ այդ աշխարհի բախտի վրայով
Խեւօրէն ձգուած մետաղալարին
Լարախաղացի ծպտըուած տեսքով Չա՛րը չպարի`
Ողջ մարդկութեանը դնելով ծանօթ ծաղրածուի տեղ…»
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Ամէն տարի 31 դեկտեմբերը կանխող շաբթուան ընթացքին աշխարհի վրայ ապրող մարդիկ կը մտածեն, կը ծրագրեն` ինչպէ՛ս լաւագոյն ձեւով տօնել Ամանորը, տարեմուտը: Շատեր ճոխ ու փարթամ ուտելիքներով լեցուն ճաշասեղանի մը շուրջ կը նկատեն լաւագոյնը, ուրիշներ շուկայ կը մեկնին լաւագոյն նուէր գնելու` իրենց սիրելիին, հարազատին հանդէպ սէրն ու գորովը արտացոլացնելու: Տակաւին, ցանկը երկար է, եթէ ուզենք թուագրել, ինչպէս` հրավառութիւն կատարել, կրակել եւ ուրիշ շատ մը երեւոյթներ, որոնք ոմանց համար յոռի կը թուին, իսկ ուրիշներու համար` ճիշդ եւ ընդունելի: Մէկ խօսքով, գաղափարը պահուած է` սիրոյ, մտերմիկ սեղանի մը շուրջ համախմբուիլը, սակայն կը մնայ մտածել Նոր տարուան խորհուրդին մասին, որ կերուխումէն եւ նուէրներէն բացի` պարզութիւնը պահելն է:
Այս յօդուածիս ալ նպատակն է լոյս սփռել Ամանորի ճիշդ խորհուրդին եւ պատգամին մասին` ոչ հեռու, մօտիկ անցեալէն յուշեր վերաթարմացնելով եւ զայն յանձնելով ընթերցողներուն ուշադրութեան:
Մանկութեան Յուշեր
Իւրաքանչիւր տարիք եւ փուլ մարդկային կեանքին մէջ ունի իր անուշութիւնն ու վայելքը: Հակառակ անոր որ մանուկ եղած միջոցին մեծաւ մասամբ բոլորս կը ցանկանք մեծնալ եւ վայելել այն եզակի ազատութիւնը, որ թռիչք կու տայ մեր հոգեկան աշխարհին` պահ մը իրագործում ալ սեպելով զայն: Այսուհանդերձ, մանկութեան յուշերը կը մնան գերազանցապէս գեղեցիկ եւ անդառնալի: Այսպէս, նախակրթարանի տարիքի փոքրերս մեր դպրոցական Նոր տարին այնքան պարզունակ էր (պահ մը կ՛ուզես վերադառնալ այդ ժամանակը), որ մենք անհամբեր կը սպասէինք այդ օրուան` Կաղանդ պապուկին ժամանումին, իր բերած կաղանդչէքին (ծրարիկի մը մէջ` չիր, չամիչ, ընկոյզ), մեր սրտանց երգեցողութեան, բարձրագորգոռ ասմունքներուն: Դպրոցէն հրաժեշտ տալէ ետք կը մեկնէինք տուն: Այնտեղ եւս` համեստ տօնակատարութիւն մը, նուէր կը ստանաս այն պայմանով, որ դպրոցական նիշերդ պատուոյ ցանկի վրայ գտնուին, եւ վարքդ գերազանց ըլլայ: Եւ այդ նուէր-խաղալիքը որքան խնամքով կը պահէինք, նոյնիսկ` հիւրերու ժամանման ընթացքին (եթէ նախապէս տեղեակ ըլլայինք չարաճճի փոքրիկի մը ներկայութիւնը) անիկա մեր խնդրանքով կը պահուէր, որպէսզի այդ հիւր- փոքրիկը չփճացնէ այդ նուէրը:
Նոր Տարուան Նամակագրութիւնը
Իւրաքանչիւր Նոր տարուան սեմին, հայերէնի ուսուցիչին թելադրութեամբ, նամակ կը գրէինք Կաղանդ պապային եւ այդ նամակը կը զետեղէինք տան մէջ տօնածառին ճիւղերուն վրայ: Այնքան անմեղ մանկական մտածում մը ունէինք, որ Կաղանդ պապան անպայման այդ նամակը կ՛առնէ եւ կը կարդայ: Այս ալ աշակերտներուն մտքերուն թռիչք կու տար, եւ իւրաքանչիւրս իրարու կը հարցնէինք, թէ ո՞վ ի՛նչ նամակ գրեց եւ Կաղանդ պապան արդեօք նամակը առա՞ւ եւ իր փափաքած նուէրը բերա՞ւ: Եւ ահա փոքրիկներուն մօտ անհամբեր դառնալու մտադրութիւն մը կը ստեղծուէր, որ կը փարատէր Նոր տարուան գիշերը` Կաղանդ պապուկի ժամանումով:
Նոր Տարուան Հագուստ
Մենք սորված էինք, որ անփոյթ պէտք չէ վարուինք մեր կօշիկներուն եւ հագուստին հետ, որովհետեւ տարին գէթ երկու անգամ` Նոր տարիին եւ Ծաղկազարդ-Զատիկի տօներուն միայն նոր կօշիկ եւ հագուստ կը գնէին մեր ծնողները եւ անշուշտ իրենց ճաշակին համապատասխան: Այդ նոր հագուստները այնքան ուրախութիւն կը պատճառէին մանուկներուն, որ տօնին օրը պսպղուն ժպիտ մը կ՛ուրուագծուէր անոնց անմեղ աչուկներուն մէջ:
Նոր Տարուան Շնորհաւորանքներ
Բացի Նոր տարուան գիշերը ընտանիքի անդամները զիրար շնորհաւորելէ ու ողջագուրուելէ, արդէն 1 յունուարը արձակուրդի օր ըլլալէ բացի, շնորհաւորական փոխադարձ այցելութիւն տալու օր էր: Ընտանիքի բոլոր անդամները տօնական նոր հագուստներով ծնողքին հետ պէտք էր շնորհաւորէին հարազատ-ազգականները, անշուշտ` այդ ալ պատշաճութեամբ: Հիւրասիրութեան պարագային պէտք էր հետեւէինք ծնողքին հաւանութեան, որպէսզի հիւրընկալողները լաւ կարծիք կազմէին այցելութեան եկողներու կրթութեան մասին: Այս սովորութիւնը որքան հաճելի կը թուէր յատկապէս երեխաներուն համար, որովհետեւ դասի մթնոլորտէն անկախ, այցելութիւն-ժամանցը հոգեկան բերկրանք կը պատճառէր թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ փոքրերուն համար:
Ներկայ Դարուն Նոր Տարին
Ոչ հեռու անցեալին այսպէս վարժ էին տօնել Նոր տարին, հեռու` ցուցամոլութենէ եւ ճոխութենէ: Այո՛, իրաւացի է, որ դարը փոխուած է, արհեստագիտութիւնը չափազանց զարգացած է, վերջապէս, մարդը քայլ պահելով այդ զարգացման հետ, մոռցած է ոչ միայն տօնին խորհուրդը, ինչպէս` փոխադարձ յարգանք, գոհունակութիւն, համեստութիւն, խաղաղութիւն, աշխատասիրութիւն, ազնուութիւն, համեստութիւն, այլ նաեւ դարձած է ներանձնական եւ մոռցած` աւանդական այցելութիւններն ու հարազատներու հանդէպ սէրը: Ստորեւ նշուած կէտերը որքան այժմէական են, նոյնքան ալ անհրաժեշտ` նախ իբրեւ հայ ժողովուրդ սփիւռքի մէջ, ապա Հայաստանի մէջ պահելու մեր արժէքները, ինքնութիւնը, ազգային դիմագիծն ու մեր գոյատեւումը: Փաստօրէն ճգնաժամային պայմաններու մէջ գտնուող հայաշխարհն ու սփիւռքը, մեր ապագայ սերունդին ի խնդիր, նորարար աշխարհին մէջ հարկաւոր է պահպանեն սկզբունքներն ու մեր նուիրական արժէքները` ընտանիքը, եկեղեցին, դպրոցն ու ակումբը, որպէսզի երաշխաւորենք մեր գոյութիւնը եւ մնանք պատնէշի վրայ` ի խնդիր հայ ժողովուրդի բարօր կեանքի եւ մեր հայրենիքի անսասանութեան:
Համօ Սահեանի այնքան հարազատ բանաստեղծութիւնը թող լուսատու փարոս դառնայ իւրաքանչիւր հայու բաբախող սրտին.
«Մեր սրտերում ուրախութեան
Կրակն այնպէս թող ճարճատի,
Որ էլ հոգսի հետք չմնայ
Կնճիռներում մեր ճակատի»:
Շնորհաւոր Ամանոր: Գալուստը ըլլայ բարի:


