Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորեան «Զարդեր»

December 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նոր տարուան սեմին ինքզինքս վերագտնելու եւ վերարժեւորելու միտումով, աւանդութիւն յարգողի ճշդապահութեամբ, սենեակէս ներս քաշուելով, սեղանիս դիմաց նստած, աչքերս անոր վրայ դիզուած թուղթերուս եւ յուշատետրիս կեդրոնացած` առանձնանալու կարիքը կը զգամ: Անկեղծօրէն, ինքնութեանս հաւատարիմ մնալու տեսակ մը կանչին հնազանդ քայլ մըն է այս մէկը: Եթէ կ՛ուզէք, ինծի համար` անմեղ որդեգրում մը: Եզակի եւ շատերու համար` քիչ մը տարօրինակ: Որովհետեւ այդ պահուն եւ ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ: Յանկարծ առողջ միտքեր այցի կու գան: Ազնիւ ցանկութիւններ կը ծագին: Ու գրիչը աչք ըրած, սիրտ ըրած, միտք ըրած` բաց կ՛ընես կեանքդ: Ու այդ վայրկեանին կարճ եւ երկար տողերով կ՛ուզես գրի առնել  ամէն բան, կամ կ՛ուզես արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն կամ բարենիշ` մտքիդ մէջ ամբարուած էին:

Շատ յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, որ ամէնէն ծանր «աշխատանքը» այն է, երբ մարդ, ուրիշներու աչքէն եւ ականջէն հեռու, ինքնիր հետ կ՛ըլլայ: Ինքնիրեն կը խօսի անկեղծօրէն ու պարզ: Կը հակաճառէ: Ինքզինք կը քննադատէ կամ կը համոզէ: Այլ խօսքով` անձայն ինքնազրոյց: Եւ այս ինքնազրոյց ըսուածը «աշխարհի ամենամեծ գաղտնիքներէն մէկն է», ըսած էին մեր մեծերը: Ու ճիշդ էին: Եւ դուն ալ հնազանդօրէն կը հետեւիս այս վարկածին…

Ապա ինքնաբերաբար մտքիդ մէջ դէպքեր եւ դէմքեր կը սկսին իրենց անաղմուկ տողանցումին, յաճախ յուզումով, երբեմն` ուրախութեան գիծեր բերելով դէմքիդ: Հազար անգամ երգուած կրկնուած խօսքերդ, միտքերդ եւ զգացումներդ կը յիշես` միաժամանակ սրտիդ մէջ պահելով միշտ հին նկարները: Հակառակ այս բոլորին` կ՛ուզես մտածումներովդ լռութիւնն ու ուրախութիւնը որսալ: Յետոյ դուն քեզի կը սկսիս այս երեւոյթներուն վերլուծումներուն:

Նախ` կը յիշես, թէ անցնող երեք հարիւր եւ աւելի օրերու ընթացքին աշխարհ ինչպէ՛ս բազմացաւ եւ լեցուեցաւ նոր ծնունդներով եւ հազարաւոր գերեզմաններով: Պալատներ եւ խրճիթներ շէնցան: Մարդիկ աւելի չարացան: Հոս-հոն պատերազմներ մղուեցան: Տուներ եւ շէնքեր քանդուեցան: Տեղահանութիւն: Մահ: Ողբերգութիւն: Շատեր առ յաւէտ հեռացան, ոմանք` տարիներու բեռան տակ կքած, ուրիշներ` դեռ երիտասարդ, կեանքի գարունը հազիւ բոլորած:

Ահա թէ ինչո՛ւ համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անապահով ներկայ վիճակին մէջ, մեր ամէնօրեայ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, այս օրերուն կրկին անգամ բոլորս նոր յոյսեր շարած, մեր կեանքի զանազան հորիզոններուն վրայ, դարձեալ մեր աչքերը կը յարենք դէպի այս նոր անծանօթին եւ կը փորձենք` դրական մտածել, երազանքի եւ յոյսերու խարոյկներ վառել, նոր լոյսի նշաններ որոնել, նոր սիւներ ծրագրել ու կառուցել, որպէսզի մեր կեանքի տանիքի ծանրութիւնը քիչ մը երկար դիմանայ ու չկքի:

Տխուր է աշխարհի ներկայ իրականութիւնը: Որովհետեւ, անէ՛ծք սատանային, տակաւին բարութեան եւ չարութեան մրցակցութիւնը կը շարունակուի: Իրապէս որ աշխարհը հիւանդ է:

Ու այս բոլորէն ետք նաեւ ըսեմ, որ կեանքի տեսակաւոր ծանրութիւնը անցեալ տարի իմ վրայ ալ բեռցուեցաւ` ակամայ: Ու այդ բեռը կեանքիս լեղի համ տուաւ: Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած էին առօրեայ բազմազան մտահոգութիւններուն: Այսպէս, թէեւ կարողացայ լոյս ընծայել անդրանիկ վէպ` նոր հատորս, բայց միւս կողմէ, ճակատագրի որոշումով, այր եւ կին` երկուքս ալ կորսնցուցինք մեր սիրելի եղբայրները: Վիշտ եւ ցաւ: Ասոնց կողքին, ինծի համար մեծ հարցական ալ էր, թէ ես արդեօ՞ք կրցած էի վատն ու լաւը զատորոշել: Ճիշդն ու սխալը զանազանել եւ դիրքորոշուիլ: Ուստի ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն տարիքիս կապած էի, անձէս խուսափելու լաւագոյն միջոցը` թերեւս:

Որովհետեւ հաստատ գիտէի, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար էր բռնել կեանքը: Անդին`

Ճակատս տարիներէ ի վեր արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանէր, իսկ մազերս պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած էին: Բայց, հակառակ այս բոլորին,  դարձեալ կ՛ուզէի յիշել` հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ պատանեկութիւնս ու երիտասարդութիւնս մեծցան, անուշ եւ անմեղ օրերով:

Արդ, անկախ անձնական յուզումներէ, յոյսերէ, մտորումներէ, ակնկալութիւններէ, ուրախ եւ տխուր պահերէ, հիմա որ Կաղանդի խորհուրդը կայ ամէն տեղ ու Նոր տարին արդէն բոլորին տան սեմերէն ներս է. այս բոլորէն թելադրուած, կարծես նոյնիսկ օրուան մթնոլորտէն քաջալերուած` կ՛ուզեմ արժեւորել նաեւ մեր ազգային կեանքը:

Ըսեմ, որ տեսանելի է, թէ հայուն մէջ դարձեալ յուսահատ պայքար մը կայ: Անոր համար ներկայիս հայկական մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք ամէն տեղ:

Ու ամանորեան այս մթնոլորտը կ՛օգնէ, որ անպայման պահ մը յատկացնենք, խորհրդածենք մեր գաղութին, սփիւռքներուն եւ հայրենիքին մասին: Նաեւ` կատարենք ընդհանուր արժեւորում մը մարդոց հետ մեր յարաբերութիւններուն, մեր միութիւններուն, մեր կազմակերպութիւններուն, մեր պետութեան, մեր եկեղեցիին եւ մանաւանդ մեր ազգային հաւատքին ու գիտակցութեան հետ:

Մտքիս մէջ միշտ մեր վաղն է` աւելի լուսաւոր եւ կենսախինդ:

Աւելի՛ն. յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրի մասին, գիրին եւ գրականութեան մասին ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ:

Ճիշդ է, որ սփիւռք կ՛ապրինք, եւ չեմ գիտեր` մինչեւ ե՞րբ, բայց գիտեմ, որ անցեալ տարուան ընթացքին ամէնօրեայ մեր մաշումին երբեմն անտարբեր ականատեսներ ալ դարձած էինք: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած էր նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:

Ու երբ հանդարտօրէն կը վերաքաղենք աշխարհի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերը, կը տեսնենք, որ ազգովին մեզ ալ կլանած են: Ահա թէ ինչո՛ւ հայապահպանման հոլովոյթն ալ  դժուարացած է: Տեսնուած է նաեւ, որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ հայու երազները զարնուած էին դժուարութիւններու ալիքներուն, որոնք կը խորտակէին մեր յոյսերը: Իրապէս որ մեզի հրամցուած էին խաբկանքն ու մխիթարութիւնը, որովհետեւ ամէն տեղ արժէքները փոխուած էին: Ահա ասոնք ալ էին եւ են մեր ազգային իրականութիւնները:

Տակաւին ամէն առիթով խօսեցանք, գրեցինք հայախօսութեան տկարացման մասին: Հայ գիրքի ընթերցման նահանջով մեծապէս մտահոգուեցանք: Խորհրդաժողովներ գումարեցինք: Կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ չգտանք: Ապրեցանք շրջուն իրականութիւն, որուն հաւատք կարելի չէր ընծայել: Ուստի իբրեւ արդիւնք` չկրցանք մեր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները բացայայտել: Ու ի՜նչ լաւ բան է սխալը մատնանշել եւ ապա զայն ճշդելու մասին մտածել: Անոր համար, վերջին, մնացինք յուսահատ եւ ինքնաբերաբար կապուեցանք յոյսին եւ երազին ու այպանեցինք օտարը: Յիշենք, որ միշտ յանցանքը ուրիշին բեռցնելով` կարելի չէ կեանքը շարունակել,  որովհետեւ, կեանքը կ՛ենթադրէ նաեւ պատասխանատուութիւն:

Նաեւ չկրցանք մեր երազին յաղթել: Եւ որպէսզի մենք երազին յաղթէինք, մեզի նոր առաքելութիւն էր պէտք` կեանքի նոր բանալիներով: Բայց… Բոլորս ալ օր առաջ կ՛ուզէինք այս բոլորին դարմանը գտնել, նաեւ` գտնել մեր իսկական ձեռքբերումներուն ու սխալներուն աղբիւրները: Ափսո՜ս…

Իսկ հիմա, այս կարճ տողերէն ետք, նոր տարուան սեմին, լեցուն թոքով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններս ու շնորհաւորանքներս կը փափաքիմ խառնել ու նուիրել բոլոր անոնց, որոնք կը շրջապատեն մեզ:

Նաեւ մաղթանքս է, որ փորձենք դառնալ ներշնչող եւ ապրող հաւաքականութիւն: Ահա` Նոր տարուան առթիւ երազներուս, տենչերուս ու յոյսերուս գունաւոր զարդերէն մեծագոյնը:

Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլան ձեր տրամադրութիւնները, անկեղծօրէն կ՛ըսեմ.

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ` բոլորիս եւ բոլորիդ:

[email protected]

Նախորդը

Զգեստ Մը` Կաղանդ Պապայէն

Յաջորդը

Լալայի ու Արայի Նոր Տարուան Նուէրը Աշխարհի Բոլոր Փոքրիկներուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.