ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մտածա՞ծ ենք երբեւէ, թէ ինչո՞ւ գաղութահայ կեանքի անբաժան մասնիկ են հանդիսացեր, այս պարագային, օրացոյցները, որոնք տարուէ տարի լոյսին եկած են եւ «սփռուած» հայաբոյր օճախներէ ներս:
Անոնք` աւանդական օրացոյցները, ի՞նչ նպատակի համար սեփականութիւնն են դարձեր հայ կեանքը բաղկացնող տարբեր շերտերու, իբրեւ այս կամ այն միութեան ու կազմակերպութեան կենդանի յուշարարները:
Եթէ երբեք, առաջին հերթին, նման նախաձեռնութիւն քարոզչական-նիւթական նպատակի ծառայած են տասնամեակներ շարունակ, միւս կողմէ մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ տուեալ օրացոյցները, իրենց բովանդակած նիւթով թէ գեղարուեստական ճաշակով դաստիարակիչ բնոյթ ստացած են, այս կամ այն թուականին, տարբեր պատեհ թէ յոբելենական տարեդարձերու առիթով:
Այլ խօսքով, ժամանակ առ ժամանակ, օրացոյցները պահելով հանդերձ իրենց դասական տեսքը` տարեթիւեր, հաւաքական տօներու թէ ամեակներու նշումներ, պատկերազարդ էջեր, տարեկան գործունէութեան հաշուետուութիւն թէ այլ առիթներու ձեւակերպումներ, օրացոյց ստացող հաւատաւոր հայը, վերոնշեալ ընդգծումներուն առընթեր, տուեալ օրացոյցին(ներուն) մէջ տեսած է նաեւ ազգային ոգեկան ապրումներ եւ մշակութային արժէքներ:
ԼՕԽ-ի Օրացոյց-95-Ամեակ:
Ո՛վ կրնայ ուրանալ Լիբանանի օգնութեան խաչի տասնամեակներու վրայ երկարող հայաբոյր եւ նուիրական գործունէութիւնը: Փաստօրէն, մեր մեծ մայրերէն ժառանգուած այս կազմակերպութիւնը, որ, կամաւորական բանակ ըլլալով հանդերձ, թեւ եւ թիկունք եղած լիբանանահայութեան, խաղաղ թէ պատերազմի օրերուն, ցարդ կը շարունակէ ամրօրէն կառչած մնալ իր սուրբ առաքելութեան, հակառակ դժուարին պայմաններու, քաղաքական ցնցումներու եւ տնտեսական ճգնաժամերու:
Այս կազմակերպութեան անդամ մեր մայրերն ու քոյրերը, տարբեր սերունդի ու տարիքի, միջավայրի թէ բնագաւառի, միշտ ալ ցոյց տուած են հաւատարմութեան եւ տոկունութեան անգնահատելի չափանիշեր, որոնցմով օրինակ հանդիսացած են` հայ կեանքի մէջ կատարուած բարեսիրութեամբ, իրերօգնութեամբ, անկարին ու աղքատին հասնելու բարձր տրամադրութեամբ, ազգային արժէքներ պահպանելու վճռակամութեամբ եւ ամէնէն էականը` հաստատակամութեամբ:
Բաւարար է ընդգծել ու միշտ վերյիշել ԼՕԽ-ի գործունէութեան բնագաւառները, եւ արդէն, կը յստականայ այս միութեան դիմագիծն ու կատարած աշխատանքին հսկայ տարողութիւնը:
Արդարեւ, աւելի քան ինն տասնամեակ անդուլ աշխատանքի, պատուաբեր նուիրումի եւ անկոտրում կամքի պատմութիւնն է, որ կը տողանցէ վերոնշեալ պարզ ու համեստ «տեսք»-ով հրատարակուած օրացոյցին վրայ, ուր, կեդրոնին դրոշմուած է մեծատառ 95 թուանշանն ու ԼՕԽ-ի խորհրդանիշը:
Առհասարակ գաղութահայ կեանքին յոյս ու լոյս ներշնչող հայ մայրերու եւ քոյրերու այս կազմակերպութիւնը, որ առանց երկմտանքի նետուած է պայքարի դաշտ` յանուն մարդկային ու ազգային արժէքներու ամրագրումին, միշտ ալ արժանի է մեր բոլորին գնահատանքին ու երախտագիտութեան:
Իրօք, ԼՕԽ-ի օրացոյցը թուղթի տպագրուած «պաստառ» մը ըլլալէ շատ անդին, իր մէջ պատգամ ու խորհուրդ պարփակող կենդանի յուշարար է, այլապէս արժանի իւրաքանչիւր հայ օճախէ ներս մուտք գործելու եւ հոն հայօրէն շնչելու:
Այս առումով` պատուախնդիր ու հայատրոփ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է քաջալերել ու տէր կանգնիլ 95-ամեայ այս կազմակերպութեան մէն մի աշխատանքին:
Դէպի հարիւրամեակ` բեղուն գործունէութեամբ եւ հաստատակամօրէն:


