ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց
Դպրեվանքի նորեկ աշակերտը առաջին առիթին իսկ կը ստանայ դպրեվանքի առօրեայ աղօթքներու թղթածրարը` տեսչութեան այն ակնկալութեամբ, որ ան անգիր սորվի եւ իւրացնէ զանոնք: Ամէն տարի, վերամուտէն շուրջ մէկ ամիս ետք տեղի կ՛ունենայ դպրեվանքի իւրայատուկ աղօթքի մրցանքը: Թերեւս տարօրինակ հնչէ «Աղօթքի մրցում» հասկացողութիւնը, որովհետեւ աղօթքի մէջ մրցում գոյութիւն չունի, սակայն տարիներու աւանդութեամբ, աղօթելու սովորութիւնը քաջալերելու առիթ մը կը հանդիսանայ այս մէկը: Ճիշդ այս ձեռնարկին ընդմէջէն նորեկ աշակերտը կը հասկնայ, որ իրմէ առաջին եւ հիմնականօրէն սպասուածը աղօթքն է, որ իբրեւ զէնք իր ձեռքին մէջ պիտի պահէ մինչեւ վերջ:
***
Աղօթքը կեանք է: Դպրեվանեցիին ամէնօրեայ կեանքը եւ առօրեայի ամէն մէկ քայլը աղօթքով կնքուած է: Առանց աղօթքի` դպրեվանեան կեանքը անշունչ է: Աղօթքը ոչ միայն Աստուծոյ ներկայութիւնը կենդանի կը դարձնէ դպրեվանքի կեանքին մէջ, այլ նաեւ բոլոր դպրեվանեցիները, անկախ իրենց տարբերութիւններէն, մէկ անձ կը դարձնէ Քրիստոսի անունին շուրջ` անոր ծառայելութեան նպատակին տակ համախմբելով բոլորը: Այլ խօսքով, աղօթքը դպրեվանքի ձայնն ու պատկանելիութեան զգացումը միախառնելով` մէկ ընտանիքի երդիքին տակ կը միացնէ բոլորը:
Հաւաքական աղօթքը տիրական ներկայութիւն է դպրեվանեցիին կեանքին մէջ: Հաւաքական աղօթքը կը յայտնաբերէ խօսքին, գործին ու մտածումին զօրութիւնը: Իբրեւ վանական աշակերտ` դպրեվանեցին կը գիտակցի անոր կարեւորութեան եւ կը սորվի իր ձայնը միախառնել հաւաքականին` միշտ գերադասելով հաւաքականը: Նոյնիսկ եթէ անհատին ձայնն ու շեշտը տարբերի միւսներէն, հաւաքական նպատակը տուեալ անձէն կը պահանջէ իր ձայնը յարմարեցնել հաւաքական ձայնին: Այսպէս, աղօթքով է, որ անհատականը կը սկսի նաեւ հաւաքական ըլլալ: Ի վերջոյ, քրիստոնէական սկզբունք է Աստուծոյ կամքը մեր անհատականէն վեր դասելով եւ զայն կատարելով` անհատականէն հաւաքականին բարձրանալ ու ըստ այնմ ծառայել: Դպրեվանեցին բոլորէն աւելի այս սկզբունքին կառչած մնալու հրաւիրուած է, որովհետեւ վանական կեանքը հաւաքական կեանք է, ինչպէս նաեւ առիթ` կենդանի եւ վառ օրինակ դառնալու ժողովուրդին: Դպրեվանեցին հաւաքական կեանքի մէջ ձախողութեան պարագային, կրնայ կորսնցնել վանական կեանքի, ինչպէս նաեւ հոգեւորական դառնալու պատուաբեր պատեհութիւնը: Աղօթքը կը խմորէ իւրաքանչիւր անհատ, այս պարագային իւրաքանչիւր դպրեվանեցի, որպէսզի ամէն մարդ իր եսը` որպէս «ունեցուածք», նուիրէ հաւաքական սեղանին:
Պէտք է հաստատել նաեւ, որ հաւաքական աղօթքը ինքնին բաւարար չէ աղօթական ամբողջական կեանքի մը համար: Իսկական եւ հարազատ աղօթքը կը սկսի անհատական աղօթական կեանքով: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր դպրեվանեցի իր անկիւնը պիտի ունենայ Աստուծոյ հետ, ուր կրնայ առանձնաբար իր Արարիչին հետ հաղորդակցիլ: Այս անկիւնը տեղի հասկացողութիւն չունի: Նոյնիսկ ամէնէն խճողուած պայմաններու մէջ դպրեվանեցին, կամ ոեւէ անհատ, կրնայ իր անկիւնը վերադառնալ, ուր Աստուծոյ հետ կրնայ զրուցել եւ իր անձը անկեղծօրէն բանալ Անոր դիմաց: Անգլիացի հանրածանօթ աստուածաբան եւ գրող Սի. Էս. Լուիս կ՛ըսէ. «Քրիստոս մեռաւ անհատաբար քեզի համար, այնքան, որ կարծես միակ անձն ես, որ աշխարհի վրայ մնացած ես,- եւ կ՛աւելցնէ, այնքան, որքան իր սէրն ու զոհողութիւնը տուած է հաւաքաբար ամբողջ մարդկութեան համար, նոյն արժէքով եւ սկզբունքով` իւրաքանչիւր անհատին համար: Հետեւաբար այդ փրկութիւնն ու սէրը պէտք է զգալ անհատական գետնի վրայ, եւ ապա` հաւաքական»:
Այս իմաստով պատահական հաստատում մը չէ կատարածս, թէ աղօթքը կեանք է: Աւելի յստակ տեսնելու համար այս հաստատումը` պէտք է դիտել զայն երկու անկիւններէ.
Ա.- Աղօթքը կեանք է ըսելը առաջին հերթին կը նշանակէ կեանքի Աղբիւրին հաղորդակից ըլլալ: Եթէ աղօթական կեանք չունենանք, ուրեմն մենք մեզ պահած կ՛ըլլանք երկրի մը վրայ, ուր ջուր գոյութիւն չունի, եւ որուն վախճանը մահ է: Նոյնպէս, աղօթքի կեանքէն հեռու մնալով` Քրիստոսէ կ՛անջատուինք, այլ խօսքով, կը զրկուինք կեանքէն, ճանապարհէն ու ճշմարտութենէն: Առաւել եւս, աղօթական կեանքը ըստ անոր սկզբունքներուն ապրիլ կ՛ենթադրէ: Աղօթող անձը փորձառութիւններ ձեռք կը ձգէ, որովհետեւ անիկա ճանապարհ մըն է զԱստուած ճանչնալու` Աստուծոյ ճամբով իր իսկ ներքին անձը աւելի լաւ հասկնալու: Դպրեվանեցին ինչպէ՞ս պիտի կարենայ աղօթքի մասին խօսիլ, կամ նոյնիսկ Քրիստոսի մասին քարոզել, եթէ իր իսկ փորձառութեամբ չէ ճանչցած Փրկիչը: Ուրեմն, աղօթքը Քրիստոս ճանչնալու եւ Իր մտերմութիւնը ապրելով` կեանքը ճանչնալու անվերջ ընթացք մըն է, որուն գլխաւորող հետեւորդը պէտք է ըլլան դպրեվանեցին եւ հոգեւորականը:
Բ.- Աղօթքը կեանք է, նաեւ կը նշանակէ, որ արտասանուած խօսքը պէտք է մարմնաւորուի: Եթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛աղօթենք, սակայն աղօթքին չեն ընկերակցիր միտքը, խօսքն ու գործը, մեր աղօթքները Աստուծոյ մօտ ընդունելի չեն նկատուիր: Ի վերջոյ, հարազատ եւ անկեղծ չի նկատուիր աղօթք մը, որ մարդուն գործին չի համապատասխաներ: Այս պարագային, դպրեվանեցին իր ամէնօրեայ աղօթական կեանքով, աղօթքի զօրութիւնն ու շնորհքը ցոյց պէտք է տայ: Ան պէտք է ճիգ թափէ, որպէսզի աղօթքը նաեւ կեանքով թարգմանուի, որպէսզի կարենայ իր կեանքի օրինակով տիպար դառնալ շրջապատին: Յատկապէս նկատի պէտք է ունենալ այն իրականութիւնը, որ ի վերջոյ աղօթական կեանքը կ՛արտացոլայ վերաբերմունքի, վարմունքի, մօտեցումի եւ հակադարձութիւններու ճամբով: Առանց գործի եւ համապատասխան արտայայտութեան` աղօթքը կը դադրի կեանք եւ նշանակութիւն ունենալէ:
Դպրեվանեցին կ՛աղօթէ իր կոչումին ճամբան գտնելու համար, միաժամանակ` ժողովուրդին տագնապներուն իբրեւ զօրակցութիւն եւ անոնց լուծման ի խնդիր: Ան պէտք է աշխատի իր անձը կերտել աղօթքի ճամբով ու նաեւ աղօթքով հասնիլ բոլոր անոնց, որոնք աղօթքի կարիքը ունին: Դպրեվանեցին աղօթքի լեզուով շնորհակալ կը դառնայ իր շրջապատին, յատկապէս` բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն դպրեվանքի առաքելութեան:
Աղօթքի մասին խօսիլը անսպառ նիւթ է, սակայն այս գրութիւնը ամփոփ պատկերացում մըն է, թէ դպրեվանեցիին համար «աղօթքը կեանք է» հաստատումը ի՛նչ կը նշանակէ: Ի վերջոյ, ա՛յս է դպրեվանեան ոգին, որ կը կերտուի եւ կ՛իմաստաւորուի աղօթքի իւրայատուկ եւ անփոխարինելի զօրութեամբ:


