Մհեր Դաւոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. «Աղօթք»` Մհերի Յիշատակին…
Ռազմիկ Դաւոյեանի տան մէջ, ձախէն աջ, նստած` Յասմիկ Դաւոյեան, Մարի Յակոբեան, Վեհանուշ Թէքեան, Մհեր Դաւոյեան, Մարտիրոս Գուշակճեան եւ Յակոբ Յակոբեան: Ոտքի` Ռազմիկ Դաւոյեան, Նորա Յակոբեան եւ Մովսէս Հերկելեան: ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Ինչպէս ընդունիմ, որ չկաս այլեւս: Կարծես թէ երէկ էր տակաւին, երբ Լրագրողներու տան դիմաց հանդիպեցանք: Տարիներէ ի վեր չէի տեսած քեզ: Խմբագրական աշխատանքներու մէջ մխրճուած էիր: Գործի տեսակէն գոհ...

















