«Նախարարաց Խորհուրդին Մէջ Կը Ներկայացնեմ Երիտասարդութեան Ձայնը, Իսկ Լիբանանցի Երիտասարդներուն Կ՛ըսեմ. Լիբանանը Ձեզի Կը Պատկանի» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով երկիրը փակելու կառավարութեան որոշումին, նախարարութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ընդհանուր իրավիճակին: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ բոլոր մարզերը յանձնառու կը մնան ընդհանուր զօրաշարժին ենթարկուելու որոշումին` գիտնալով հանդերձ, որ բոլոր մարզերը փակ պահելով երկրին...