Արցախի Հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան երէկ` երկուշաբթի 28 սեպտեմբերին, ընդգծեց Արցախի հերոսամարտին յաղթական դուրս գալու հրամայականը, որովհետեւ այլապէս` պարտութիւնը պիտի նշանակէ հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան կործանումը եւ նոր ցեղասպանութիւն, «զորս թոյլ պիտի չտանք, պատմութեան եւ Աստուծոյ առջեւ»:
Արդարեւ, լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու հաղորդավար Ծովակ Թիւթէլեանի հարցումներուն պատասխանելով, Բաբայեան ըսաւ. «Նախ եւ առաջ իմ բոլոր սփիւռքահայ քոյրերուն, եղբայրներուն հաւաստիացնեմ, որ Արցախը պինդ ու ամուր կանգնած է եւ բաւական մեծ կորուստներ հասցուցած է թշնամիին: Մենք, ի հարկէ ամէն վայրկեան կը զգանք մայր Հայաստանի, սփիւռքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն օգնութիւնը, օրհնութիւնը, անոնց աղօթքները, եւ կանգնած ենք: Մեր բանակը շատ մարտունակ է, թշնամիին բոլոր-բոլոր յարձակումները կը կասեցուին: Թշնամին տուած է բազմաթիւ սպաննուածներ ու հարիւրաւորներ, աւելի քան երեսուն զրահապատներ, անօդաչու թռչող սարքեր ու այլ զինուորական սարքեր կորսնցուցած է:
Դժբախտաբար, մենք ալ ունեցած ենք զոհեր, ինչ որ անդառնալի կորուստ է անկասկած, որովհետեւ մարդկային կորուստը յատկապէս մեզի համար երբեք չի վերականգնիր, եւ ասիկա այն գինն է, որ հայ ժողովուրդը պարզապէս իր ճակատագիրին բերումով կը վճարէ, որպէսզի կարենայ գոյատեւել ազատօրէն ու անկախօրէն եւ ապրիլ իր սեփական պետութեան ներքեւ: Կարելի է ըսել, որ ընդհանուր առմամբ կայուն է ընդհանուր իրավիճակը, սակայն թշնամին ամէն վայրկեան կը փորձէ հարուածել տարբեր դիրքերով, սակայն ի հարկէ չի յաջողիր: Մենք գերեվարած ենք Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ամէնէն յառաջատար զօրավարներէն մէկը: Ան այն մարդն է, որ 2016-ին, Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ կարեւոր դիրքի վրայ էր, հրամանատար էր եւ անընդհատ կ՛ըսէր, որ Ազրպէյճանը ի վիճակի է գրաւել նաեւ Երեւանը:
Հիմա ես կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել կարեւոր հանգամանք մը, այս յարձակումը, թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը, որ նոր երեւոյթ է, որովհետեւ Թուրքիա միշտ ալ սատարած, օգնած է իր կրտսեր եղբօրը, բայց այսպէս ուղղակի ձեւով առաջին անգամն է, որ բացայայտօրէն, առանց թաքցնելու կը սատարէ Ազրպէյճանին, եւ այս ամէնը անշուշտ օգտագործելով վարձկան գրոհայիններ, յարձակողներ, ահաբեկիչներ` Սուրիայէն, Իրաքէն եւ այլ շրջաններէ: Բայց նաեւ այս յարձակումը յարձակում է ո՛չ միայն հայոց պետականութեան, Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, այլեւ` ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին, ներառեալ` իսլամական աշխարհին վրայ, որովհետեւ իսլամը չ՛ընդունիր չէ՞, որ երեխայ սպաննուի, անմեղ երեխայ: Իսկ իրենք ատիկա կ՛ընեն եւ կ՛ուրախանան իրենց այդ արարքով: Ու այսքան զոհ տուած է Ազրպէյճան վասն ինչո՞ւ, որպէսզի Ալիեւ ինչ որ թիրախներ, փառասիրութիւններ իրագործէ:
Այս առիթով մենք ի՞նչ ունինք, մեզ նահանջելու տեղ չունինք: Եթէ մենք պարտուինք, այդ մէկը կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդի, հայոց պետականութեան կործանում: Ատիկա պէտք է բոլորս լաւ հասկնանք եւ լաւ կը հասկնա՛նք, որովհետեւ այդ թշնամիներուն նպատակն է մեզ ոչնչացնել, ու անոնք չեն թաքցներ, չեն ծածկեր իրենց այդ նենգ նպատակները: Հետեւաբար, մենք պէտք է դիմանանք, կանգնինք մինչեւ վերջ, այո՛, մինչեւ վե՛րջ, որովհետեւ մենք կը պաշտպանենք մեր հայրենիքը, մեր ընտանիքը, մեր երեխաները, զանոնք կը պաշտպանենք այդ յանցագործ ոսոխէն: Ու եթէ անոնք գան ու հասնին իրենց նպատակին, տեղի կ՛ունենայ նոր ցեղասպանութիւն, այս անգամ վերջնական, եւ մենք այդ մէկը պիտի չթոյլատրենք, պարզապէս պիտի չթոյլատրենք, պատմութեան առջեւ, Աստուծոյ առջեւ իրաւո՛ւնք չունինք, պէտք է մինչեւ վերջ դիմադրենք, կանգնինք, կանխենք մեր կորուստները: Սա ի հարկէ շատ ցաւալի է, անդառնալի կորուստ է: Որովհետեւ մենք իւրաքանչիւր կորուստ անձնապէս կ՛ընդունինք, շատ ծանր է, բայց գործ ունինք այդպիսի թշնամիի հետ, եւ տղաքը, որոնք այս պահու դրութեամբ կանգնած են դիրքերուն վրայ, սահմաններուն մօտ, քաջ կը գիտակցին, որ իրենց ետին կան իրենց երեխաները, իրենց դուստրերը, իրենց մայրերը, եւ եթէ այդ թուրք-ազրպէյճանական հրոսակները հասնին իրենց նպատակին, այն ատեն զոհերը կ՛ըլլան տասնեակ հազարներով, եթէ ոչ հարիւրաւոր, հազարաւոր, այսինքն` նոր ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ: Եւ մենք պէտք է ցոյց տանք հակառակորդին եւ արդէն ցոյց կու տանք, որ այս պահուածքով կարելի չէ մեզի հետ հարցերը կարգաւորել: Այսինքն այս անգամ բանակը պէտք է ըլլայ զօրաւոր, մենք պէտք է ըլլանք միասնակամ եւ ոչ նուազ կարեւոր` պէտք է ճի՛շդ արտաքին քաղաքականութիւն վարել, զարգացնել, առաւել եւս խորացնել յարաբերութիւնները մեր եղբայրական երկիրներու հետ` Ռուսիա, Իրան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլ տարբեր երկիրներուն հետ, որպէսզի կարենանք պահպանել հաւասարակշռուածութիւնը: Որովհետեւ գործ ունինք ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ հետ, որ փաստօրէն արդէն անմիջականօրէն ներգրաւուած է այս հակամարտութեան մէջ:
Անիկա նոյնիսկ կարելի է ըսել` գրաւած է Նախիջեւանը, ռազմակալած է, իրենց` թրքական բանակը այդտեղէն դուրս չի գար, անկասկած կը փորձէ ապակայունացնել իրավիճակն ու հաւասարակշռուածութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, որովհետեւ այսպիսի քայլեր կը վտանգեն բազմաթիւ երկիրներու շահերը եւ ընդհանրապէս` խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ»: