Հարցազրոյց Քանատայի Հայոց Թեմի
Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ
Սեպտեմբեր 1-ին «Հորիզոն»-ի խմբագրակազմը այցելեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդարան եւ շնորհաւորեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը` իր վերընտրութեան առիթով: «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ սրբազան հօր հետ. արծարծուեցան անցնող քառամեակի թեմի գործունէութիւնը` հոգեւոր եւ ազգային բնագաւառներուն մէջ, լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն աջակցելու առաքելութիւնը, նորահաս սերունդի եկեղեցւոյ հետ մերձեցման հարցը եւ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան դասաւանդման հարցը:
Ստորեւ` սրբազան հօր հիմնական մտածումները:
– Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, մեր պատանեկան օրերուն, ապրեցանք վախն ու տառապանքը, մահուան դիմաց կանգնեցանք, սակայն այդ բոլորը յաղթահարեցինք շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եկեղեցիներուն, շնորհիւ մեր կազմակերպութիւններուն, յատկապէս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այդ օրերուն մեր տուներուն, մեր գործատեղիներուն, մեր զաւակներուն ու ընտանիքներուն պահապաններն ու պաշտպանները եղան: Լիբանանի գծով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան: Այս օրերուն մենք կը լսենք, կը կարդանք բամբասանքներ եւ զրպարտութիւններ մեր եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, ասիկա արդար չէ: Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակից վստահութիւն եւ հաւատք ունենայ մեր եկեղեցւոյ եւ մեր կազմակերպութիւններուն հանդէպ: Մենք պէտք է անդրադառնանք, որ մենք անտէր չենք: Մեր եկեղեցին եւ մեր կազմակերպութիւնները այդ տիրութիւնը կը կատարեն: Կոչ կ՛ուղղեմ քանատահայութեան եւ ընդհանրապէս ի Հայաստան եւ ի սփիւռս մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի այս գիտակցութեամբ մօտենան հարցին:
– Հաւաքական ճիգով ու աշխատանքով, անցնող չորս տարիներուն կրցանք մեր թեմի պարտէզը կանաչ պահել: «Լուսաւորիչ եկեղեցին կանթեղ» կրօնական մեր ամսաթերթով եկեղեցին հայ ընտանիքին տան մէջ բերինք: Ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ յաճախ կը շեշտէ` եկեղեցին իր չորս պատերէն անդին պէտք է տանիլ: Եկեղեցին պէտք է մեր տուներուն մէջ ներկայութիւն դառնայ, օրհնութիւն դառնայ: Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար կրօնական լսարաններ ու Սուրբ գրոց սերտողութիւններ կազմակերպեցինք: Պատարագին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստելու ընթացքի մէջ ենք:
– Եթէ հայրենիքի սահմանները ամուր չպահենք, Երեւանը կը վտանգուի: Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, այլ` գիւղերն են ու սահմանները, որոնք կը պաշտպանուին մեր արի զինուորներուն կողմէ: Մենք աջակից ենք սահմանամերձ գիւղերու հայրենաշինութեան գործին:
– Դիւրին չէ այսօրուան նոր սերունդը ներգրաւել, սակայն պէտք է փորձենք: Պէտք է այսօրուան աշխարհին համապատասխանող ձեւեր որդեգրենք: Այսօրուան երիտասարդը կ՛ուզէ ամէն ինչ հասկնալ, կ՛ուզէ մասնակից դառնալ, ամէն ձեւով ներդրում ունենալ® հետեւաբար, մենք իրենց պէտք է աւելի մասնակից դարձնենք եւ անոնց պատասխանատուութիւններ յանձնենք:
– Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը չենք կրնար անջատել մեր եկեղեցւոյ պատմութենէն: Բանանք մեր պատմութեան էջերը եւ պիտի տեսնենք, որ հոն, ուր որ մեր պետականութեան մայրաքաղաքը կը փոխադրուէր, կաթողիկոսութիւնն ալ հետը կը փոխադրուէր: Մեր եկեղեցին ԱԶԳԱՅԻՆ եկեղեցի է, եւ պէտք է հպարտ զգանք: Մեր եկեղեցին ազգին կը պատկանի: Կը զարմանամ, որ Հայաստանի մէջ այսօր եկեղեցւոյ դասանիւթը կը փորձեն դուրս հանել կրթական ծրագիրէն:
Հարցազրոյցը կրնաք դիտել այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=m6ocMWG4Flk&feature=emb_title կայքը: