Սուրբ Ծնունդը Հռիփսիմեանց Սիրասուն Մանուկներուն Հետ
Ինչպէս ամէն տարի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի սիրասուն մանուկներուն հետ միասին աւանդութիւն դարձած Սուրբ Ծննդեան ուրախալի հանդիսութիւնը այս տարի եւս տարբեր հմայքով եւ իւրայատուկ ներկայացումով նշուեցաւ: Վարժարանին հանդիսասրահէն ներս, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ծնողներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ դիտելու Սուրբ Ծննդեան յատուկ հանդէսը: Ծննդեան գեղեցկահունչ մեղեդիներով եւ շարականներով մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Յիսուս Մանուկի...
