Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիա Բնակող Բարերարի Մը Աջակցութեամբ Գիւմրիի Մէջ Ընտանիք Մը Բնակարան Ունեցաւ

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gyumri_90716

Հեռաւոր Զուիցերիոյ մէջ բնակող բարերարներուն աջակցութեամբ Գիւմրիի մէջ տնակի մը յարկին տակ բնակող Մակարեանները ստացան նոր բնակարանի բանալիներ: Աւելի քան 25 տարի Գիւմրիի կառատուն-թաղամասի 104/833 տնակին մէջ բնակող Մակարեանները յոյս ալ չունէին, որ օր մը կրնան տեղափոխուիլ քարաշէն բնակարան` քաղաքի նորակառոյց «Մուշ 2» թաղամասին մէջ: Այս մասին կը գրէ Արմէնուհի Մխոյեանը:

Նախաձեռնութեան հեղինակ զուիցերիաբնակ Թերեզա Մխիթարեանի 24 օգոստոսին տրուած անակնկալ այցելութիւնը նախ զարմացուցած է Մակարեանները. տան փոքրիկներուն դպրոցական պայուսակներ ու գրենական պիտոյքներ, քիչ մը հարցում-պատասխան, ապա անսպասելի նորութիւն` Մակարեանները նոյն օրն իսկ կրնան տեղափոխուիլ նոր բնակարան` նօտարական ձեւակերպումը կատարուեցաւ 25 օգոստոսին: Որպէս պարտադիր պայման` տնակէն բնակիչները պէտք է նոր բնակարան տեղափոխուին չորս օրէն, իսկ տնակը անմիջապէս պիտի քանդուի, տարածքը` կանաչապատուի:

Ընտանիքը իրաւունք չունի նաեւ 15 տարի բնակարանը վաճառելու: Ասիկա իսկական աւետիս եղած է անօթեւանի կարգավիճակ չունեցող եւ այդ պատճառով բնակարան ունենալու յոյսէն ալ զրկուած Մակարեաններուն համար: Ընտանիքի մեծերը հիւանդութեան կարգի թոշակառուներ են, տան միակ աշխատողը որդին է, որ մեծցած, ընտանիք կազմած է եւ 2 երեխայ ունեցած միեւնոյն տնակին մէջ: Ընտանիքին ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ նոյն օրը բոլորը միասին գացին նոր բնակարանը տեսնելու, ուր Մակարեաններուն յանձնուեցան տան բանալիները:

«1989 թուականից տնակում ենք: Երկար տարիներ` մինչեւ 1988 թուականի երկրաշարժ, աշխատել եմ «տեքստիլ» գործարանում, ապրել վարձով ու սպասել բնակարանի հերթին, բայց, ցաւօք, երկրաշարժն ամէն ինչ փոխեց: Տնակում դժուարութիւնները շատ են, բայց շնորհակալ եմ բարի մարդկանց, հիմա արդէն ամէն ինչ կը փոխուի», նշած է Դմիտրի Մակարեանը:

«Մենք բնակարանը տալով չենք աւարտեր մեր առաքելութիւնը, մենք անոնց հետ կապը մինչեւ վերջ կը պահենք, կը հետեւինք կրթութեան, առողջական խնդիրներուն, եթէ անհրաժեշտ է, կ՛օգնենք նաեւ նոր մասնագիտութիւն ձեռք բերելու», ըսած է Թերեզա Մխիթարեան` փաստելով, որ առաջին անգամ Գիւմրիի մէջ այս նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է 2015 թուականի հոկտեմբերին:

Բարերարները այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացնեն «Շիրակ կենտրոն»-ի միջոցով: Կեդրոնի նախագահ Վահան Թումասեան «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է, որ միայն վերջին 6 ամիսներուն Գիւմրիի մէջ այս նախաձեռնութեամբ 16 ընտանիք բնակարան ստացած է, իսկ բարերարներուն 90 տոկոսը զուիցերիաբնակ են:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ակօս»-ի Արխիւից. Սուրբ Թէոդորոս Եկեղեցուց Մինչեւ Քուրշունլու Մզկիթ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?