Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն Տուր, Ծա՛ռ» Գիրքի Շնորհահանդէս

September 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

marianna_92316

16 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայ գրող, լրագրող Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն տուր, ծա՛ռ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատած է հեղինակին բեղմնաւոր գրիչը, սփիւռքահայ մամուլին անոր աշխատակցութիւնը. զայն հերոս նկատած է, որովհետեւ կը շարունակէ ապրիլ Հալէպի մէջ եւ հայոց լեզու  դասաւանդել հայ մանուկներուն, նաեւ` ժամանակ գտնել ստեղծագործելու:

Անդրադառնալով ժողովածուի վերնագիրին` նախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ ծառը կեանքի, սիրոյ եւ ուրախութեան խորհրդանիշ է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելով` Մարիանան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ մեր ժողովուրդը վերապրեցաւ եւ լաւատեսօրէն կը հաւատայ, որ միասնական ուժերով պիտի հզօրացնենք մեր երկու` 25-ամեայ պետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը:

Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման իմաստով ունեցած  ներդրումին համար Հրանուշ Յակոբեան Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանին պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Ապա խօսք առած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը` նշելով, որ «Գրական Սփիւռք» տարեգիրքին մէջ եւս կը տպագրուին Մարիանային բանաստեղծութիւնները:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժիկ Սրապիոնեան խօսած է ժողովածուին բովանդակային եւ կառուցուածքային առանձնայատկութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ հեղինակին խօսքը աստուածատուր է:

Հանդիսութեան աւարտին Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարի պաշտօնակատարին` իր գիրքերուն շնորհահանդէսները կազմակերպելու, իր ստեղծագործութիւնները բարձր գնահատելու եւ հայաստանցի հասարակութեան հասցնելու ջանքերուն համար: Ան շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը` յոյս յայտնելով, որ ինք եւս օր մը առիթ կ՛ունենայ Հայաստան հաստատուելու:

Նախորդը

Քիմ Քարտաշեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Մէջ Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. «Տուն Կառուցողը Հող Չի Յանձնի»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.