Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան Յիշատակի Հիմնարկ»-ի Պատուիրակութիւնը

September 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

howard-karagheusian_91716

Սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հայաստան կը գտնուէին հաստատութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը նշելու: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հաստատութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Հրանուշ Յակոբեան հիւրերը ողջունելով` շնորհաւորեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի 95-ամեակը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այդ յոբելեանը պիտի նշուի Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի օրերուն, հետեւաբար պատուիրակութեան անդամները առիթ կ՛ունենան նաեւ մասնակցելու տօնական արարողութիւններուն:

Նախարարի պաշտօնակատարը գնահատանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան մասին` մասնաւորապէս նշելով. «Երբ 1921 թուականին Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեանները ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդիին` Հաուըրտին, հիմնադրեցին «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ը Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ որբուկներուն օգնելու նպատակով, հաւանաբար չէին մտածեր, որ իրենց կազմակերպութիւնը այսքան երկար կեանք կրնայ ունենալ: Փառք ու պատիւ այն մարդոց, որոնք շարունակեցին այդ գործը` 95 տարի հոգ տանելով տարբեր պատճառներով դժուարութեան մէջ յայտնուած հայ մանուկներուն` անոնց տրամադրելով խնամք, բուժում եւ կրթութիւն: Դուք առաջիններէն էիք, որոնք ամէնէն դժուար տարիներուն հաստատուեցաք Հայաստան եւ ձեր գործունէութիւնը ծաւալեցիք Սպիտակի, Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Շատ կարեւոր կը նկատեմ յատկապէս մանուկներու առողջութեան պահպանման վերաբերող ձեր գործունէութիւնը, որովհետեւ որքան առողջ ըլլան մեր փոքրիկները, այնքան ամուր եւ առողջ կ՛ըլլայ Հայաստանի ապագան»:

Նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ նաեւ ներկայիս հայութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` առանձնացնելով յատկապէս սուրիահայութեան հիմնախնդիրները: Ներկաներուն ծանօթացնելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հայութեան նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան մանրամասնութիւնները` Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ. «Գիտեմ, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ը կ՛աջակցի նաեւ Սուրիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տարածուած սուրիահայութեան, սակայն աւելի գնահատելի պիտի ըլլար, եթէ հիմնարկը իր 95-ամեակի յոբելեանը նուիրէ նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան համար բարեսիրական նախաձեռնութիւններու»:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատական խօսքերուն համար` նշեց. «Մենք 95 տարուան ընթացքին կատարած ենք մեր կարելին: Այսօր եկած ենք Հայաստան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող մեր հաստատութեան մասնաճիւղերու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: Կ՛ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ բոլորն ալ կը գիտակցին իրենց աշխատանքի կարեւորութեան եւ նուիրումով պիտի շարունակեն Գարակէօզեան ընտանիքին գործը»:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան Սուրիոյ մասնաճիւղի ղեկավար Պետրոս Տարագճեան, Լիբանանի մասնաճիւղի ղեկավար Սերոբ Օհանեան եւ ուրիշներ խօսեցան նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին:

Հանդիպման աւարտին Հրանուշ Յակոբեան անգամ մը եւս ներկաները շնորհաւորելով «Հաուըրտ Գարակէօզեան»»-ի 95 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակներուն առթիւ` շեշտեց. «Սփիւռքահայութիւնը երկու կարեւոր առաքելութիւն ունի. նախ` իր ներուժը պէտք է օգտագործէ ի նպաստ աշխարհի մէջ Հայաստանի եւ հայութեան պատիւը բարձր պահելու, եւ երկրորդ` աջակցի Հայաստանի եւ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման: Մենք բոլորս աչքի լոյսի պէս պէտք է պահենք ու պահպանենք մեր հայրենիքը` ապագայ սերունդներուն համար»:

Նախարարի պաշտօնակատարը խօսեցաւ նաեւ հայերէնի ուսուցման եւ Հայաստանի անմիջական կապերու անհրաժեշտութեան մասին, որոնք ապագային ինքնութեան պահպանման ամէնէն կարեւոր պայմաններն են:

 

 

Նախորդը

Վերամուտ. Ժամը Քանի՞ Է

Յաջորդը

Նախագահը Ընդունած Է «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.