Շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2016-ին Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի «Իրուին հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի նմանակներու պաշտօնական բացումը:
Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր երկիրներու դեսպաններ, Լիբանանի ամերիկեան համա- լսարանի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրա, երեսփոխան եւ «Հարիրի» հիմնարկի նախագահ Պահիյա Հարիրի եւ Լիբանանի յատուկ դատարանի «Աութրիչ էնտ լիկըսի» բաժնի նախագահ Օլկա Քաւրան:
Բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Արաբական Լիկայի նմանակի ընդհանուր քարտուղար Եուսեֆ Թահեր: Ան` ողջունելէ ետք ներկաներն ու պաշտօնական հիւրերը, տեսերիզի մը միջոցով ներկայացուց Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի նմանակներու քարտուղարութեան կազմը: Գնահատելէ ետք քարտուղարութեան կազմին աշխատանքը, Ե. Թահեր ներկայացուց Արաբական Լիկայի նմանակի այս տարուան նշանաբանը «Վեց տարիներ իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան»:
Թահերի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան նմանակի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Խնայզեր, որ կեդրոնացաւ ղեկավար պատրաստելու կարեւորութեան վրայ: Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրան:
Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ ապագայի ղեկավարներ եւ մտաւորականներ պատրաստելու մէջ երիտասարդութեան ներդրումի անհրաժեշտութեան վրայ:
Դոկտ. Ժապրայի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ երկու կառոյցներու նմանակներու ընդհանուր պատասխանատու եւ Էլ. Էյ. Եու.ի «Աութրիչ էնտ սիվիք ինկէյճմընթ» բաժնի փոխնախագահ դոկտ. Էլի Սամիա, որ ներկաներուն ներկայացուց երկու նմանակներու արձանագրած յաջողութիւնները:
Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ երեսփոխան եւ «Հարիրի» հիմնարկի նախագահ Պահիյա Հարիրի, որ ըսաւ. «Բնաւ մի՛ դադրիք երազելէ». ապա խօսեցաւ այս տիպի ծրագիրներու կարեւորութեան մասին` մեր առօրեայ կեանքին մէջ, հասնելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը ստեղծելու տեսլականին:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրւեցաւ Լիբանանի յատուկ դատարանի «Աութրիչ էնտ լիկըսի» բաժնի նախագահ Օլկա Քաւրան. ան ըսաւ, թէ կը հաւատայ, որ ամէնէն կարեւոր տարիքային հատուածը, որուն պէտք է խօսիլ արդարութեան եւ անոր կարեւորութեան մասին, երիտասարդական տարիքն է, եւ աւելցուց, որ վերոյիշեալ նմանակները լաւագոյն միջոցներն են այդ միտքերը տարածելու երիտասարդութեան մէջ:
Կ՛արժէ նշել նաեւ, որ այս նմանակներուն մէջ աշխուժ մասնակցութիւն կը բերեն բազմաթիւ հայ աշակերտներ եւ հայկական դպրոցներ, իսկ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն խումբ մը հայ աշակերտներ գործօն դերակատարութիւն ունին քարտուղարութեան կազմին մէջ: