Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

Յունիս 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան մայիսի վերջին կիրակին վերածուած է Զմմառու Տիրամօր ուխտի օրուան:

Այս տարի եւս, 28 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան հայրերը հիւրընկալեցին Զմմառու մայրավանք բարձրացող լիբանանահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր իր ուխտը կատարելու Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր առջեւ: Սոյն տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնախմբութիւններուն: Տարին յատկանշական էր նաեւ, որ ջերմեռանդութեան միացաւ  Տիգրան սրկ. Փիլիպպոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:

Ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքի, խարտաւիլակութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, առընթերակայութեամբ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար Մովսէս վրդ. Տօնանեանի, ներկայութեամբ Զմմառու կղերի միաբանութեան եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կղերիկոսներուն, պետական երեսփոխաններու, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ մարզերու մէջ ծառայող այրերու եւ նորօծ քահանային ծնողներուն, որոնք եկած էին Հալէպէն:

Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաները: Իսկ «Արծիւեան» երգչախումբը կատարեց սուրբ եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Վանք եկած ուխտաւորները Տիրամօր արձանը վեր պահած թափօրով հասան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կառուցուած` երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն: Ապա սուրբ եւ անմահ պատարագի թափօրը ուղղուեցաւ դէպի նոյն վայրը, ուր ընթացք առաւ հոգեպարար արարողութիւնը: Յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան` հաւատացեալներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար նորօծ քահանային` Տիգրան Փիլիպպոսեանին, իր հայրական պատգամը ուղղեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Տիրամօր խոնարհ, բարի, առաքինի եւ ամէնէն կարեւորը անոր Աստուածամայր եւ Աստուծոյ նուիրեալ ըլլալու հանգամանքը: Ապա հոգեւոր տէրը հոգիներու փրկութեան ի խնդիր կենսական նկատեց դերակատարութիւնը քահանաներուն, որոնք իրենց ճշմարիտ քարոզչութեամբ կրնան ճիշդ ուղիով հունաւորել մարդոց վարքագիծն ու կենցաղը: Ապա անդրադառնալով նորօծ քահանային կոչման հաւատարմութեան ուխտին` հոգեւոր տէրը նշեց, որ ինքնիր անձը անվերապահ պէտք է նուիրէ Տիրոջ ծառայելու ամենավեհ ու ամենանուիրական գործին եւ իր ամբողջ էութեամբ պէտք է սատարէ Անոր փառքի տարածման ու ամրապնդման` համայն մարդկութեան սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին` օրուան արարողապետ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան կարդաց սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի առաքած Առաքելական օրհնութեան գիրը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, մեծաւորը, նորօծ քահանան ու անոր ծնողները:

Շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց եղբայրական ագապ միաբանութեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ, որուն ընթացքին նորօծ քահանան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իր կոչման մէջ եւ նպաստեցին հասնելու սուրբ խորանին: Այնուհետեւ հերթաբար կարդացուեցան բոլոր օտարերկրեայ միաբանակիցներուն կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական գիրերը: Դրուատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր շռայլեց վանքի մեծաւոր հայրը: Հացկերոյթի աւարտին ձեռնադրութեան կարկանդակը հատեցին նորօծ Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, մեծաւոր հայրը, տեսուչ եւ փոխտեսուչ հայրերը, նորօծ քահանային ծնողքը եւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին օրը:

Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, կրկին երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ կատարուեցաւ մայիսեան ջերմեռանդութեան փակումը` Վարդարանի աղօթքով:

 

 

Նախորդը

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Յաջորդը

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?