19 հոկտեմբեր 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ միացան աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած իրենց մէկ միլիոն հասակակիցներուն` աղօթելու համար Տիրամօր վարդարանը:
Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած հաւաքին Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը կատարեց վարդարաններու օրհնութիւն եւ բացատրեց զայն աղօթելու կերպը. հաւաքին մասնակցող Գ.-Զ. դասարաններու մօտ 200 աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ իր վարդարանը: Անոնք խմբովին կատարեցին աւետարանական այս աղօթքը, որ կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսի կեանքին հանգրուանները` Յիսուսին հետ:
Տէր Ռաֆֆի քահանան աշակերտներուն բացատրեց վարդարանին իմաստն ու խորհուրդները, ինչպէս նաեւ անոր նշանակութիւնը` հաւատացեալ քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ մշտապէս աղօթելով` քրիստոնեայ մարդը ի վիճակի կը դառնայ խորանալու վարդարանի իւրաքանչիւր խորհուրդին մէջ` հետզհետէ աճող երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով: Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ վարդարանը հզօր աղօթք մըն է, որուն ընդմէջէն կը հաղորդուինք Տիրոջ` հաւատքի մեր ամբողջ ճանապարհորդութեան ընթացքին: Ան խորհուրդ տուաւ աղօթել վարդարանը ինչպէս անհատապէս, նոյնպէս եւ հաւաքաբար, յատկապէս` ընտանիքներուն մէջ: