Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Նոյեմբեր 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 30 հոկտեմբեր 2018-ին յիշատակեց Թարգմանչաց  տօնը:  Հանդիսասրահին բեմը ստացած էր օրուան խորհուրդը ներկայացնող յատուկ գրաւչութիւն, ուր նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտները թատերական ներկայացումի իւրայատուկ ոճով գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին Թարգմանչաց խորհուրդը, հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, խմբային երգերով, որոնք զուգակցուած էին ջութակի եւ դաշնակի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռնեով եւ գաւառական պարով:

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդը, որ հայ դպրոցին համար անժխտելի «ուխտի օր» է` հաւատարիմ մնալու մեր մեծասքանչին, երկնատուր մեր այբուբենին, թագուհի թարգմանչաց` Սուրբ Գիրքին, հաւատարիմ` մեր առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին, քրիստոնէական մեր կրօնին, Հայ եկեղեցւոյ, հայու մեր ինքնութեան եւ այսու մնալ միշտ պատուաբեր հարազատ զաւակները Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին:

Ապա քոյր Մակարոսեան ջերմօրէն գնահատեց հայ լեզուի ուսուցիչները, որոնք բծախնդրօրէն պատրաստեր էին օրուան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ` աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք անթերի ապրումներով արժեցուցեր էին իրենց գիտելիքները եւ ներկայացուցած էին օրուան խորհուրդը:

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Թանկարժէք Ուսումնասիրութիւն Մը` Երուանդ Հ. Քասունիէն. «Այաշի Բանտը», Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան Եւ…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?