Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնը Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

November 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները Սրբոց Թարգմանչաց տօնը նշեցին չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2018-ին:  Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց 8-րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Կարճիկեանը, որ հարց տուաւ. «Ո՞վ է հայ ազգը` առանց այբուբենին եւ առանց իր ոսկեղնիկ հայերէնին… շատոնց ձուլուած եւ անհետացած պիտի ըլլայինք: Աստուծոյ նախախնամութեամբ հայը դարերու վրայ մնաց հայ, եւ ուր որ գնաց, իր սրտին ու հոգիին մէջ սրբացուց իր լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը»: Ան բոլոր աշակերտներուն անունով խոստացաւ պահել ու պահպանել մեր ոսկեղենիկը` մեր աննման լեզուն, մի՛շտ նորոգուած ու երիտասարդ շունչով:

Մանկապարտէզի եւ Ա. դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան «ԱԲԳ» երգով, ապա Ա. դասարանի աշակերտները ոսկեդարի պատմական տուեալները ներկայացուցին պատկերաւոր ձեւով: Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ասմունքեցին Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին» բանաստեղծութիւնը, իսկ 4-էն մինչեւ 8-րդ կարգի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Հայ լեզուին հրաշքը», «Այբուբեն հայոց» եւ «Հայերէն» քերթուածներու համադրում մը, ինչպէս նաեւ` Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն» բանաստեղծութեան երգը` Սիպիլի կատարողութեամբ:

Պատգամախօս Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն` ոսկեդարու թարգմանչական աշխատանքի կարեւորութեան, որով հայ ժողովուրդը սկսաւ հայերէնով գրել ու կարդալ: «Մենք հայերէնը կը սիրենք եւ կը սորվինք, որովհետեւ մեր մայրենի լեզուն է, եւ առ այդ, պէտք է յատուկ տեղ տանք հայերէնի դասերուն` լեզու, գրականութիւն, քերականութիւն, հայոց պատմութիւն: Եւ ինչպէս որ կը սիրենք մեր մայրերը, նոյնպէս պիտի սիրենք մեր մայրենի լեզուն: Եւ որովհետեւ մեր եկեղեցին հայերէնով կը խօսի ու հայերէնով կ’աղօթէ, մենք մեր աղօթքները հայերէնով պիտի կարդանք ու հայերէնով աղօթենք հայ եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ  վարդապետը: Ան յորդորեց նաեւ հայերէնը ճիշդ խօսիլ եւ ուրիշ լեզու չխառնել անոր մէջ:

Վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը խօսք առնելով` ըսաւ. «Մեր վարժարանը կը նմանի նորածին երեխայի մը, եւ ինչպէս որ հայ նորածինին լեզուն առաջին անգամ կը բացուի իր մայրենի լեզուով, այսօր մեր առաջին տօնակատարութիւնը նուիրուած է մայրենի լեզուին, զոր կը փառաբանենք այսօր»: Ան շեշտեց, որ հայ լեզուն կը պահպանուի մանաւանդ հայկական վարժարանին մէջ, ուր կը սիրենք, կը պահպանենք ու կը գուրգուրանք մեր մայրենիին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամաբերին, ինչպէս նաեւ` այն ուսուցչուհիներուն, որոնք պատրաստեցին հանդիսութիւնը: Ապա ան դպրոցին կողմէ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրեց անոր մականունին սկզբնատառով թռչնագիր պատրաստուած յուշանուէր:

Այնուհետեւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանը շնորհաւորեց աշակերտները Թարգմանչաց տօնին առիթով եւ լուսարձակի տակ առաւ աշակերտներուն` դպրոցին հիմնադիր աշակերտները ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ խրատեց զանոնք շատ լաւ սորվելու իրենց մայրենին, թէկուզ խօսին ուրիշ բազմաթիւ լեզուներ: Աւարտին, ան աղօթքով ու «Պահպանիչ»-ով օրհնեց աշակերտները:

Նախորդը

Վարդարանի Օրհնութիւն Եւ Հաւաքական Աղօթք Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.