Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ . Թարգմանչաց Տօն

Հոկտեմբեր 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնող Թարգմանչաց տօնը արժանավայել կերպով նշուեցաւ  Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:

Արդարեւ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերն  ու ցուցանակները ծածկուած էին Ե. դարուն տեղի ունեցած հայ գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդած թարգմանական մեծ աշխատանքին առնչուող տեղեկութիւններով եւ նկարներով: Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահեր յատկացուեցան Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն տարած  աշխատանքին: Իսկ ուրբաթ, 12 հոկտեմբերին գեղարուեստական երկու ձեռնարկներով աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին եւ յարգանքի տուրքը մատուցեցին  ոսկեդարու հսկաներուն յիշատակին:

Նախակրթարանի ձեռնարկ

Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան «Սիրան Մանուկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Զ. կարգէն Մարք Չագրեանը կատարեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց հակիրճ պատմականը եւ տօնին կարեւորութիւնն ու արժէքը հայ ժողովուրդին համար:

Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները  սահիկներու ցուցադրութեան մը ընկերակցեցան` տեղեկութիւններ տալով հայ գիրերու գիւտին եւ առաջին թարգմանիչներուն մասին: Ապա Զ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, որ կը ներկայացնէր թարգմանիչին առօրեան:

Յաջորդաբար Դ.  եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին խմբային երկու արտասանութիւններ` «Մեր լեզուն» եւ «Մեսրոպ Մաշտոցին»: Իսկ Դ. եւ Ե. կարգերու աշակերտները գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ մը ներկայացուցին «Պատգամ որդուս» երգը:

Օրուան պատգամը յղեց վարժարանի հայերէնի դասատուներէն Սեւան Մկրեանը, որ ըսաւ, թէ Մեսրոպ Մաշտոց այբուբենը հայ ժողովուրդին իբրեւ նուէր պարգեւած է, «եւ ինչպէս որ կը գուրգուրաք ու կը պահպանէք ձեր ստացած բոլոր նուէրները, նոյն ձեւով պէտք է գուրգուրաք այբուբենին եւ անոր ճամբով` հայերէնին», աւելցուց ան:  Իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ գիրերու գիւտին կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ անոր միջոցով է, որ հաստատուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնուրոյնութիւնը: Ս. Մկրեանը դիտել տուաւ, որ դարերու ընթացքին մեծ թիւով ազգեր գոյութիւն ունենալէ դադրած են, որովհետեւ չեն ունեցած իրենց ուրոյն լեզուն եւ գիրը: Ան յիշեցուց նաեւ, որ միայն Թարգմանչացը չէ, որ կը տօնուի, այլեւ այդ տօնը հայ դպրութեան եւ դպրոցի հիմնադրութեան օրն է:

Միջնակարգ – երկրորդականի ձեռնարկ

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց կարգին, պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԺԲ. կարգէն Սելլա Իսկենտերեանը: Ան ըսաւ, որ 405-ին Մեսրոպ Մաշտոց գիրերու գիւտը կ՛իրագործէր ապահովելու համար հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու պատմական արժէքներու գրաւոր փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն: Ս. Իսկենտերեանը ներկայացուց գիրերու գիւտին եւ անոր յաջորդող թարգմանչական շարժումին հակիրճ պատմականը: «1613 տարեկան մեր այբուբենը այսօր կարիքը ունի զինք գործածողներու եւ իրմով հպարտացողներու: Մենք` հայ դպրոցի աշակերտներս, պարտինք ըլլալ հայոց ոսկեդարեան գիւտի զինուորները, սորվինք ու փոխանցենք զայն յաջորդ սերունդներուն` ապահովելու համար հայոց լեզուի գոյատեւումը», եզրակացուց ան:

Է. դասարանէն Վարագ Տէր Ղազարեանը, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանը եւ Սերգօ Աւագեանը ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Քու լեզուդ» քերթուածը. ապա ներկաները հետեւեցան սահիկներու ցուցադրութեան մը, որ պատրաստուած էր Թ. դասարանին կողմէ: «Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու» երգը ներկայացուցին  Միրիամ Խաչերեանը, Սէրլի Միթիլեանը եւ Մանէ Թորոյեանը:

Յայտագրի վերջին բաժինով ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` մերօրեայ դասարանի մը մէջ, ուր աշակերտները կը փորձեն թարգմանական աշխատանք մը կատարել:

Աշակերտները սրահէն դուրս եկան` ուխտելով  տէրը դառնալ իրենց կտակուած աւանդին` արժանաւոր ժառանգորդները դառնալով թարգմանչաց սերունդին:

Նախորդը

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Անձնակազմի Ընդհանուր Ժողովը

Յաջորդը

Ներսէս Պէրպէրեան` Ուրֆացին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?