Հայ Դատը Քոնկրեսին Մէջ Կայացած Ձեռնարկով Մը Ողջունեց Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Ջանքերը
«ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ» Միսաք Քէլէշեան Ձախէն աջ` Քէյթ Նահապետեան, Միսաք Քէլէշեան, քոնկրեսական Էտ Ռոյս, Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Փախանեանս Քոնկրեսի շէնքին մէջ, անցեալ շաբաթ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկով մը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը առիթ ունեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին, որուն մարդասիրական ջանքերը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հարիւր հազարաւոր հայորդիներու կեանքը փրկեց եւ որոշ չափով մեղմացուց անոնց տառապանքը: Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք...









