Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 4 յունուար 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի հիմնադրութեան 95-ամեակի հանդիսաւոր նշումը` ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, պատկան մարմինին եւ Բերիոյ հայոց թեմի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, հոգեւոր հայրերուն եւ բազմաթիւ խաչուհիներուն:
Օրուան հանդիսավարն էր Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպերեան: Հայերէն բացման խօսքով Անի Կարապետեան-Մուրատեան նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ենք, Ցեղասպանութեան երկունքէն ծնունդ առած եւ ՀՕՄ-ի հաստաբուն կաղնիէն ընձիւղուած Սուրիահայ օգնութեան խաչը քաջօրէն կը գիտակցի, թէ ամեակներու նշումը առիթ է միութեան անցեալն ու ներկան քննարկելով նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար նոր լուծումներ որոնելու:
Արաբերէն բացման խօսքով Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեան յայտնեց, թէ այսօր Հալէպի մէջ յուզումնախառն ապրումներով կը տօնենք միութեան 95-ամեակը, որովհետեւ երկրի տագնապին պատճառով միութիւնը դիմագրաւեց բազում դժուարութիւններ, ունեցաւ կորուստներ, նիւթական ահաւոր վնասներ, սակայն իւրաքանչիւր նահատակի ու կորուստի գօտեպնդուեցաւ վճռակամութեամբ եւ վերանորոգեց ժողովուրդին ծառայելու իր ուխտը, յատկապէս` տագնապի ծանր օրերուն: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Քէշիշեան-Արսլանեան` մեներգելով «Կարմիր վալս»-ն ու Սայաթ Նովայի երգերէն փունջ մը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կարօ Արսլանեանի:
Օրուան բանախօս Աւօ Գաթրճեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի հիմնադրութեան վրայ` սկսելով միութեան կազմաւորման սկիզբէն, հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու ծառայութեան կոչուած ՍՕԽ-ի կազմաւորման եւ տարուէ տարի ծաւալող աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ միութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները` շեշտելով, որ ՍՕԽ-ը սոսկ որբախնամ, բարեսիրական միութիւն մը չեղաւ, այլ դարձաւ հայատիպ օճախ մը: Բանախօսը այնուհետեւ նշեց, թէ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպ քաղաքին վիճակուած տագնապին մէջ միութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց իր ուժերն ու իր մասնաճիւղերու հարիւրաւոր անդամուհիներով նուիրուեցաւ սուրիահայութեան ծառայելու նուիրական գործին: Այնուհետեւ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն, ՍՕԽ-ի Հալէպի ընկերաբժշկական կեդրոնի ծառայողական բազմաթիւ աշխատանքներուն: Եզրափակելով` բանախօսը ըսաւ, թէ ամէն գնահատանքէ վեր է ՍՕԽ-ի ընկերուհիներուն կամաւոր նուիրումը, դիտել տալով, որ յատկապէս Սուրիոյ տագնապալի օրերուն ան կրեց բազում դժուարութիւններ, կորուստներ, նուազեցաւ անդամուհիներուն թիւը, սակայն միշտ պատնէշի վրայ մնաց, հասաւ անկարին, կարիքաւորին ու դարձաւ լոյսի անսպառ աղբիւր:
ՀՕՄ-ի խօսքը ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Է7 Ռէյիսեան, որ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական տարողութեամբ նշման, գնահատեց ՍՕԽ-ի աշխատանքը Սուրիոյ մակարդակով, թէ ՀՕՄ-ի համընդհանուր ծրագիրներու ծիրին մէջ, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն, որոնք ի կատար ածուած են սուրիահայութեան ծանր բեռը մեղմացնելու նպատակով: Ռէյիսեան նշեց, թէ ՀՕՄ-ի ծրագիրները լուսարձակի տակ կ’առնէ ոչ թէ քարոզչական նպատակով, այլ` պարզաբանելու տարուած աշխատանքին տարողութիւնը: Հուսկ Զեփիւռ Է. Ռէյիսեան յայտնեց, թէ այս առիթով ՀՕՄ-ը յատուկ գնահատագրերով կը մեծարէ ՍՕԽ-ի շարքերուն մէջ 50 տարուան ծառայութիւն ունեցող Հալէպի երեք մասնաճիւղերու վաստակաւոր խաչուհիները:
Ապա խօսք առաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեան եւ անդրադարձաւ ՍՕԽ-ի 95-ամեայ նպատակասլաց ծառայութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ խաչուհիներու տքնաջան աշխատանքով ու բարերարներու նիւթական ներդրումով քար առ քար կերտուած ՍՕԽ-ի Հալէպի ընկերաբժշկական կեդրոնն ու անոր յարկին տակ կատարուած բազմաբնոյթ աշխատանքները, յայտնելով, որ թէեւ կեդրոնը հրթիռակոծումներու պատճառով ամայացած ու կիսաքանդ է, սակայն անոր տարբեր սարքերը տեղափոխուած են ազգային տարբեր կառոյցներ, իսկ ՍՕԽ-ի անդամուհիները, որպէս մայրեր եւ արիասիրտ հայուհիներ, առանց ընկրկումի եւ յուսալքութեան կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` հասնելու սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան բազում կարիքներուն: Այնուհետեւ 50 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող 17 վաստակաւոր խաչուհիներ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գնահատագրեր ստացան` ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին եւ ՀՕՄ-ի Կ. վարչութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ առաջնորդին կողմէ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը խորհրդանշող զարդասեղներ զետեղուեցան անոնց կուրծքերուն: Նստավայրի «Նայիրի», «Սեւան» եւ «Անի» մասնաճիւղերու պարգեւատրուող ընկերուհիներն են` Ֆիմի Տէր Յակոբեան, Վերժին Յակոբեան, Ազատուհի Տելիկէօզեան, Մարգրիտ Մելիքեան-Պապիկեան, Սոնա Տեկիրմենճեան-Դերձակեան, Արաքսի Սարգիսեան-Մուրատ, Ժաքլին Պեզճեան-Արթինեան, Հիլտա Չափրազեան-Չաղլասեան, Սիրուն Եագուպեան, Մարի Տունկեան-Զարիկեան, Պերճուհի Նալպանտեան-Գապաքեան, Նուարդ Պալաքեան-Յակոբեան, Վարդուհի Սարգիսեան-Փալանճեան, Հռիփ Սահակեան-Կանանեան, Կիթառիկ Սարգիսեան-Աւընեան, Արփի Շահինեան-Աւընեան, Մարի Մարգէեան-Եահեայեան:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Շահան արք. Սարգիսեան, որ անդրադառնալով ՍՕԽ-ի կեդրոնի քանդումին` շեշտեց, որ գաղափարները քարով եւ քարեղէնով չեն պայմանաւորուիր, այլ` աշխատանքով եւ նուիրումով: Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց ՍՕԽ-ի աշխատանքն ու շնորհաւորեց պարգեւատրուող խաչուհիները: