Ստորեւ կը ներկայացնենք երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի արտասանած Ս. Ծննդեան պատգամը:
«Բայց ես Տիրոջս պիտի նայիմ,
իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ
եւ իմ Աստուածս պիտի լսէ զիս»
(Մք 7.7)
Ամանորի առաջին պարգեւը մեր փրկութեան ուրախաբեր լուրն ու տօնն է: Մարդկութեան խոստացուած Փրկիչին գալստեան` ծնունդին եւ մարդեղացումին իրականացման աւետիսը, որ մեզ կը համախմբէ 2000 տարուան հեռաւորութենէն` նոր արքայի քաղցր ներկայութեան մէջ: Ան կը վերյիշեցնէ Բեթղեհէմի Նորածինին կեդրոնական կարեւորութիւնը մեր փրկութեան` մարդուս հոգեղէն իրականութեան ու յաւիտենական կեանքին հասնելու համար:
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը, ծիսական արարողութիւններէն անդին եւ ընկերային գեղեցիկ խրախճանական հաւաքոյթներէն վեր, իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատի մէջ մարդկային ու աստուածային արժէքներ յայտնաբերող ամենալուրջ իրականութիւնն է:
Աստուածայայտնութեան տօնին աւետարանեան պատմութեամբ մեզի փոխանցուող տեղեկութիւնները կը բացայայտեն հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւններ: Այս պատճառով ալ ամէն տարեսկիզբին, իբրեւ մեկնակէտ, անգամ մը եւս փրկագործութեան բազմիմաստ նշաններէն մէկը յատուկ խորհրդածութեան առանցքը կը դարձնենք` առանց սպառելու:
Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւնը այսօ՛ր եւ հիմա՛, ներկայ իրավիճակէն ու կացութենէն մեկնելով, իբրեւ ոգեղէն ընծայ, մեզի կը բերէ նեղութեանց ու տագնապի մէջ գտնուող մարդոց փորձառութեամբ շահուած ու հաստատուած յոյսին ճշմարտացիութիւնն ու գերազանցութիւնը:
Աստուածաշունչ մատեանը մէկ կողմէ կ՛արձանագրէ Աստուծոյ ծրագիրը` մարդն ու ստեղծագործութիւնը փրկելու, միւս կողմէ, կը ճշդէ այդ ծրագրին` փրկագործութեան իրագործման ընթացքը: Այդ ծրագիրը ինքզինք կը դրսեւորէ ժողովուրդներու մէջ փոքր ցեղի մը հոգեւոր փորձառութեամբ` նահապետներու, արքաներու եւ մարգարէներու ճամբով, որոնք երկնային անձնաւորութեան մը, Տիրոջ կողմէ առաքեալի մը` Օծեալին պատկերը աստիճանաբար կը յայտնաբերեն ու կը տեղադրեն սերունդներու տեսադաշտին վրայ` փոխանցելով անհատական ու հաւաքական հաւատքի գիտակցութեան մէջ Ազատարարին կամ Փրկիչին անհրաժեշտաբար գալու իրականութիւնը: Անհրաժեշտաբար, որովհետեւ երբ մարդ արարածը նայի ինքն իր մէջ, իր անձին ու իր կարողութեանց, յստակօրէն ինքզինք անզօր պիտի գտնէ աշխարհի «զօրաւորներուն» կամ «հզօրներուն» դիմաց, տկար` սեփական ու զինք շրջապատող ընկերային դժուարութիւնները յաղթահարելու, ձերբազատելու կամ ազատագրուելու: Սակայն, երբ նոյն մարդը սպասումով կը նայի Արարիչին, էապէս ու խորապէս կը փոխակերպուին իր կեանքն ու վաւերական կեանքի նպատակը:
Հին Կտակարանը զարմանալի յաճախականութեամբ կը նկարագրէ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին իրենց կեանքին մէջ Աստուծոյ փրկչական միջամտութեան անվերապահ յոյսովը: Ասոնց դիմաց կը ներկայանան «անօրէններու» հսկայ խումբերը, ներկայ ժամանակներու թերահաւատներն ու անհաւատները, որոնք կը մերժեն «վստահ ըլլալ այն բաներուն, որոնց կը յուսանք, եւ` համոզուած ըլլալ այն բաներուն` որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11.1), ուստի տագնապներու ընթացքին վերջինները կ՛ունենան հոգեբանական բեկումներ, անկումներ ու սայթաքութիւններ, աւելի՛ն. անոնք արդարացման փորձեր կը կատարեն եւ հեգնանքի առարկայ կը դարձնեն երկինքէն եկող զօրակցութեան յուսացողներն ու հաւատացողները: Անոնք տրտնջալով հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կրնայ մարդ յուսալ «բանի մը», որուն իրականացումը ժամանակով շա՜տ հեռու ու նոյնիսկ շօշափելի աշխարհին մէջ անկարելի կը թուի ըլլալ: Անոնց տրամաբանութեամբ, նման ակնակալութիւն մը կամ յոյս մը անտրամաբանական «իրականութիւն» կը թուի ըլլալ:
Հին ժամանակներէն սկսեալ մարդկային կեանքին մէջ սովորաբար կը գնահատուին իմաստուն խօսքերն ու գործերը: Երբեմն ո՛չ իրենց ժամանակաշրջանին մէջ կամ ժամանակակիցներուն կողմէ: Պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներով կը հաստատէ այս պարզ իրականութիւնը: Յիշենք մեր Տիրոջ խօսքն ու օրինակը` «իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին» (Յհ 1.11):
Այս տարուան Ս. Ծննդեան յոյսի խորհուրդին առնչութեամբ, իբրեւ հոգեւոր փորձառութեան վկայութիւն, նկատի ունինք մարգարէներուն մէջ «փոքր» կոչուած Միքեայի մարգարէութեան եզրափակող ու հաւատացեալներու ակնկալութիւնները խտացնող յայտարարութիւնը. «Բայց ես Տիրոջս պիտի նայիմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ եւ իմ Աստուածս պիտի լսէ զիս» (Մք 7.7): Արդարեւ, ա՛յս մարգարէն է, որ իր ժողովուրդին թերահաւատութիւնը եւ Աստուծմէ հեռանալու իրողութիւնը ողբով մը խարազանելէ ետք, զանոնք կը հրաւիրէ առ Աստուած վերադարձի` անոնց յայտնելով, թէ Տէրը Փրկիչ մը կը խոստանայ Բեթղեհէմէն, որ, «պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս» (Մք 5.2): Եթէ Տիրոջ գալստեան օրն ու ժամը, ինչպէս մեր Փրկիչը կը յայտարարէ, անորոշ ու անյայտ է (Մր 13.32-37), ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ Միքեա մարգարէն անբացատրելի վստահութեամբ, ինքզինք հեռացնելով թերահաւատներու ամբոխէն, հաւատքի յայտարարութիւն կը կատարէ ըսելով. «Բայց ես Տիրոջս պիտի նայիմ»: Ա՛յս հաւատքն է, որ մեզմէ շա՜տ շատերուն մէջ կը պակսի այսօր: Աստուծոյ` մեր Փրկիչին նկատմամբ պարտուածի եւ կասկածամիտի հոգեբանական հիւանդութիւնն է, որ մեր միտքերուն մէջ մարդկայնօրէն մտածուած տարօրինակ ու յաճախ անհեռատես ծրագիրներ կ՛որոճայ, մեզ շեղելով կեանքի ուղիղ ճանապարհէն եւ ստեղծելով մեր մէջ «իրատես», «քաջածանօթ» ու «գիտուն» կարգադրութիւններ ընողի հոգեվիճակներ:
Վերադառնանք մարգարէութեան եռամասն խօսքի իմաստին: Ան կը գործածէ երեք բայեր` «պիտի նայիմ», «պիտի յուսամ» եւ «պիտի լսէ»: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր գործողութիւն ցոյց տուող բառին դիմաց կ՛արձանագրէ` նայիլ Տիրոջ, յուսալ Աստուծոյ եւ Աստուած պիտի լսէ մեզ: Մարգարէն բարձր աշտարակի մը վրայէն հսկող անձի մը նայուածքով ու կեդրոնացումով կը դիտէ եւ կը սպասէ, կը յուսայ իր Փրկիչին, իր ժողովուրդի ազատագրումին կամ փրկութեան: Ան գիտէ, որ երբ հաւատքով, յարատեւութեամբ ու մշտարթուն աշխատանքով խօսի` աղօթէ, աղերսէ, աղաչէ իր Աստուծոյն, անկասկած իր պաշտած Աստուածը պիտի լսէ, ընդառաջէ եւ կատարէ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է մարդու եւ ժողովուրդի փրկութեան համար:
Սուրիական տագնապի ընթացքին մենք, որպէս համայնք, կը գտնուինք Միքեայի ժամանակաշրջանը եւ մթնոլորտը պատկերացնող իրավիճակի մը մէջ: Քիչեր են անոնք, որոնք կը նային Տիրոջ, կը խոկան Անոր պատգամներուն վրայ, կը փորձեն հասկնալ Փրկիչին ծննդեան` գալստեան խորհուրդը մեր կեանքին մէջ, բայց մանաւանդ կ՛աշխատին Անոր պատգամները իրականացնել իրենց շրջապատին մէջ: Անոնց համար ներկայ տագնապն ու անոր հետեւանքները որքան ալ երկա՜ր թուին ըլլալ, սակայն իրենց յոյսը` Աստուծոյ միջամտութեան ու օգնութեան հաւատքը, հաստատուն կը մնայ սրտերուն մէջ: Անոնք կ՛ապրին ու կը գործեն առանց վհատելու` լաւատեսութեամբ:
Ամէն տարի կրկնուող Փրկիչին Ս. Ծննդեան տօնը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ` էապէս մեր յոյսին նորոգութեան տօնը հանդէպ Անոր, որ եկաւ փրկելու մարդիկը մեղքի ու մահուան գերութենէն: Անոր, որ դարձեալ պիտի գայ արմատապէս փոխելու մարդկային պատմութեան ընթացքը, վերականգնելով ստեղծագործութիւնն ու մարդը` «նոր երկինք մը եւ նոր երկիր մը» (Յյտ. 21.1): Ամէն անգամ հոգեկան բերկրանքի եւ ցնծութեան մէջ կը յայտարարե՞նք մեր կեցուածքը Միքեայի նման` հանդէպ մեր Փրկիչին եւ կը վերանորոգե՞նք մեր կապուածութիւնն ու յանձնառութիւնը Բեթղեհէմի Նորածին Մանուկին ու Իր` մեզի պարգեւած հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ օրէնքով` յաւիտենական կեանքին հանդէպ:
Այսօր անկասկած նեղութեան ու տառապանքի օրերը կը շարունակենք կրել հաւաքաբար, բայց հայկական քրիստոնէական հաւատքի մեր իւրայատուկ ու դարաւոր փորձառութեամբ պիտի նայինք մեր Տիրոջ` ամբողջական ու անվերապահ կեդրոնացումով եւ հաւատքով, Անոր պիտի սպասենք, յուսանք ո՛չ թէ մեր ուզած ժամանակաշրջանին համար, այլ` Իր տնօրինումին ու մեր ազատագրութեան եւ փրկութեան օրուան համար, որովհետեւ խորապէս կը գիտակցինք, որ մեր աղօթքները անպայման լսելի եւ ընդունելի պիտի ըլլան Անոր, որ մեզ սիրեց ու մեզի համար մարմնացաւ: Մենք ազգովին պիտի չդադրինք աղօթելէ, նոյնիսկ երբ չենք գիտեր ինչպէ՛ս աղօթել, սակայն Ս. Հոգին մեզի օգնութեան պիտի հասնի` ո՛չ միայն ճշմարտապէս աղօթել սորվեցնելով, այլեւ` բարեխօսելով Երկնաւոր Հօր ներկայութեան (Հռ 8.26-27): Յոյսով նայինք Փրկիչի ծնունդին` կեանքի աղբիւրին եւ վստահութեան ներշնչումով ապրինք բարութեամբ ու բարեգործութեամբ լեցուն աստուածահաճոյ կեանք մը:
Այսօր, նոր բացուող տարուան սկզբնաւորութեան, մարդկութեան հետ ցնծութեամբ կ՛ողջունենք ծնունդն ու գալուստը Փրկիչին եւ խորապէս կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդի նահատակութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Տիրոջ հետ պիտի վերածնինք, եւ ողջ հայութիւնը արդարութեան իր պայքարը ու պահանջը պիտի ներկայացնէ միասիրտ ու միահոգի, անկոտրում կամքով ու անբեկանելի յոյսով, մինչեւ իրագործումը Աստուծմէ մեր ժողովուրդին տրուած ամբողջական հայրենիքին: Ամէն օր պիտի յիշենք ու պիտի պահանջենք արդարութիւն ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին, այլեւ` իրաւազրկուած մարդկութեան համար: Մենք յոյսի աչքերով նայեցանք ու կը շարունակենք նայիլ մեր «փրկութեան Աստուծոյն», որ պիտի վերականգնէ ու վերադարձնէ մեր ժողովուրդին իր իրաւունքները:
Սուրբ Ծննդեան երջանկաբեր եւ յուսադրող տօնին առիթով, ծնեալ Փրկիչին փառք տալէ ետք, յանուն Բերիոյ հայոց թեմին, մեր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ մշտարթուն ու վերահսկող ներկայութեամբ ո՛չ միայն անվերապահ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ սուրիահայ ժողովուրդին հանդէպ, այլեւ մեզ կ՛առաջնորդէ 100-ամեակի պահանջատիրական մեր երթին մէջ: Վեհափառ հօր կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ բարի ծրագիրներու իրականացում:
Մեր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը կը յայտնենք մեզի գործնապէս զօրակցող բոլոր բարեկամներուն եւ բարերարներուն, սուրիացի տառապող, բայց չյուսահատող ժողովուրդին, նահատակութեան ճանապարհէն անվեհեր քալող սուրիաբնակ հայութեան, քրիստոնէական համայնքներուն ու հայ համայնքապետերուն, Ազգ. իշխանութեան, միութեանց եւ կազմակերպութեանց` զանոնք հրաւիրելով նորոգուած յանձնառութեամբ շարունակելու նուիրական ծառայութիւնը մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակով զսպանակուած միասնակամ մեր պայքարի գոյերթին` հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ: Յիշենք, յիշեցնենք ու պահանջենք մեր իրաւունքները:
Միասնաբար աղօթենք ամբողջ մարդկութեան խաղաղութեան ի խնդիր: Նոր եւ օրհնաբեր տարի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն` մեր ժողովուրդին:
Օրհնութեամբ`
ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ
Տօն Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
6 Յունուար 2015
Հալէպ