Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կարկաչ» Եւ «Այգ» Երգչախումբերը Կը Մասնակցին «Պէյրութ Չանթս» Երաժշտական Փառատօնին

December 20, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1220_gargach

1220ayk

Յաջորդական 6-րդ տարին ըլլալով, շաբաթ, 20  դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան  երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս» փառատօնի ծիրին մէջ պիտի մատուցէ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան համերգ մը, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբը:

Այս առիթով յաջորդական երկու շաբաթավերջեր զոյգ երգչախումբերը պատրաստութեան յաջորդական փորձեր կատարեցին Հայ աւետարանական ՔՉԱԿ-ի մէջ, ուր անցուցին նաեւ ընկերային յիշարժան պահեր: Այս առիթով «ԱՅԳ» երգչախումբին այցելեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան եւ ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը` նիւթ ունենալով «Զոհողութիւն յանուն արուեստի»:

Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան  կիրակի օր տեղի ունենալիք համերգին մասին խօսելով «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ այս տարուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէ տօնական մթնոլորտ ստեղծող  նոր երգացանկ մը, ուր տեղ գրաւած են շարք մը հին եւ նոր խմբերգներ, որոնցմէ ոմանք իբրեւ նորութիւն  պիտի հնչեն առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ուրիշներ արդէն դասականացած  աւանդական սիրուած երգեր են` մշակման նոր եւ իւրայատուկ մօտեցումներով: Հայերէն երգերուն զուգահեռ պիտի կատարուին արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգչախմբային  հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ:

Զաքար Քէշիշեան աւելցուց նաեւ, որ  յաջորդական վեց տարիներէ ի վեր Կեդրոնական Պէյրութի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կայացող «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը նախորդ տարիէն ի վեր ընդգրկուած է Եւրոպական երաժշտական փառատօններու ընկերակցութեան մէջ, որուն շնորհիւ ո՛չ միայն բարձրացած է անոր երաժշտական նշանակութիւնն ու հեղինակութիւնը, այլ նաեւ տեղական մակարդակի վրայ իրենք զիրենք հաստատած արուեստագէտներու եւ երաժշտախումբերու կողքին փառատօնին սկսած են մասնակցիլ որակեալ եւրոպական երգչախումբեր ու մենակատարներ:

Յայտնենք, որ «Պէյրութ Չանթս» փառատօնը սկսած է դեկտեմբեր 1-ին եւ ամէնօրեայ համերգներով կը շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 24: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հետաքրքրուողներ կրնան այցելել www.beirutchants.com կայքը:

 

Նախորդը

Հայկական Հարցը Իր Հունէն Հանելու Եւ Մանրուքի Վերածելու Ապահայկական Փորձ Մը Եւս

Յաջորդը

Լուսադէմի. Հայոց Ընտիր Տղաները Կրկնակի Սրբացած Յանձնուեցան Հայրենի Հողին (Հայ Օդաչուներու Յիշատակին)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.