Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան-Այնճար Նոր Տարուան Գալուստը Աւետող Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր

December 29, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC_0017-copyՆերկայութեամբ  Այնճարի  հոգեւոր հովիւներուն, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ  վարժարանի ծնողներուն եւ հայրենակիցներու հոծ բազմութեան, երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, ժամը 6:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ  Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան տօնական երանգներով եւ Նոր տարուան գալուստը աւետող երգի ու պարի  գեղարուեստական յայտագիրը:

DSC_0063-copyՕրուան հանդիսավարներ` Մեղեդի Կիւտէշեան եւ Զաքար Զաքարեան, խաղաղութեան, արժանավայել կեանք ապրելու եւ մանուկներու փայլուն ժպիտներու ցանկութիւններով ողջունեցին ներկաները եւ բեմ հրաւիրեցին Ա-Բ դասարաններու թռչկոտուն փոքրիկները , որոնք ներկայացուցին «Թռչուններ» պարը, ուր թռչունները կրցան յաղթել զիրենք խաբող օձին:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հանդիսավարները յոյս յայտնեցին,  թէ ոտնակոխ եղած  արդարութիւնը պիտի վերականգնի  յաղթանակի դափնիով, եւ 2015 թուականով պիտի հիւսուի միացեալ հայրենիքի պանծալի դրօշը:

DSC_0110-copyՄեր լեռներու ամրութիւնն ու հայրենիքի շենշող ոգիի արտացոլումը բեմականացուած հրամցուեցաւ Գ-Դ դասարաններու ազգագրական պարով, որուն յաջորդեց Թ-ԺԱ դասարաններուն պարախումբի լատինական պարը:

Նախակրթարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ վարժարանի երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի, հանդիսատեսներուն ներկայացուց ամանորեան երգերու փունջ մը, որ կը բովանդակէր «Երգը կեանք է», «Ամանոր», «Երգում են բոլորը», «Ուրախ երգ» ,«Նոր տարի», «Ես գնացի սարերը» եւ «Քեն աանա թահուն» երգերը: Որոշ երգերու կ՛ընկերակցէին հայկական նազպարի եւ պարային կշռութաւոր շարժումներու կատարումներ:

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ճափոնական դեսպանատան կատարած բարեսիրական ներդրումին վերաբերեալ փաուըր փոյնթի ցուցադրութիւն ապա վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ այդ մասին եւ երախտագիտութիւն յայտնեց:

Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան միջնակարգի եւ երկրորդականի պարախումբերը , որոնք ներկայացուցին յունական , «գնչուական» եւ արաբական տեպքէ պարերը: Հանդիսատեսները ողջունեցին բոլոր այն երկիրները, որոնք կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը քրէականացնեն անոր ժխտումը:

Այսպէս, բեմ ներկայացան վարժարանի 4 պարախումբերը` գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Եւ վերջապէս, Մեղեդի Կիւտէշեան եւ Զաքար Զաքարեան երգի ու պարի խնդուն ու լուսաւոր բարեմաղթութիւններով փակուած յայատարարեցին գեղարուեստական յայտագիրը:

Նախորդը

Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեան Ամոլի . «Հայկական Խճանկար»-ը Թրիփոլիի Մէջ

Յաջորդը

Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը. Եռալեզու Համեմը` Դարչին – Կասիա- Կինամոն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.