Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Ամանորը. Խանդավառ Զոյգ Ձեռնարկներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններու

Յունուար 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1227grdser-amanor-2014Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ Լիբանանի պատանիները միասնաբար դիմաւորեցին Նոր տարին` ընկերային հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտ սփռելով իրենց պատանեկան միութիւններուն, ընկերներուն եւ ընտանիքներուն մէջ: Պատանեկան միութիւններու առանձին Ամանորի խրախճանքներուն զուգահեռ,

Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած ընդհանուր խրախճանքներն ու տօնական առիթներու նախաձեռնութիւնները կը համախմբեն բոլոր միութիւնները` առիթ հանդիսանալով պատանիներուն վերստին հանդիպելու, բաժնեկցելու տօնական մաղթանքներն ու բոցավառելու միութենական աշխատանքներու ոգին:

1227yerets-amanor-2014Այսպէս, շաբաթ, 27 դեկտեմբերի առաւօտեան, 135 կրտսեր պատանիներ համախմբուեցան «Պէյրութ մոլ»-ի մէջ ու խմբակներու բաժնուելով` ամբողջ երկուքուկէս ժամ զբաղեցան «Ատվենչըր ուըրլտ»-ի հաճելի եւ արկածախնդրական խաղերով: Միասնաբար ճաշելէ ետք անոնք առիթը ունեցան դիտելու կախարդական յատուկ ներկայացում մը եւ ապա` դիմաւորելու կաղանդ պապան իր անակնկալներով եւ նուէրներով:

Իսկ երէց պատանիներուն համար Նոր տարուան նշումը ընթրիք ու խրախճանք էր Ժուրթ Պալլութի «Ուատի  Ասմար» ճաշարանին մէջ, ուրբաթ 2 յունուար 2015-ին: Լիբանանի բոլոր պատանեկան միութիւններէն 203 երէց պատանիներ դարձեալ առիթը ունեցան համախմբուելու` այս անգամ եռանդուն մթնոլորտով շնորհաւորելու միութիւններուն եւ ընկերներուն նոր տարին: Երեկոյի ամբողջ տեւողութեան պատանիներուն պարերն ու երգերը ստեղծեցին տօնական խանդավառ մթնոլորտ բոլորին համար. երեկոն իր երգերով ճոխացուց Հրաչ Կայծակեան` ընկերակցութեամբ Րաֆֆի Տօնէրեանի: Պատանիներուն փունջ մը խանդավառ երգեր հրամցուց նաեւ «Կոմիտաս» նուագախումբէն Յովսէփը, որմէ ետք Հրաչ Կայծակեանի յեղափոխական երգերով պատանիները ոգեւորութեամբ լեցուած սկսան Նոր տարին, պատանեկան միութիւններուն աշխատանքները նոյն շունչով շարունակելու վճռակամութեամբ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1965)

Յաջորդը

6 Յունուար – Սուրբ Ծնունդ. Քրիստոնէութեան Հայացման Լուսաւորիչ Աւանդը

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In