«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաթվիան 1 յունուար 2015-էն սկսեալ դարձած է Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահող երկիր: Ռիկայի մէջ այդ կարգավիճակի իրենց առաջնահերթութիւնները կը նկատեն Եւրոպական Միութեան մրցունակութեան բարձրացումը, միասնական եւրոպական շուկայի զարգացումը եւ տեղեկատուական հանրութեան ամրապնդումը:
Լաթվիա, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դարձած է 2004-ին, առաջին անգամն է, որ կը գլխաւորէ խորհուրդը` նախագահութիւնը ստանալով Իտալիայէն:
Լաթվիոյ պարտականութիւններու կատարման համար պատասխանատու պիտի ըլլան նախարարութիւններու աւելի քան հազար աշխատակիցներ:
Լաթվիան մտադիր է նաեւ նպաստել յարաբերութիւններու զարգացման` յետխորհրդային պետութիւններուն հետ` «Արեւելեան գործընկերութիւն»-ի ձեւաչափով:
Լաթվիոյ կէս տարուան նախագահութեան ընթացքին պէտք է կատարուի շուրջ 1500 տարբեր մակարդակի եւ ձեւաչափի ձեռնարկ` Պրիւքսէլի եւ Ռիկայի մէջ: