Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թեհրանն Ու Ուաշինկթընը Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են Իրանեան Հիւլէական Նիւթերը Ուղարկելու Ռուսիա

January 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_Iran-US«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները գոյացուցած են նախնական համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Իրան հիւլէական զէնքի հաւանական ստեղծման համար օգտագործուող նիւթերուն մեծ մասը պիտի ուղարկէ Ռուսիա:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը գրած է, որ Թեհրան իր ունեցած իւրանիոմի պաշարներուն մէկ մասը կրնայ վերամշակման համար ուղարկել Ռուսիա: Սակայն Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ հաստատած լուրը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնած են, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ դեկտեմբերեան բանակցութիւններուն ընթացքին Վեցեակն (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան եւ Գերմանիա) ու Թեհրան առաջին անգամ ըլլալով կրցած են կազմել փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կը խօսուի հարցի լուծման տարբերակներուն մասին:

2013-ի նոյեմբերին կողմերը համաձայնած էին պատրաստել համաձայնագիր մը, որ պիտի երաշխաւորէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի խաղաղ բնոյթը: Ատոր դիմաց Թեհրանին խոստացուած էր չեղեալ յայտարարել նախապէս սահմանուած պատժամիջոցները: Սակայն համաձայնագիրը ժամկէտին չէ ներկայացուած եւ բանակցային հոլովոյթը երկարաձգուած է:

Յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 15 յունուարին` Փարիզի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ դեկտեմբեր ամսուան աւարտին ընդլայնեցին Իրանի դէմ պատժամիջոցները: Մասնաւորաբար ընդլայնուեցաւ իրանեան ընկերութիւններու եւ անհատներու թիւը նախկին պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

Ուաշինկթընի նոր «սեւ ցուցակ»-ին մէջ ներառուած են ինը ընկերութիւններ, որոնց Միացեալ Նահանգներ կը կասկածին Իրանի իշխանութիւններուն սատարելու` Սպիտակ տան տեսակէտով ոչ իրաւաչափ փորձերու, գործողութիւններու համար: Խօսքը մարդու իրաւունքներու խախտման եւ գրաքննութեան մասին է:

Ամերիկեան կողմը յայտարարած էր, որ հակառակ հիւլէական խնդիրներու շուրջ Իրանի հետ շարունակուող բանակցութիւններուն, պիտի շարունակէ պատժամիջոցներ հաստատել:

 

 

Նախորդը

Հանրապետական Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Քրիստոնէական Եկեղեցի Պիտի Կառուցուի

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ Ձերբակալուած Է «Նոյեմբեր 17»-ի Ղեկավարներէն Մէկը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.