Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օսլոյի Համաձայնութիւնը Տապալած Է, Եւ Իսրայէլ Պէտք Է Յաջորդ Հանգրուանին Պատրաստուի» Ըսաւ Լիպըրման

January 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_LiebermanԻսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ եւրոպական երկիրներու մէջ Իսրայէլի դեսպաններուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու եւ անոր յաջորդող քայլերը կը հաստատեն, որ Օսլոյի համաձայնութիւնը տապալած է, իսկ այժմ հարցը այն է, որ «յաջորդ օրը ի՞նչ պիտի ընենք»:

Ըստ անոր, ներկայիս Իսրայէլի առջեւ գլխաւոր ու մեծագոյն մարտահրաւէրները Եւրոպական Միութեան պետութիւններն են եւ ոչ թէ պաղեստինցիներն ու արաբական երկիրները: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի դեսպանները յաւելեալ ջանք պէտք է թափեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ, ո՛չ միայն Իսրայէլի նկատմամբ կեցուածքը փոխելու, ո՛չ միայն որովհետեւ այդ մէկը իսրայէլեան քաղաքական շահերէն կը բխի, այլ նաեւ տնտեսական մեծ շահ մըն է` նկատի ունենալով, որ արեւմտեան եւ Եւրոպական Միութեան շուկան իսրայէլեան ապրանքներու արտածման մեծագոյն շուկան է, զոր պէտք է պահպանել:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվան Շալոմ համոզում յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է ուսումնասիրէ միակողմանի միջոցառումներու որդեգրումը` հակադարձելու համար պաղեստինեան քայլին, որ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած եւ միակողմանի քայլերը արգիլող համաձայնութեան խզում մը կը նկատուի:

Ան աւելցուց, որ պաղեստինցիք նոյն համաձայնութեան հիմամբ կը պահանջեն, որ Իսրայէլ իրենց փոխանցէ տուրքերէ գոյացած գումարներէն իրենց շահաբաժինը:

Նշենք, որ Իսրայէլ 160 միլիոն եւրոյի այդ գումարը սառեցուց` հակադարձելով պաղեստինեան քայլին:

Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ իսրայէլեան այդ քայլը «պատերազմական ոճիր» է` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը իսրայէլեան ճնշումներուն առջեւ տեղի պիտի չտայ:

Օրէյքաթ նշեց, որ Պաղեստին յառաջիկայ մարտ ամսուընէ սկսեալ անդամ պիտի ըլլայ միջազգային քրէական դատարանին:

Նախորդը

Անդրադարձ. Պաղեստինեան Համբերութեան Սպառման Ցուցանիշը

Յաջորդը

Հանրապետական Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Քրիստոնէական Եկեղեցի Պիտի Կառուցուի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.