Թրքական արգիլեալ մարքսական խմբաւորում մը երէկ ստանձնեց յարձակումի փորձի պատասխանատուութիւնը Պոլսոյ մէջ գտնուող Օսմանեան ժամանակաշրջանի պալատի մը դէմ, ուր նախապէս կը գտնուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակը:
Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը յայտնեց, որ իր անդամներէն մէկը 1 յունուարի յետմիջօրէին յարձակում գործած է Պոսփորի վրայ գտնուող պատմական Տոլմապահչէ պալատին մուտքին: Ան երկու ձեռնառումբ նետած է պալատին առջեւ պատուոյ պահակ կանգնած ոստիկաններուն վրայ, սակայն ձեռնառումբերը չեն պայթած: Ան անմիջապէս ձերբակալուած է:
Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը իր կայքին ճամբով յայտնեց. «Զինեալ արարքը գործուեցաւ մեր մարտիկներէն մէկուն կողմէ»:
Տոլմապահչէ պալատը նաեւ այն վայրն է, ուր 1938-ին մահացած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը եւ Պոլսոյ զբօսաշրջային գլխաւոր վայրերէն մէկն է:
Պալատին մէկ բաժինը այցելուներուն առջեւ բաց է, սակայն միւս բաժինին մէջ կը գտնուին ընդունելութեան սենեակներ եւ Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակները:
Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը յայտնեց, որ պալատը յարձակումի թիրախ դարձած է իբրեւ պատասխան մահուանը Պերքին Էլվանի. պատանի ցուցարար մը, որ մայիս-յունիս 2013-ին հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ վիրաւորուելով 269 օր մահաքունի մէջ մնացած էր, ապա մահացած մարտ 2014-ին:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մարդասպանն է: Օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ջարդի հրամանը տուաւ», նշուած է ճակատի հաղորդագրութեան մէջ:
Թրքական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ զինեալը զինուած էր «շատ հին» գնդացիրով մը եւ ատրճանակով մը:
Յիշեցնենք, որ ճակատը փետրուար 2013-ին անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած էր Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դէմ` սպաննելով պահակ մը: