Մաքրոն. «Պաղեստինեան Պետութեան Պայմանաւորեալ Ճանաչումը Բարոյական Պարտաւորութիւն Եւ Քաղաքական Պահանջ Է»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը «պարզապէս բարոյական պարտաւորութիւն չէ, այլ` քաղաքական պահանջ»` նշելով, որ այդ մէկը կատարելու համար կան «կարգ մը պայմաններ»: Մաքրոն Սինկափորի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ եւրոպացիները պէտք է Իսրայէլի նկատմամբ իրենց «հաւաքական դիրքորոշումը կարծրացնեն», «եթէ յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն (Կազայի մէջ) մարդասիրական կացութեան մակարդակին համահունչ պատասխան մը չտայ»: Ֆրանսայի նախագահը նշեց,...




















